Թրքահայ կեանք

ԳԷՈՐԳ ԵՒ ԼԻԶԱ ՊԵՏԻԿԵԱՆ ԱՄՈԼԸ ՄԵՐ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանը, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ իր կողակցին՝ Լիզա Պետիկեանի հետ։ Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեան ամոլը յառաջիկայ օրերուն պիտի միանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն զբօսաշրջիկներու խումբի մը, որ շրջագայութիւն մը պիտի իրականացնեն դէպի Անատոլու՝ տեսնելու համար երբեմնի հայաբնակ գաւառները։

ԹԷԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ, ՍԱԿԱՅՆ, ԲԱՑԱՌԻԿ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ դէպի Վան կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Ուխտագնացութիւնը թէեւ հերթական էր, սակայն, առանձնացաւ իր մթնոլորտով եւ այդ առումով դարձաւ իսկապէս բացառիկ։

ՄԱՀ՝ ՏԻԱՆԱ ԱԼԹՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթուն կնքած է իր մահկանացուն։ Երէկ, բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքային շրջանակներէն ներս, որոնք բառին բուն իմաստով խոր սուգի մատնուեցան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան։

«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԱՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Աւանդական» պարախումբը, որ կը գործէ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի մականին ներքեւ, այս ամառ բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։

ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան արդէն քաղաքիս մէջ է։ Իրեն կ՚ընկերանայ թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան։

Էջեր