Թրքահայ կեանք

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին արժեւորուեցաւ Կիպրոսի՝ այժմ արդէն փակուած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄԿՀ) հիմնադրութեան 100-րդ տարին։ Սա յուզումնախառն դարադարձ մըն էր՝ քանի վարժարանը վաղուց գոյութիւն չունի։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԸ՝ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Ամենայն Սրբոց տօնը։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ռոպէր Տողանայի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐ ԴԻՒԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պոլսահայ սանուց միութեանց համատեղ յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս հաղորդած էինք՝ միջմիութենական համատեղ յանձնախումբը վերջերս ձեւաւորած է նոր դիւան մը։

ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ

29 Հոկտեմբերի առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւններուն՝ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ:
Նորին Ամենապատուութիւնը Պեշթեփէի համալիրէն ներս ներկայ գտնուեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ընթրիք եւ համերգին. երեկոյթի հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները:

ԱՆՇՐՋԱՆՑԵԼԻ…

Հայ դպրոցի սփիւռքէ ներս դիմագրաւած ահազանգային վիճակին տեսակէտէ յատկանշական յոբելեան:
Յուզումնախառն դարադարձ. Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 100-ամեակը պիտի նշուի Պոլսոյ մէջ:

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները: Թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան աւանդական հանգանակութեան ընդառաջ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին լուսաբանել հանրային կարծիքը:

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Շուրջ շաբթուան մը տեւողութեամբ դպրոցէն ներս տիրեց բարձր տրամադրութիւն։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎՐԺ.Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները։ Այսպէս, դպրոցի քսանչորս սաներէն բաղկացեալ խումբին ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց մեր աշխատանքային յարկին ներքեւ։

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԲՆՈՅԹ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Քրիստոնէից միութիւնը չի կրնար ոեւէ մէկուն դէմ ըլլալ, այլ՝ միայն ի Քրիստոս»:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը խաղաղութեան ուղղեալ դրական պատգամներով հանդէս եկաւ՝ Իտալիոյ մէջ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի հովանաւորութեամբ Ս. Էճիտիօ միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած համաքրիստոնէական հաւաքի ընթացքին:

Էջեր