ՇԱՏ ԳԻՏՑՈՂԸ ՇԱՏ ԿԸ ՍԽԱԼԻ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի առած մըն է՝ «շատ գիտցողը շատ կը սխալի՛»։ Ժողովրդական այս հասարակաց իմաստութեան արտայայտութիւնը, իրականին ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ արդեօք։ Սա յստակ է, թէ նպատակը գիտութիւնը եւ գիտունը վարկաբեկել չէ՛, քանի որ իմաստութիւնը միշտ կը գնահատէ գիտութիւնը եւ գիտունը։