Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տակաւին յստակ չէ, որ Վրաստանի մէջ ամէն օր նոր սրացում ապրող դէպքերը ինչ ուղղութեամբ պիտի տանին Հայաստանի հարեւան երկիրը, սակայն յայտնի է, որ 20 յունիսը երկար ժամանակով մը պիտի յիշատակուի եւ դեռ կարեւոր արժեւորումներու ենթակայ դառնայ։ Այդ օրը Վրաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած միջադէպէն ետք հայկական պատուիրակութիւնը կը լքէր նիստերու դահլիճը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

Հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ մեր երիտասարդ կրթական մշակներէն Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիրի աշակերտները ուսումնական կեանքէ ներս կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Տարրաբանութեան բաժինը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Իրականութեան մէջ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պէտք է ունենար անցեալ շաբաթավերջին, սակայն ընտրութիւններուն բերումով անոնք յետաձգուեցան շաբաթ մը եւ տեղի ունեցան երէկ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ զգալի լիցքաթափում՝ նախագահներու հանդիպման լոյսին տակ:
Էրտողանի եւ Թրամփի տեսակցութիւնը լաւատես հորիզոններ կ՚ուրուագծէ թուրք-ամերիկեան համագործակցութեան առջեւ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

Crans Montana ֆորումի տարեկան մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը. ապագան աւելի մօտ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհուեցաւ «Prix de la Fondation 2019»ը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ ու նուիրեալ անդամներէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան վերջերս աւարտած է համալսարանը։ Ան մեր վեղարաւորներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէ իր աշխուժութեամբ եւ յանձնառութիւններով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019

Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Քիոթոյի մէջ կատարեց նաեւ՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսին բացումը։ «Թոֆուքուժի» մեհեանին մէջ բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը, որու ընթացքին կը ներկայացուին շուրջ վեց տասնեակ լուսանկարներ։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

ՏՔԹ. ԶԱ­ՒԵՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Սիամանթօ իր բանաստեղծական թռիչքէն շատ աւելի անդին խոյացող իր այս սխրանքով հայոց վաւերական ամբողջ պատմութիւնն է, որ կը խտացնէ հոյակապ կերպով։ Այստեղ ամէն մէկ բառ յետադարձ «մարգարէութիւն» չէ, այլ շատ աւելին, բանաստեղծօրէն գրուած «հայ դարերու» կեանք է եւ իրագործում։ Իւրաքանչիւր բառ այստեղ ունի իր պատմական լիաբուռն բովանդակութիւնը, դարեր անցան, որոնց դիմացաւ Ս. Մեսրոպ որպէս ապառաժ ադամանդեայ, ու այդ ադամանդի պրիսմակէն բազմահարիւր ճառագայթներով, գիրով, դպրութեամբ, արուեստներով հայն ու Հայաստան մնացին աշխարհի երեսին պատուով եւ արգասիքներով ծաղկուն։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յաճախ հարց կու տանք. արդեօք հայկական սփիւռքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերապահ կեցուածք ունենալու իրաւունք ունի՞. կամ որո՞նք են այն արժեչափերը, որոնց հիմամբ պէտք է սփիւռքը դիտարկէ եղած դէպքերը եւ ըստ այնմ արտայայտէ իր հիմնական տեսակէտները։
Այս բոլորէն առաջ սակայն հարկ է հասկնալ եւ ընկալել, որ սփիւռքը Հայաստանի ներքին-քաղաքական զարգացումներուն դիմաց յաճախ մեծ մտավախութիւններ կ՚ապրի։ 

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

Առաջին անգամ Մալթայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստան:
Զօհրապ Մնացականեան հիւրընկալեց Քարմելօ Ապելան՝ քննարկելով գործակցութեան հեռանկարները:

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով Կարէն Միրզոյեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։ Այս նշանակումը արդէն հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ դրական կեցուածք:
Հայաստան եւ Ատրպէյճեան փոխանակեցին քաղաքացիներ, որոնք հատած էին սահմանը եւ չէին գործած ծանր յանցանք մը:

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

«G-20»ի անդամ երկիրներու ղեկավարները համախմբուած են՝ Ճաբոնի վարչապետի տանտիրութեամբ:
Էրտողան եւ Թրամփ հանդիպում մը ունեցան՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու առկայ բարդ վիճակին մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կարելի՞ է որ մոռնայ մէկը, որ իր կեանքը Աստուծոյ է նուիրած եւ Աստուծոյ ըսած. «Իմ կեանքս, կամքս, սիրտս, միտքս, հոգիս ամբողջութեամբ Քեզի կու տամ։ Իմ կողմէս ո՛չ մէկ պայման, ո՛չ մէկ -եթէ-։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հուաուէյ հերքած է Չինաստանի կառավարութեան հետ որեւէ կապ ունենալու տեղեկութիւնը:
Հուաուէյի կիպեր-ապահովութեան պատասխանատու Ճոն Սուֆոլք խորհրդարանի երեսփոխաններուն յայտնեց, որ Չինաստան կամ այլ կառավարութիւն մը արհեստագիտական հսկայ ընկերութենէն երբեք չէ պահանջած «անբարենպաստ բան մը կատարել»:

 

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Շատ յուզիչ, զգացումներով լի երգ մը, որ ողջ աշխարհին ստիպեց յուզուիլ զայն լսելու ժամանակ եւ նոյնը կը շարունակէ ընել մինչ օրս: Ատէլ երգը գրելու ժամանակ անոր մէջ ամբողջութեամբ արտացոլած է իր ապրումներն ու ներաշխարհը:

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առաքինութիւն»ը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի վերջերս լոյս տեսած անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը՝ վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» ստացած է յատուկ մրցանակ՝ որպէս լաւագոյն «Ծրագիր-յայտագիր»ի հրատարակութիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Պատկերին մէջ ի՞նչ կը տեսնէք, ի՞նչ կ՚երեւակայէք: Կ՚ուզեմ, որ գրէք թուղթի մը վրայ:
Կը թելադրէ ուսուցիչը մեծ պատկեր մը տեղաւորելով գրատախտակին վրայ:

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն համար ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը, դպրոցի պարտէզին մէջ։ Ներկայ էին ատենապետ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան անդամները, սանուց միութեան ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Էջեր