ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի վերջին Կիրակի օրը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակին։
Ծաղկազարդի օրը՝ Յիսուս Քրիստոսի տանջանքներուն եւ տառապանքներուն շաբաթուան սկիզբն է, որ Ան կրեց, Իր վրայ առնելով մարդկութեան ամբողջ մեղքերը։
Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի մասին կը վկայեն չորս աւետարաններ։