Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

Գարակէօզեան տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերը շաբաթավերջին համայնքային կեանքէ ներս արժանացան անմիջական ուշադրութեան: Միջմիութենական այս ձեռնարկը 14-րդն էր իր նմաններու շարքին:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

Կղզեաց քաղաքապետարանը շաբաթավերջին կազմակերպեց «Միմոզա» փառատօնը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Նկատի ունենալով, որ Իշխանաց կղզիները երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու խտացած շրջաններէն մին են՝ այս փառատօնը արժանացաւ նաեւ փոքրամասնական համայնքներու ուշադրութեան: 

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը՝ անդրադառնալով Մեծ պահոց շրջանի Տնտեսի կիրակիին:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդ արարածը յաճախ կը մտածէ, թէ ինք ո՛չ մէկուն հաշուետու է, ինքն իր տէրն է, իր որոշումներուն եւ արարքներուն պատասխանատուն: Նման մտածում մը, բնականաբար, աշխարհիկ է եւ այն մարդիկ այսպէս կը մտածեն, որ հոգիներու անմահութեան եւ հանդերձեալ կեանքին չեն հաւատար:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Ես հայ ազգն եմ ներկայացնում», ըսաւ մարդ մը Հայաստանի տարբեր մարզերուն, գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ շրջող, մարդոց հետ շփումներ ունեցող, զանոնք շատ յաճախ նկարող եւ ըստ յարմարութեան՝ հրապարակող մեր վարչապետին:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհ կը խօսի քաղաքակրթութեան, օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց մասին, բայց, ստուերներու տակ միշտ գոյութիւն ունին այնպիսի դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն մեզի, թէ իշխանութիւնը երբ կը միանայ անպատժելիութեան հետ եւ այդ անպատժելիութեան դիմակի տակ ինչպէս կը ծնին հրէշներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցին՝ Քրիստոսի հաւատացող անձերու ժողովն է՝ որ աստուածային շնորհքները ստանալով եւ այդ շնորհքներով օժտուած եկեղեցւոյ պաշտօնեաներու ձեռքով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական բանձր գաղափարներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այլեւ ո՛չ պետական գործիչները ամօթ կը զգան եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը իր թմբիրէն դուրս գալ կ՚ուզէ։ Նախընտրական շրջան է եւ, ահաւասիկ, դարձեալ հազար ու մէջ իրականութիւն չդառնալու դատապարտուած խոստումներ ու յոյսեր կը տրուին։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Այգուն Պուտաք պատրաստած է կարճաժամկէտ ժապաւէն մը, որ կը կոչուի «Balık Pazarı’nda Bir Ev»: Այգուն Պուտաքի այս գործը իսկապէս եզակի է:

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յովհաննէս Աւետարանին 9-րդ գլուխին 35-41 համարներուն մէջ հոգիի կուրութեան մասին գրուած է: Տէր Յիսուս այսպէս կ՚ըսէ. «Դատաստանի համար եկայ այս աշխարհ, որպէսզի անոնք որոնք չեն տեսներ՝ տեսնեն, եւ որոնք կը տեսնեն՝ կուրնան» (Յհ 9.39):

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Լեցուր ժամանակդ», զայն կրնանք համարել փիլիսոփայական ու խոր: Մարդկային ժամանակը եթէ գոյութիւն ունի նոյն մարդկային զգացողութեան սահմանումով, այդ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար ըլլալ տիեզերական, քանի նախ մարդով կը բանի, իսկ մարդով բանելու բանաձեւն ու գոյականութիւնը ժամանակին՝ նոյն այդ ժամանակի այսպէս ըսած՝ լեցնելն է:

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ունին ռազմական գերազանցութիւն, իսկ Իրանի ղեկավարութիւնը պատրաստ է բարձր գին վճարելու գոյատեւման համար:
Ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը պատած պատերազմի հաւանական ելքերուն տեսակէտէ որոշիչ դեր պիտի խաղայ դիմադրունակութեան գործօնը, ինչ որ պայմանաւորուած է ուժերու անհամաչափութեամբ:

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յովհաննէս վրդ. Թորոսեան, աւազանի անունով Թորոս, ծնած է 28 յունուար 1864-ին (ոմանք 1960 կու տան Թորոսեանի ծննդեան թուականը), Պարտիզակ: Հայ հոգեւորական, Վենետիկի Մխիթարաեան միաբանութեան անդամ, բանասէր, պատմաբան, խմբագիր ու թարգմանիչ:

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Նոյնպէս ալ դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ մենք անպիտան ծառաներ ենք։ Քանզի ի՛նչ որ պարտաւոր էինք՝ ըրինք». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 10)։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրենադարձութիւնը ազգի մը զօրութեան ամենէն կարեւոր ազդակն է, որովհետեւ երբ քով քովի կու գաս, ուժ կը դառնաս՝ բնականաբար կը զօրանաս: Հայրենադարձութեամբ պետութիւնը շատ աւելի մեծ հարկեր գանձելով կրնար բանակը զօրացնել, կրնար զէնք, զինամթերք աւելցնել, սակայն, թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ իշխանութեան հետ այդ մէկը կատարելը անկարելի էր, որովհետեւ անոնք ազգը հարստացնելու փոխարէն իրենք զիրենք կը հարստացնէին։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները՝ մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Պատերազմ է եւ հայր Բարսեղին թաղումը…
Տխուր էր, շա՜տ տխուր…
Տասնամեակներ… Ամբողջ կեանք մը եկեղեցիին նուիրած հայր Բարեղը արագ-արագ պիտի թաղուէր… Ի՛նչ կրնայինք ընել՝ պատերազմ է…

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026

Երէկ, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդ իր հոգեւոր կեանքի մէջ ելեւէջներ կ՚ունենայ, կը յաղթահարէ փորձութիւններ եւ երբեմն ալ կը պարտուի այդ փորձութիւններէն: Այս բոլորը բնական երեւոյթներ են մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Այս բոլորին մէջ հոգեւոր մարդը միշտ Աստուծոյ օգնութեան կը դիմէ ու կ՚ապաւինի, համոզուած ըլլալով, որ առանց Աստուծոյ օգնութեան ու առաջնորդութեան չի՛ կրնար յաղթահարել ոչինչ:

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը վճիռ մը արձակեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետին մասին:
Փոփոխութեան ենթարկուած խափանման միջոցով՝ Տ. Արշակ արք. Խաչատրեան անյապաղ ազատ արձակուեցաւ բանտէն:

Էջեր