ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ. ՎԱՂԸ՝ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի նուիրականութիւններուն, խղճի ու կրօնի ազատութիւններուն դէմ բիրտ ոտնձգութիւն, որ ծնունդ կու տայ համատարած մտահոգութեան եւ արդար ընդվզումի. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շինծու մեղադրանքով դատարանի առջեւ։ Քաղաքական տխուր պատուէր։ Դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ ներկայացնելով հրաժարեցաւ գործը քննելէ, սակայն, քրէական ապօրինի վարոյթը պիտի շարունակուի։ Վաղարշապատի փողոցներուն մէջ, ի զօրակցութիւն վեհափառ հայրապետին՝ յաղթական հնչեցին «էջ միածինն ի հօրէ» շարականն ու կոմիտասի անժամանցելի հայրապետական մաղթանքը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր օրերուն իշխանութիւններու եւ իշխանական կառոյցներու կողմէ քայլեր կը ձեռնարկուին եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը վնասելու, ինքնավարութիւնը սահմանափակելու եւ եկեղեցին իրենց կամքին հպատակեցնելու համար։ Ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ մեր Սուրբ Եկեղեցին ու հոգեւորականները իշխանութիւններու կողմէ կ՚ենթարկուին հետապնդումներու: Ապօրինի եւ շինծու քրէական գործերով կալանք եւ ազատութեան սահմանափակումներ կիրառուած են շարք մը եկեղեցականներու, ազգային բարերարի եւ ազգանուէր ու եկեղեցասէր այլ անձերու դէմ»։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան միասնական աղօթքի ընթացքին հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ