Հոգե-մտաւոր

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՉՈՒՆԻՆՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2024 թուականը հռչակեց «Մարդուժի պատրաստութեան տարի». նոյն մարդուժի պատրաստութեան գծով մեր օրաթերթի մէջ մի քանի օրեր առաջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային կեդրոն» խորագրով. այլ խօսքով կը տեսնենք, թէ երկու Աթոռները իրենց գործունէութեան հիմնական մէկ մասը կ՚ուզեն դարձնել «մարդուժի պատրաստութիւն»ը:

ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ԽԱԲԷԱԿԱՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սովորական է յաճախ լսել սա խօսքերը. «Պէ՛տք է ճշմարտութիւնը յայտնես, ճշմարտախօս ըլլաս», եւ կամ, «Ստախօսութիւնը վատ բան մըն է, սուտ մի՛ խօսիր»։ Եւ ամէն բարոյագիտական եւ կրօնական դրութիւններ, պատուէրներ կու տան սուտ չխօսելու մասին։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ ԵՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆԵԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեւակայել եւ տրամաբանել՝ ահաւասիկ երկու մարդկային կարողութիւններ։ Աստուած մարդուն տուած է զանազան կարողութիւններ, որոնց գլխաւորներն են երեւակայելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնները։

ԴՊՐՈՑԸ ՁՈՒԼԱՐԱՆՆ Է ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեծ մտաւորական ու բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան 24 ապրիլ 1915 թուականին 31 տարեկան էր, սակայն հակառակ իր երիտասարդ տարիքին թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ թուրք պետութեան մօտ յաջողած էր ձեռք բերել մեծ մտաւորականի մը համբաւ՝ ըլլալով բանաստեղծ, յօդուածագիր, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն ու խմբագիր:

Էջեր