ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ - Ա -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կ՚անդրադառնանք՝ դպրաց դասերը, եկեղեցական կեանքին գործօնութեան, կենսունակութեան, աշխոյժ կերպով ընթացք գտնելու գործին՝ ժողովուրդին նկատմամբ օգտակար հանդիսանալու պատասխանատուութեան մէջ կարեւոր եւ անհրաժեշտ դեր մը կը խաղան։ Դպրաց դասերը, այս իմաստով անբաժան տա՛րրն են եկեղեցական կեանքին, արարողութիւններու, ծէսերու կատարման եւ իրականացման։