Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Տաւուշի մարզէն սահմանակից չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու ուղղեալ որոշումը Հայաստանի մէջ մեծ պոռթկում յառաջացուցած է։ Հասարակութեան լայն խաւերը իշխանութիւններու կողմէ առնուած այս որոշման դէմ բողոքի ալիք կը բարձրացնեն՝ մինչ յիշեալ գիւղերու բնակիչները կը շարունակեն ճանապարհներ փակել։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սպանիոյ Փալմա քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանի նախագահներու հաւաքին։ Հայաստան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ այս հարթակին, որու նպատակն է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներու հարթակ մը ձեւաւորել։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ուղեւորութեան Անգարայի պաշտօնական փուլի սկսելէն առաջ, երէկ, Շթայնմայէր շփումներ ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան այցելեց Սիրքեճիի պատմական կայարանը, ուր շրջայց մը կատարեց՝ պատմաբան փրոֆ. Իլպէր Օրթայլըի ուղեկցութեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանի Արագածոտնի թեմի Ուշի համայնքի Սուրբ Սարգիս վանական համալիրը, ուր ամբողջական վերականգնման աշխատանքներ կ՚իրականացուին։ Վարդանեան եւ Մկրտչեան ընտանիքներու հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ սկսած են աշխատանքները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մանկավարժական համալսարանին մէջ դասախօսներէն մին վերջերս ինձ ըսաւ. «Երբ ձեզ կը տեսնեմ՝ կ՚ուզեմ դիմել՝ Լեւոն, որովհետեւ կը յիշեմ ձեր հայրիկը»: Ըսի, որ սա հաճելի եւ պատուաբեր «շփոթութիւն» է:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորուի Հանրապետութեան նախորդ՝ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու յայտարարութիւններով, որոնցմէ մին կը վերաբերի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի Արցախէն վաղաժամ հեռացման։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պատանդ առնուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած է, շաբաթավերջին իր ընտանիքին միջոցաւ փոխանցեց վճռական պատգամներ։ Ռուբէն Վարդանեան, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնի գործարար ու բարերար մըն է, նաեւ ազդու հասարակական գործիչ մը, ներկայիս հացադուլի սկսած է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կան ուժեր, որոնք չեն ուզեր Երեւանի ինքնիշխանութեան զարգացումը:
«Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ, ըստ էութեան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան առաջին անգամ հարց լուծած են սեղանի շուրջ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ վերջին ամիսներուն առողջական խնդիրներ դիմագրաւած էր։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ակամայ բացակայած էր նաեւ Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութենէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Հանիյէն եւ Շիւքրին հիւրընկալելէ վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կ՚այցելէ Իրաք:
Անգարայի ղեկավարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր դերակատարներուն կոչ կ՚ուղղէ՝ առաջնորդուիլ ռազմավարական մտքով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խօսիլը արուե՛ստ մըն է։ Արդարեւ, ամէն բան եւ ամէն տեսակ ձեւով կրնայ խորհիլ։ Խորհիլ, մտածել բոլորովին ենթակային կը Վերաբերի։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդ իր մտածումին եւ խորհուրդին միակ տէրն է։ Բայց այդ միտքը արտայայտելու պարագային՝ խօսելու հարցին, մտածումը այլեւս միայն ենթակային չի պատկանիր, այլ մանաւանդ ամէն անոնց՝ որոնց միտքը կը փոխանցուի, այսինքն խորհուրդը խօսքի կը վերածուի։ Անշուշտ, հարցը աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ խօսքն ալ գործի վերածուի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հրդեհէն եւ վերանորոգումէն ետք՝ աւելի փառահեղ եւ շքեղ մայր տաճար:
Հրդեհէն փրկուած իրերը հանուած են ցուցադրութեան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ կողակիցի ընտրութեան պարագային կը յորդորէ նաեւ ուշադրութիւն դարձնել զոյգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարիքային տարբերութեան. մանաւանդ հին ժամանակ սեփական շահերու սիրոյն ծնողքը իր զաւակը յաճախ կը պսակէր քսան եւ աւելի տարի մեծ անձի մը հետ՝ հարուստի մը հետ. Հայրիկ խօսելով այս երեւոյթին մասին կ՚ըսէ. «Կը ջանան իրարու հետ պատուաստել երկու ամուսիններ, որ մին դալար նորատունկ է եւ միւսն հինաւուրց հաստացեալ ծառ, որ աշնան մօտ է, իւր տերեւներ դեղնած պիտի թօթափին, բունը փտած է եւ ստեղունք գօսանալ սկսած են»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ նկատելի են գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին գրի առնուած յօդուածներ՝ հետեւեալ հարցման մասին. ի՞նչ է մարդը: Այնուամենայնիւ, այս յօդուածներու հիմնական առանցքը միշտ չէ կազմած այդ հարցումը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանցիք ոչ-բարիով կը յիշեն իրենց երկիրը բզիկ-բզիկ ըրած քաղաքացիական պատերազմը։ Երկար տարիներ անցած են այդ պատերազմի սկիզբէն (գրեթէ կէս դար) ու տխուրը այն է, որ ներքին պայթումի մը ուրուականը կը շարունակէ հալածել լիբանանցիները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երկար տարիներ վերջ Ս. Զատկի շրջանին արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծուելուն առիթ դարձաւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Եւ ինչու չէ, թող ամէն օր պատահին գեղեցիկ անակնկալներ…
Մագիստրոսի թեզս յանձնած էի արդէն եւ այդ յոգնութենէն, անքուն գիշերներէն եւ մասնաւորաբար խիստ պատասխանատուութենէն ետք կը վայելէի անհոգութեան թեթեւութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամուսնական կեանքի մասին ընդհանուր ներածական մը կատարելէ ետք Հայրիկ կու գայ աւելի մանրամասնօրէն խօսելու ամուսնական կեանքի մասին, սկսելով սկիզբէն՝ ընտրութենէն. Հայրիկի գրութիւնները յօդուածներ ըլլալէ անդին դասագիրք մըն է մեր մարդկային կեանքին մասին, ուր իւրաքանչիւր մարդ ունի սորվելիք մը:

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցեալ շաբթուան մեր սիւնակով ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցինք Մուշեղ Եպս. Սերոբեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ներկայացուցինք Սերոբեան Սրբազանէն որոշ մտածումներ: Այսօր եւս պիտի ներկայացնենք Մուշեղ Սրբազանէն մտածումներ: Սրբազանը իր «Կրօնի դասեր» շարքին մէջ, դասատետր մը յակտացուցած է Քրիստոնէական բարոյականին:

Էջեր