ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երախտագիտութիւնը մարդկային ազնիւ զգացում մըն է՝ որուն միջոցով բարեկամական կապեր իմաստ կը ստանան, եւ մարդկային յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ հետզհետէ կը զարգանան։ Արդարեւ, երախտագիտութիւնը սերտօրէն կապուած է մարդուս նկարագրին հետ, այնպէս որ արժանապատուութեան գիտակցութեան ստուգանիշը կարելի է համարել զայն։