Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րարեց, որ Ապ­րի­լի 24-ի նա­խա­շե­մին Թուր­քիա մի­ջոց­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ Հա­յաս­տա­նի քայ­լե­րուն դէմ։ «A Haber» ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Չա­վու­շօղ­լու ը­սաւ, թէ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի բո­լոր խնդիր­նե­րու կի­զա­կէ­տին կը գտնուի Հա­յաս­տան։ Իր այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտած են ինչ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի զա­նգուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո­րե­ւէ ճշմար­տու­թիւն ու­րա­նալ մեծ ի­մաս­տու­թիւն մը չէ, ինչ­պէս ի­մաս­տու­թիւն չէ ու­րա­նալ Քրիս­տո­սը։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Ե­րէկ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ան­թի­լիա­սի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նը։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Լե­հաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Ե­ժի Նո­վա­քովս­քին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Զուի­ցե­րա­հայ եր­գա­հան Հայկ Վար­դա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը վեր­ջերս ա­ռա­ջին ան­գամ հնչե­ցին Փրա­կի Սուրբ Սի­մո­նի եւ Յու­դա­յի ե­կե­ղե­ցւոյ մէջ՝ Զլի­նի Պո­հուս­լաւ Մար­թի­նուի ֆիլ­հար­մո­նիկ նուա­գախում­բի եւ Տա­ւիթ Շուե­ցի ղե­կա­վա­րու­թեամբ:

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան տի­տան­նե­րէն Ե­ղի­շէ Չա­րենց։ Ա­մէն տա­րի Մար­տի 13-ին կը նշուի Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի տա­րե­դար­ձը։ Ան­ցեալ ի­րե­րա­յա­ջորդ տա­րի­նե­րը կար­ծես կ՚ամ­րապն­դեն ա­նոր դիր­քը մեր գրա­կա­նու­թեան ե­րախ­տա­շատ սպա­սա­ւոր­նե­րու ան­դաս­տա­նէն ներս։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Պա­գըր­գիւ­ղի Ծն. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին ու­ղեկ­ցու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­քէն­տէ­րօղ­լուի։ Այս առ­թիւ թեր­թիս լրա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րի Թաշ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց ա&shy

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է «Կիւ­լի­զա­րի սեւ հար­սա­նի­քը» ա­նուն գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է Ար­մե­նու­հի Գե­ւո­նեան։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Հայ կա­թո­ղի­կէից վիճակաւոր Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զե­քիեան ե­րէկ երեկոյեան բա­նա­խօ­սու­թիւն մը սար­քեց Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան կը շա­րու­նա­կէ իր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու շար­քը՝ պաշ­տօ­նը նոր ստանձ­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ մար­մի­նէ եւ հո­գիէ բաղ­կա­ցած ամ­բող­ջու­թիւն մը, էակ մըն է։ Մար­մի­նին ու հո­գիին մի­ջեւ կեն­սա­կան կապ մը կայ եւ ուս­տի ինչ տե­սակ թոյն կ՚ազ­դէ մար­մի­նին, եւ կ՚եղ­ծա­նէ, կ՚ա­պա­կա­նէ զայն, կ՚ազ­դէ նաեւ հո­գիին, ինչ­պէս ան­պայ­ման՝ մտքին, եւ կը տկա­րաց­նէ զա­նոնք, եւ կամ, բո­լո­րո­վին կը փճաց­նէ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Համայնքային շրջանակները խոնարհեցան տիրամայր Արաքսի Անուշեանի բարի յիշատակին առջեւ:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուին 2015-ի տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­տեա­նի նիստ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահին յայտարարութիւնները:
«Հաշուի պէտք է առնուին նաեւ Արցախի ժողովուրդին հետաքրքրութիւնները»:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը: 
Վլատիմիր Փութին  մասնակցութիւն պիտի բերէ 2015 թուականի տարելիցին շրջագծով Երեւանի մէջ նախատեսուած 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:
Համահայկական հռչակագիրը յանձնուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին: Էօզտէմիրի գլխաւորած Գերմանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­ցի դաշ­նա­կա­հար Ռի­շար Քլայ­տէր­ման այ­սօր հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ձեռ­նար­կը։ Վա­ղը եւս Քլայ­տէր­ման գե­ղարուես­տա­սէր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­նայ երկ­րորդ հա­մեր­գով մը։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի «Տէ­միր Տէ­միր­կիլ» սրա­հին մէջ ե­րէկ ի­րի­կուն բե­մադ­րուե­ցաւ «Զա­պէլ» թա­տե­րա­խա­ղը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պի­տի եր­թայ։ Ո՛ր ղե­կա­վա­րը պի­տի նա­խընտ­րէ ո՛ր հաս­ցէն. Հա­յաս­տա՞ն, թէ Թուր­քիա, Ծի­ծեռ­նա­կա­բե՞րդ, թէ Չա­նաքքա­լէ։ Այս հար­ցու­մը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր ի­մաստ մը կը ստա­նայ հայ­կա­կան հար­ցին տե­սան­կիւ­նէն։

Էջեր