ՋՈՒՐԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ ԳՏՆԵԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ջուրը մարդուս կեանքին համար անհրաժեշտ տարր մըն է։ Արդարեւ, մարդկային մարմնին բաղադրիչներուն մէջ կարեւոր եւ բարձր համեմատութեամբ տեղ կը գրաւէ ջուրը։ Մարդ իր էութիւնը պահելու եւ կարենալ տեւականացնելու համար ջուրի պէտքը ունի եւ ինչպէս բոլոր կենդանի էակները։