Հոգե-մտաւոր

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԵ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երէկուան մեր յօդուածը աւարտեցինք կարեւոր հարցով մը. վերյիշելու համար այստեղ դարձեալ կը կրկնենք, որպէսզի խօսինք անոր յառաջացուցած հոգեբանական ու մանկավարժական հարցերուն մասին. «Տեսա՞ծ էք պատանիներ, որոնց երբ հարց տաք, մայրը կը պատասխանէ»:

ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Զոհողութիւնը՝ իր ամենապարզ մեկնութեամբ, մարդուն իրմէ, իր ունեցածը կամ ունեցածէն մէկ մասը սիրայօժար ուրիշի մը տալու պատրաստակամութիւն մըն է։ Այս իմաստով, զոհողութիւնը, ուրիշի մը ի նպաստ կամաւոր զրկանք մըն է։

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԴ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը տեսնենք, որ մեր ծնողներուն մօտ գոյութիւն ունի «մի՛» հրամայական եղանակը, ինչ որ դաստիարակութեան մաս դարձնել կը փորձեն, սակայն մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ զաւակը այդ «մի՛»երէն աւելի ծնողքին ապրած օրինակը կ՚ընդօրինակէ. մեր զաւակները այսպէս կամ այնպէս մեր փոքր տարբերակն են, որովհետեւ իրենց լսածներէն աւելի իրենց տեսածները որպէս օրինակ կը վերցնեն:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուածային բոլոր ստորոգելիներէն միայն Աստուծոյ Ամենակալութիւնը յիշուած է «Հաւատոյ Հանգանակ»ին՝ Հաւատամքին մէջ։ Մենք կը հաւատանք, թէ ամենակալութիւնը համընդհանուր է, որովհետեւ Աստուած, որ ամէն ինչի ստեղծիչն է, ամէն ինչ կը կառավարէ եւ ամէն բանի կարող է. սիրող ամենակալութիւն է, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է. խորհրդաւոր ամենակալութիւն է, որովհետեւ միայն հաւատքը կրնայ տեսնել զայն. «երբ ան կը կատարուի մեր տկարութեան մէջ». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9)։

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԳ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ծնողք-զաւակ յարաբերութեան ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը կը նկատենք զաւակին տաղանդը յայտնաբերելու կարեւորութիւնը։ Այսօրուան մանուկը, բացայայտ թէ ծածուկ, ակամայ ձեւով երեւան կը հանէ իր նախասիրութիւնները եւ շատ անգամ փոքր տարիքէն մշակուած տաղանդ մը կրնայ մեծապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ անոնց ապագայ կեանքին վրայ.

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բոլոր մարդիկը պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն մէջ, որոնք կը հային Աստուծոյ եւ Եկեղեւոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Այս պարտականութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդոց բնութենէն:

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԲ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ծնողք եւ զաւակ յարաբերութեան միւս հիմնական ու կարեւոր մէկ երեւոյթը հաւասարութիւնն է, որովհետեւ հաւասարութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիքի սիրոյ եւ յարգանքի մէջ վճռորոշ դեր կը խաղայ. հաւասարութիւնը տան անդամներուն մօտ գնահատուած ըլլալու զգացում կու տայ, ինչ որ կարեւոր է մանաւանդ զաւակներու զարգացման մէջ: 

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԱ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դաստիարակութեան մէջ խստութեան տեղը մենք եւս կը կարեւորենք, սակայն խստութիւն չի նշանակեր ֆիզիքական պատիժներ. նախ եւ առաջ մանուկը պէտք է իր մանկութեան ժամանակ հասկնայ, որ կեանքի մէջ իր բոլոր ուզածները իրականութիւն չեն դառնար՝ նոյնիսկ եթէ հարուստ ընտանիքի մը զաւակը ըլլայ. նիւթապէս ինչքան ալ հարուստ ըլլայ մարդ՝ միշտ չի յաջողիր իր երազները իրականութիւն դարձնել:

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ժ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ընդհանուր ձեւով խօսեցանք հին ժամանակ մարդոց ընտանեկան կառոյցին մասին ունեցած համոզումներուն եւ այդտեղ տեղ գտած արժէքներուն մասին եւ կամաց կամաց հասանք մինչեւ մեր օրերը. Սակայն, հիմա ընդհանուրէն դուրս գալով պիտի սկսինք շօշափել որոշ հարցեր, որոնք տեղ կը գտնեն մեր ընտանեկան կառոյցներէն ներս: 

ԱՐԵՒԻՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արեւը անխափան եւ անխախտ տեւականութեամբ մը, ամէն օր անշեղ կերպով կը ծագի եւ մայրը կը մտնէ՝ արեւմտեան հորիզոնին մէջ կը ծածկուի։ Եւ այս երեւոյթը աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր կը կրկնուի եւ պիտի կրկնուի մինչեւ աշխարհի վախճանը։

Էջեր