ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ, երէկ, Գնալը կղզիի մէջ սկսաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը, որ կը գլխաւորէր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Ռաֆֆի Քայքը։ Փառատօնը կազմակերպուեցաւ Ներսէսեան դպրաց դասու, Կազդուրման կայանի եւ Շիշլի մարզակումբի համագործակցութեամբ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Վարդավառի տօնը երէկ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Գնալը կղզիի բարձունքին ժողովուրդը համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։
Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքը օժտուեցաւ նոր եպիսկոպոսով մը՝ յանձինն Մոնս. Սապրի Անարի, որուն ձեռնադրութեան արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Քաղդէացի Կաթոլիկներու Պատրիարք Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Իսթանպուլէն տասն հոգիէ բաղկացեալ երիտասարդներու խումբ մը յուլիսի 5-10 թուականներուն միջեւ մասնակցեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորումի (ՀԵՀԵՄ) համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Աղվերան քաղաքին մէջ:
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետը կը մեկնի Երեւան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած էր այս ընդունելութիւնը՝ 14 Յուլիսի ընդառաջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու երկրորդը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ զգայնութիւն պատգամեց՝ կրօններու սրբութիւններու նկատմամբ անհրաժեշտ յարգանքի դրսեւորման համար։