ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՈՉՈՒՄԻ ՏԻՊԱՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախորդ խորհրդածութիւններուն մէջ անդրադարձանք ճշմարիտ կոչումի զգացումին, եւ ըսինք թէ՝ «կոչումի զգացում»ը պէտք չէ՛ շփոթել պահանջքով, ստիպողական կամ հարկադրական պայմաններով կատարուած ծառայութեան փոփոխութիւններու՝ որոնք ընդհանրապէս կը հասկցուին որպէս «ասպարէզի փոփոխութիւն»՝ աւելի լաւ դիրք մը ունենալու, աւելի լաւ եւ դիւրին ապրելու համար։