Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Զալցպուրկի համալսարանի Քրիստոնեայ Արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհի Փրոֆ. Եասմին Տում-Թրակութը, որուն կ՚ընկերանային համալսարանի դասախօսական կազմէն ներկայացուցիչներ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբէն անցաւ Հռոմի «Ռոմա»ն։ Հենրիխ Մխիթարեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է, վարձակալութեան կարգով տարուան մը համար միացաւ «Ռոմա»ին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան կը ձգտի Պարսից ծոցի տարածքաշրջանը դարձնել ո՛չ թէ ճգնաժամեր արտադրող, այլեւ՝ վստահութեան ու կայունութեան տարածքաշրջան մը։
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Երեւանի մէջ տեսակցեցան Զարեհ Սինանեանի հետ:
Համահայկական հարթութեան վրայ գործակցութեան ընդլայնման ու խորացման ուղղեալ խորհրդակցութիւններ:
Համակրելի մեներգչուհիին ընկերային յանձնառութիւնը փոխեց ընտանիքի մը կեանքը:
«Ես կամ» հաղորդումով ստեղծուած արձագանգը ապահովեց օրինակելի եւ ողջունելի արդիւնք մը:
Պէյօղլուի ընտանիքն ու համայնքային շրջանակները երէկ մեծ ցաւով ընկալեցին թրքահայ իրականութեան երիցագոյններէն Աբիկ Հայրապետեանի մահ-ւան բօթը։ Օրուան առաջին կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն հասած տխուր լուրը անմիջապէս արձագանգ գտաւ ամբողջ համայնքէն ներս։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը:
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան տեղեկութիւններ տուաւ մայրաքաղաքի 30 օգոստոսի զրոյցներուն շուրջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 162-րդ եւ վերակազմութեան 37-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցան կղզիի բարձունքին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան ժամերուն Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան կնքած է իր մահկանացուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Աբիկ Հայրապետեան, որ ծնած էր 1927 թուականին, միջոցէ մը ի վեր դարմանման տակ էր Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Թերթս մամուլի յանձնելու պահուն հասաւ բօթը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր հարցերուն կը պատասխանէ Նիւ Եորքի «Շուշի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց՝ Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան:
-Ինչպէ՞ս մտաք այս ասպարէզ, եթէ կարճ պատմական մը ընէք, ի՞նչ կրնաք առանձնացնել մինչեւ օրս շարունակական ընթացք ունեցած ձեր գործունէութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրէնքը, իր ամենալայն իմաստով, կենցաղի կանոն մըն է, հրահանգուած՝ պատկան իշխանութեան կողմէ, հասարակաց բարիքին համար։ Բարոյական օրէնքը կ՚ենթադրէ բանական կարգը, որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար։
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հարսանիթը հանրածանօթ հիւանդութիւն մըն է: Ան գոյութիւն ունեցած է հին ժամանակներուն:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այնպէս կրնայ թուիլ, որ աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւս, մանաւանդ՝ իրենց պաշտօնավարութենէն ետք, բաւական կոկիկ գումար մը կ՚ունենան: Ներկայ ժամանակներուն հաւանաբար այդպէս է, մանաւանդ երբ նկատի առնէք ամենէն ակներեւ օրինակները՝ անոնց ստացած թոշակները, կենսաթոշակները եւ զանազան առիթներով (դասախօսութիւն, յօդուած, հարցազրոյց) անոնց գանձած գումարները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ պատգամ մը հրապարակեց 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերին կը վերաբացուին դպրոցները՝ ո՛ր օրուան ալ զուգադիպի։
Էրտողան. «Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական լծակները պիտի մաքրագործուին»:
Ֆուաթ Օքթայ եւ Մայք Փենս երէկ Վարշաւիոյ մէջ քննարկեցին տարածքաշրջանային հարցեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի եւ Իսրայէլի զօրքերուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բախումներ:
Մերձաւոր Արեւելքի փխրուն հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ մտահոգիչ դէպքեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէս արուեստ մըն է քիչ խօսքով շա՜տ բան ըսել, ամփոփել իմաստ մը մի քանի բառերու մէջ։
Քիչ խօսքով շատ բան ըսելու հարցին մէջ՝ հասարակաց իմաստութիւնը առածներով միշտ լաւ օրինակներ տուած է։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Իսկապէ՛ս որ Նոր Գիւղը մեզի համար փոքր Հայաստան մըն էր: Մեր թաղերուն մէջ ապրող երկու արաբ ընտանիքներուն երեխաները մեզի պէս հայերէն կը խօսէին, եւ մենք ուշ իմացանք, որ անոնք հայ չէին:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ֆրանսայի կայսր, աշխարհահռչակ զօրավար եւ պետական գործիչ, որ ժամանակակից Ֆրանսական պետութեան հիմնադիրը կը համարուի եւ Արեւմուտքի պատմութեան ամենաականաւոր գործիչներէն մին: Այն եզակի անհատներէն, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ դարակազմիկ գործեր ըրած են: