ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գլխաւոր մոլութիւն մըն է ագահութիւնը՝ որ ծնունդ կու տայ ուրիշ մեղքերու, այլ մոլութիւններու։ Ուստի ագահութիւնը մայրն է շատ մեղքերու, մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու։ Ագահութեան ախտով մարդիկ կը վերածուին աւելի եւս եսամոլ, անձնասէր եւ ինքնակեդրոն։