ՍԷՐ՝ ՈՐ ԿՈՅՐ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՏԵՍՆԷ՛
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի տարբերութիւն կամաւոր կուրութեան, շատ աւելի վտանգաւոր ու կործանիչ է անգիտակից կուրութիւնը. այս երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը այն է, որ մէկը աւելի կառավարուող ու վերահսկման ենթակայ է՝ քան միւսը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի տարբերութիւն կամաւոր կուրութեան, շատ աւելի վտանգաւոր ու կործանիչ է անգիտակից կուրութիւնը. այս երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը այն է, որ մէկը աւելի կառավարուող ու վերահսկման ենթակայ է՝ քան միւսը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծառայել՝ մեծութեան նշան է. մեծ չէ՛ այն՝ որ ծառայութիւն կ՚ընդունի, այլ մե՛ծ է այն՝ որ կը ծառայէ մաքուր շարժառիթով եւ անշահախնդիր ոգիով։ Արդարեւ, Շէլըր կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն մարդ իր արժանիքը իր իսկ ձեռքովը կը դրոշմէ իր նկարագրին վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ երբեւէ լսած էք «սէրը կոյր է» արտայայտութիւնը, ապա անհրաժեշտ է գիտնալ, որ ան ունի աւելի քան 600 տարուան հնութիւն. մարդկութիւնը այս արտայայտութեան առաջին անգամ հանդիպած է անգլիացի գրող եւ բանաստեղծ Ճոֆըրի Չոսերի «Քենթըրպըրիի պատմութիւններ» աշխատութեան «Առեւտրականի հեքիաթը» բաժնին մէջ, որ գրուած է մօտաւորապէս 1387-1400 թուականներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն ուղարկած նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք. հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով եւ աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ». (ՓԻԼԻՊ. Դ 6)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լսած էինք, որ կեանքը արդար չէ՛, սակայն, այսքան չէինք պատկերացներ:
Դժբախտութիւն ունինք դժբախտաբար ըսելու, սակայն, մեզ մեծցուցին այն թիւր ըմբռնումով ու հաւատքով, որ քրտնաջան աշխատանքը միշտ կու տայ իր դրական արդիւնքը, որովհետեւ վերջապէս Աւետարանը ի՛նք կ՚ըսէր, թէ մշակը արժանի է իր վարձքին. սակայն, ճշմարտութիւնը թշնամին է այդ իտէալական գաղափարին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հեշտամահութիւն՝ «euthanasie», ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային նկարագիրը տարօրինակ առեղծուած մըն է, որ դարեր շարունակ եղած է ուսումնասիրութեան առարկայ եւ կը շարունակէ ըլլալ եւ այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի մարդ արարածը՝ այդ որոնումը վերջ պիտի չունենայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նարեկի բժշկական զօրութիւնը ակներեւ է, քանի որ կան բազմաթիւ վկայութիւններ այս մասին։ Բայց հարցը սա է, որ հրաշքի համար հաւատքը անհրաժեշտ է, արդարեւ առանց հաւատքի հրաշք սպասել, բժշկութիւն ստանալ կարելի չէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր վերջին յօդուածին վերջաւորութեան գրած էինք, որ մանկութենէ արդէն իսկ պիտի անցնինք պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան, սակայն, կ՚որոշենք այստեղ վերջ դնել «Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւն» յօդուածաշարքին՝ հաւատալով, որ դաստիարակութեան մէջ հիմնական բաժինն ու հիմքը մանկութիւնն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբուխ արարք մըն է՝ որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն «խօսք» է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ «երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով եւ փառաբանելով»։