Հոգե-մտաւոր

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՐՑԵՐ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իրականին, բարոյական դրութիւնը ունի երկու տեսակ՝ որ համընթաց են. առաջինը՝ այն ի՛նչ որ կը պատուիրենք բայց չկիրարկած բարոյականութիւն, երկրորդը՝ այն ինչ որ կիրարկուած, սակայն ընդհանրապէս չպատուիրուած բարոյականութիւն։

ՄԵԶԻ ԽԵԼՔ ՊԷՏՔ ՉԷ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ծայրայեղութիւնը ունի իր լաւ, սակայն լաւին համազօր ու հաւասար վատ ու վնասակար կողմերը, որովհետեւ ծայրայեղութեան պարագային ո՛չ թէ մարդուն ուղեղը, այլ միայն սիրտն ու զգացումները կը գործեն եւ հետեւաբար առանց ուղեղի կատարուած բանէ մը լաւ բան յուսալը շատ խելքի գործ մը չէ:

«ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՅՔԱ՛Ր Է» Կ՚ԸՍԵՆ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքին որպէս «պայքար» մը՝ կռիւ մը, մաքառում մը կարծող տեսանկիւնէ մը մօտեցողներ, կեանքը «կռիւ» մը կարծողներ կան. բնական է ասիկա, քանի որ կեանքը ապրիլ դիւրին չէ՝ դժուար ընթացք մըն է։

ՀԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐ ԳՈՀԱՐՆԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային կորուստներու կողքին մշակութային ահաւոր կորուստ պատճառեց մեր ժողովուրդին: Աւելի քան դարեր աչքի լոյսի պէս պահուած մշակութային գոհարներ կորսնցուցինք եւ անոնց փառքը միայն պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած մնաց:

ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԶԴԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման ծառայող բնազդներու կարգին կան նաեւ ուրիշ ազդակներ. ընդհանրապէս հռչակաւոր, համբաւաւոր ըլլալ, կամ այդպէս երեւելու ձգտում, որ ի վերջոյ նպատակ ունի անմոռաց՝ անմահ ըլլալ։ Այս ձգտումը իր մէջ կը բովանդակէ՝ կարողութեան գաղափարը, միտումը, ինչպէս նաեւ՝ ինքնահաւանութիւնը եւ մրցակցութիւնը, եւ անշո՛ւշտ՝ նախանձը։

ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆՔ ԿՈՐՍՈՒԵԼՈՒ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջապէս գտայ յոռետես բարեկամ մը, որ ցեղասպանութենէն իսկ առաջ՝ 1904 թուականին կը գուշակէր ապագայ սերունդներու անտարբերութիւնը, սեփական լեզուէն հեռանալն ու կամաց կամաց դէպի կորուստ առաջնորդուիլը:

ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ համաշխարհային վիճակագրութիւն մը պատրաստուի, կրնանք վստահ ըլլալ, որ ապերախտութեան մէջ առաջնութիւնը չենք զիջիր, որովհետեւ աշխարհի վրայ հայէն աւելի բարեդրուժ ազգ կարելի չէ գտնել:

ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ես եմ կենդանի հացը, ով որ այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի. հացը, որ ես պիտի տամ, իմ մարմինս է, զոր ես կու տամ աշխարհի փրկութեան համար». (ՅՈՎՀ. Զ 51)։

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ՍԻՒՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ճիշդ է, որ անձի նկարագիրը եւ մտային կարողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի իր ապագային վրայ, սակայն անուրանալի է նաեւ կրթութեան դերը. կրթական ծրագիրի անկատարութիւնը երկար ժամանակ մեծ վէրք մը եղած է մեր ազգի համար, որովհետեւ դժուարութիւնը ունեցած ենք հասկնալու, որ կրթական ծրագիրը քարացած իրողութիւն մը չէ, այլ մի՛շտ ենթակայ է փոփոխութեանց ու կատարելագործումի:

Էջեր