Հարթակ

ԱՊԱԳԱՅ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մարդ արարածը իր անհատական եւ հաւաքական կերպարներով եւ իր ծագումէն ի վեր տեւաբար ապրած է, աշխատած ու ստեղծագործած՝ այսպէս կոչուած վասն ապագայի: Այդ փոքր ու մեծ ապագան եղած է անձնական, ընկերային, պետական ու միջազգային ծրագիրներու կատարման առարկան եւ շարժիչ ուժը:

ԳԵՐԱԿՇՌՈՂԸ ՈԳԻՆ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մասին տարբեր առիթներով գրած եմ. գրած եմ դրական շեշտերով, սպասումներով ու յաճախ ալ քննադատելու միտուած մօտեցումով։ Համահայկական վարկով ու ներկայութեամբ ՀԲԸՄ միշտ ալ եղած է իրադարձութիւններու կիզակէտին։

ԿԱՆԱՉ ՃԱՆՃԵՐ

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Տեսարանը միեւնոյնն է.
Ամառ,
Քրտինք
Եւ երեւակայութիւն մը,
Որ հորիզոնէն անդինը 
Տեսնելու անկարող է:

ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «ԽՈԼԵՐԱՅԻ ՄԱՍԻՆ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1904-ին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Անգամ մը կարդացած էի Առակաց գիրքին մէջ, թէ Աստուած վեց բանէ կը զզուի եւ Անոր Հոգիին առջեւ եօթ բաներ պիղծ են. կրնա՞ք յիշեցնել թէ ո՞ր գլուխին մէջ յիշատակուած են այդ բաները եւ որո՞նք են:

ԱՍՏՈՒԱԾ ԳՈ՞Յ Է. ԱՍՏՈՒԱ՞Ծ ՍՏԵՂԾԱԾ Է ՉԱՐԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աստուծոյ գոյութեան մասին շատ խօսուած է, շատ գրուած է, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ վիճաբանութիւններ կատարուած են, եւ մարդիկ միշտ փորձած են շօշափելի փաստարկներ գտնել Աստուծոյ գոյութեան մասին:

ՖՐԱՆՑ ՔԱՖՔԱ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Չեխ ծագումով աւստրացի գրող Ֆրանց Քաֆքա (1883-1924) իր ստեղծագործութիւններուն մէջ անդրադարձած է վախերու, անվճռականութեան, առանձնութեան, աշխատանքային կեանքէ ներս անարժէքութեան զգացումին, ինքնաօտարման, չափէ դուրս հնազանդութեան եւ ժամանակակից մարդոց իրենց միջավայրի հետ շփման բացակայութեան:

«ՄԵԾ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ՝ ՔԱՆԻ ՉԷ ԱՊՐԱԾ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ԱԶԱՏԱՄԻՏ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս այցելած էր Երեւան, ուր իր ներկայութիւնը երաժշտական շրջանակներու հետ ծանօթացման համար առիթ ընձեռեց։ Կեցութեան օրերուն մենք եւս զրուցեցինք Մարալ Այվազին հետ։

Էջեր