Հոգե-մտաւոր

ՇԱԲԱԹԱՊԱՀՔ ԵՒ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ պատուիրանները իրենց տեղը կը գրաւեն Բարոյական կեանքի ուղեգծով, որ կապուած է ծիսական կեանքին եւ անով կը սնանի։ Հովուական իշխանութիւններու կողմէ հրահանգուած դրական օրէնքներուն ստիպողական եւ պարտադրիչ հանգամանքը իբրեւ նպատակ ունի հաւատացեալներուն աղօթքի հոգիի եւ բարոյական վաստակին մէջ ապահովելու ի՛նչ որ նուազագոյն անհրաժե՛շտ է Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրոյն աճումին նկատմամբ։

ՉՈՐՍ ՀՈՎԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկութիւնը միշտ հետաքրքրուած է բնութեան զանազան երեւոյթներով, տպաւորուած եւ ուզած է լուծել անոնց խորհուրդները։ Այդ երեւոյթներէն է նաեւ հովը։ Հին ժամանակներէ ի վեր մարդկութիւնը իմաստներ փնտռած է հովերու մէջ եւ ուզած է լուծել հովերու «խորհուրդ»ը։

ԾՐԱԳԻՐ - ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո՜վ իմ Տէրս եւ Աստուածս, պիտի փառաւորեմ քեզ, պիտի օրհներգեմ քու անունդ, որովհետեւ սքանչելի են գործերը որոնք կը կատարես սկիզբէն իսկ պատրաստած քու ճշմարիտ ծրագրիդ համաձայն». (ԵՍ. ԻԵ 1)։

ԽԱԼԻԼ ՃԻՊՐԱՆ ԵՒ «ԿԵԱՆՔԸ»

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ յաճախ կը խօսուի «կեանք»ի մասին, այս անգամ «կեանք»ը կը ներկայացնենք Խալիլ Ճիպրանի գրիչէն՝ թարգմանութեամբ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Գազանճեանի։ Արդարեւ, «կեանք»ը խորհուրդ մըն է՝ առեղծուած մը, որուն մաս կը կազմեն մարդիկ, ապրելով երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ալ անգիտակցաբա՛ր։

ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք», (ՄԱՐԿ. Ե 40)։
Հաւատք կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ։ Արդարեւ, Աստուած երբեք չի լքեր Իր արարածը՝ անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում չի տար, այլ կը պահէ, կը պահպանէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ։

ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատամտութիւն»ը իր ամենալայն առումով կը նշանակէ անկաշկանդ միտք ունենալ, իւրայատուկ սկզբունքներու տէր ըլլալ, ազատօրէն մտածել եւ նախապաշարումներէ, կանխակալութիւններէ զե՛րծ մնալ։
Ազատամտութիւն այս իմաստով մարդս կատարելութեան առաջնորդող ապահով ճամբայ մըն է։ 

ՀԻՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօր գրեթէ ժամանակավրէպ սովորութիւն մըն է «դրամօժիտ»ը՝ որ ներկայ ըմբռնումով ամուսնութեան նուիրականութեան հետ շատ ալ չպատշաճող դրութիւն մը եղած է։ Անշուշտ հարցը եթէ դիտուի տնտեսագիտական աչքով, կրնայ «բանաւոր» տարրեր գտնուիլ այդ դրութեան մէջ, սակայն բարոյական եւ հոգեւոր իմաստով ամուսնութեան հաստատութեան համար «խորթ» եւ անսովոր ըլլալ կը թուի ան։

ՊԱՐԿԵՇՏ ԵՒ ՈՂՋԱՄԻՏ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պարկեշտութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է, որ անոր կ՚ընկերանան նաեւ պատուախնդրութիւնը եւ ողջամտութիւնը։ Այս առաքինութիւնները կը հաստատուին անձերու մէջ տակաւին մանուկ հասակէն իսկ։

ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սէրը՝ ամենաբարձր արժէ՛քն է կեանքին. չէ՞ որ «Աստուած սէր է», (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
Սէրը առաքինութի՛ւն է, եւ ամենէն ազնիւ եւ վե՛հ զգացումը, քանի որ «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ, Յիսուս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլեայի սահմաններէն։ Եւ մինչ գիւղ մը կը մտնէր, իրեն հանդիպեցան տասը բորոտներ, որոնք հեռուն կեցած եւ բարձր ձայնով ըսին.

Էջեր