Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի, իր «Ոսկեփորիկ» գիրքին մէջ, կը պատասխանէ «անհաւատ»ներու հարցումները, մանաւանդ անոնց՝ որ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս միայն «սուրբ մարդ» էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի, իր «Ոսկեփորիկ» գիրքին մէջ, կը պատասխանէ «անհաւատ»ներու հարցումները, մանաւանդ անոնց՝ որ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս միայն «սուրբ մարդ» էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը խորհուրդ մըն է՝ ունի հաճելի սկիզբ մը եւ վշտալի վախճան մը։ Կեանքը միջոց մըն է՝ ժամանակաշրջան մը, եւ քանի որ ան ժամանակաշրջան մըն է, բնական է որ ունենայ սկզբնակէտ մը եւ վերջակէտ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սրամտութիւն»ը բարեմասնութիւն մըն է, որուն տառացի նշանակութիւնն է՝ ուշիմութիւն։ Իսկ ուշիմութիւնը, ընդհանրապէս կ՚ենթադրէ՝ մտային ճկունութիւն, պարագաներուն յարմարութիւն ցոյց տալ, համակերպիլ՝ ճարպիկ ըլլալ, եւ հարց մը, առանց խուճապի մատնուելու, նուազագոյն շփոթութեամբ եւ արագ ու շիտակ կերպով լուծելու կարողութիւն ունենալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս կը գանգատին զանազան հարցերէ եւ լուծումներ կը փնտռեն, բայց չեն խորհիր, թէ՝ ո՛չ թէ պատահածները կամ դէպքերը հարցեր կը ստեղծեն, այլ նոյն ի՛նքը՝ կեանքը արդէն հարց մըն է։ Եւ դարձեալ կ՚ըսուի, թէ «կեանքը պայքա՛ր մը՝ մարտ մըն է»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ամէն առիթով կը խօսին «բարի»ին եւ «բարիք»ի մասին։ Բարի ըլլալու, բարիք գործելու հեռանկարը հաստատուած է բոլորին մէջ մանկութեան շրջանէն ի վեր. տունը ծնողքը կը պատուիրէ տղուն՝ բարի՛ ըլլալ, դպրոցը, դաստիարակը եւս կը հրամայէ աշակերտին «բարի» ըլլալ, կեանքի մէջ ալ միշտ կը գնահատուին «բարի» մարդիկ եւ անոնց «բարիք»ները կը խօսուին ամէնուրեք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (ՄԱՏԹ. Դ 4)։
Տեսնել մէկը՝ որ անօթի է, անտարբերութեամբ եւ անհոգութեամբ անցնիլ ու երթա՞լ, թէ հոգածութիւն ցոյց տալ, կարելին ընել, մինչեւ իսկ իր ունեցածէն բաժին հանել անոր, որպէսզի անօթի չմնայ ան, գոնէ միջոցի մը համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ պէ՛տք է մարդ հաւատայ հասնկալու համար, եւ պէ՛տք է հասկնայ հաւատալու համար։ Արդարեւ, յաճախ խորհրդածութեան առարկայ է եղած սա, թէ՝ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ հակասութիւն մը գոյութին ունի՞, թէ ո՛չ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մշակոյթ»՝ տառացիօրէն կը նշանակէ՝ զարգացում, կիրթ մտքի եւ սրտի ստեղծագործած քաղաքակրթութիւն։
Արդարեւ, մշակոյթը, իր ամենալայն առումով, կը նշանակէ՝ ժողովուրդի մը մտային եւ զգայական արժէքներուն ամբողջութիւնը, ուրիշ խօսքով մտային եւ հոգեկան ընդհանուր կալուածը՝ հարստութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որուն յիշատակը կը տօնուի որպէս հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը, Իր Աստուածային Բնութեան հաւաստո՛ւմն է։ Լերան վրայ պայծառակերպուեցաւ, եւ աշակերտները՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց հասկացողութեան եւ կարողութեան չափով հիացմամբ դիտեցին Յիսուսի փառքը՝ Քրիստոս Աստուծո՛յ փառքը, որպէսզի երբ օր մը զԻնք խաչուած տեսնեն, հասկնան թէ Իր չարչարանքները կամաւոր էին եւ աշխարհին աւետեն, թէ Ան Հօր Աստուծոյ իսկական ճառագայթո՛ւմն է։ Եւ տեսնեն, թէ՝ Աստուած «լո՛յս» է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը կարողութիւն մըն է, որ մարդ գործելու կամ չգործելու, ընելու կամ չընելու, մէկ խօսքով՝ ինքնակամ շարժելու առիթը կ՚ունենայ։ Այս իմաստով, մարդկային ազատութիւնը՝ արարքներու բնորոշի՛չն է։