Արխիւ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պատկերասփիւռի գերմանական կայան մը, Ուրբաթ, 23 օգոստոսի իր լուրերուն շարքին, հաղորդեց, որ Պոլիվիոյ մէջ մանուկներու վճարովի աշխատանքը արտօնուած է օրէնքով. տասն տարեկան կամ աւելի փոքր մանուկներ կրնան աշխատիլ եւ դրամ շահիլ։
Հպանցիկ պրպտում մը ձեզի ցոյց պիտի տայ, որ օրէնքը խորհրդարանին մէջ որդեգրուած է 2014 թուականին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայէլը, որ Իրեն կու գար» (Յհ 1.47):
Մեկնութիւն. Նախքան Նաթանայէլին հասնիլը Յիսուսի մօտ, գովեց զինք երկու պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ աստուածային տեսութեամբ գիտցաւ անոր բարեմտութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ մարդուն։
Հաւատքի մասին «կամովին տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը՝ զոր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի որ հաւատանք։
Կասպից ծովու տարածքաշրջանի երկիրները ներկայիս մասնաւոր կոմիտէներ կը ստեղծեն՝ երկաթուղիներու բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու առաջադրութեամբ։ Վերջերս Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցած է Կասպից ծովու երկիրներու պաշտօնատարներուն մասնակցութեամբ ժողով մը։
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան վերջերս հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի հրապարակագիր վերապատուելի Հրայր Ճէպէճեանն ու Փասատենայի «Հայ Կիլիկիա» Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հրայր Ճէպէճեան միեւնոյն ժամանակ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ներկայիս Երեւանի դիւանագիտական շրջանակներու օրակարգին վրայ կը գտնուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպման մը կազմակերպումը։ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջերս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկխօսութիւնը վերջերս աշխուժացած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ներդաշնակութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ համաչափութիւն, պատշաճութիւն, ախորժալուր դասաւորում, համերաշխութիւն։ Բնութիւնը ամենագեղեցիկ օրինակները կու տայ ներդաշնակութեան, զոր օրինակ, եղանակներ՝ որոնք իրերայաջորդ կերպով կը յայտնուին, ներդաշնակութեան յայտնութիւն մը կը ներկայացնեն՝ համաչափելով բոլորովին ներհակ, անհաշտ բնութիւններ՝ ցուրտը, տաքը, անոնց միջեւ տեղաւորելով միջակը՝ գաղջը։
Հայաստանէն «Արին բերդ» պարային համոյթը, որ վերջին օրերուն այցելեց Իսթանպուլ, այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ «Արին բերդ» պարախումբը Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ հանդէս եկաւ բացառիկ երեկոյթով մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական մրցաշարք մը։ Ակումբի նախկին երախտաշատ ատենապետ ու պատուոյ նախագահ Ղազարոս Ունանի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ իր նմաններու շարքին հանդիսացաւ երկրորդը։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մայքրոսոֆթ ընկերութիւնը խոստովանած է, որ «Քորթանա» օգնականի եւ «Սքայփ թրանսլէյթըր» յաւելուածի միջոցով մարդոց ձայնային հաղորդագրութիւնները գաղտնալսած է: Յայտարարութիւնը կատարուած է, երբ «Մատրպորտ»ը յայտնաբերած է ընկերութեան կողմէ պայմանադիր կողմեր վարձելու փաստը՝ «Սքայփ»ի հաղորդակցութիւններ գաղտնալսելու համար:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Աւելի քան 200 տարի անցած է Միացեալ Նահանգներու անկախութենէն։ Այդ օրերուն՝ ճերմակամորթ ամերիկացիներ իրաւունք ունէին սեւամորթ գերիներ ունենալու եւ զանոնք գործածելու իրենց արտերուն եւ տուներուն մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեծ է թիւը անոնց, որոնք ինչ-ինչ փոթորիկներու զարնուելէ ետք ոտքի մնացին ու այսօր կը շարունակեն քալել…
Քալել, թերեւս նոր ու անյայտ ճանապարհներէ, ունենալով մէկ իտէալ եւ մէկ նպատակ…։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Նարինէ Փոլատեան ծնած է Լիբանան եւ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան:
Նարինէ խաչքարագործ դառնալու նպատակ չունէր, ամէն ինչ պատահականութիւն էր:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Հոգելոյս Նատիա Կիւլմէզկիլ յուզումնախառն զգացումներով ոգեկոչուեցաւ՝ իր սիրելիներու անմար սիրով ու կարօտով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ դարձեալ իրաւական կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Անթիլիաս անվհատ աշխատանք կը տանի օրինական ճանապարհով հետամուտ ըլլալու համար իր պատմական իրաւունքներուն: Անցեալ ամիս փաստաբաններու կողմէ արդէն դիմում կատարուած է Քոզանի Բ. նախադատ ատեանին:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն երիտասարդ քաղաքագէտ ու հրապարակագիր Էլէոնորա Սարգսեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք Էլէոնորա Սարգսեանի հետ, որ ներկայիս կ՚աշխատակցի www.armat.im կայքէջին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանը։ Արձակուրդի շրջանի աւարտին քաղաք վերադարձած ըլլալով՝ Արէտ Երկանեան փափաքած էր ներկայանալ նորին սրբազնութեան եւ շնորհաւորել՝ տեղապահի պաշտօնի ստանձնումը։
Լոս Անճելըսի պարգեւատրման հանդիսութիւնը վերածուեցաւ մեծ համակրանքի մը արտայայտութեան:
Մեներգչուհի Սիպիլի յանձնառութիւնը ամէնուրեք բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ աշխարհի հայութեան կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս «Տէրունական աղօթք»ին բանաձեւը մեզի կտակելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք ու պիտի առնէք» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։ Արդարեւ, Տէրունական աղօթքը ամբողջ Աստուածաշունչին համառօտութիւնն է։