Արխիւ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երեկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ միջին տարիքի կին մը Երեւանի կեդրոնական պողոտաներէն հանրակառք մը կը բարձրանայ, պատուհանին կողքը ազատ տեղ մը նշմարելով կը նստի ու կը դիտէ փողոցը: Հանրակառքը մերթ կը սուրայ, մերթ դանդաղօրէն կը յառաջանայ անցնելով լայն պողոտաներէն՝ Մաշտոցէն, Աբովեանէն, ուրկէ կը սկսի բարձրանալ դէպի Ազատութեան պողոտան տանող ոլորապտոյտ ճամբան, բարձրանալուն զուգահեռ կամաց-կամաց կ՚երեւին Մասիսին զոյգ գագաթները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ցեղին յատուկ բանականութիւնը՝ մարդուն իր ազատ կամքովը շարժելու, շարժումները դատելու եւ անոնց մասին որոշումներ առնելու կարողութիւնը կու տայ։ Բայց այս ազատ կամքին, այսինքն ազատօրէն վարուելու առանձնայատկութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ պատասխանատուութեան զգացումը, եւ նոյն բանականութեան շնորհիւ, ան պարզ զգացումէ մը աւելի, գիտակցութեան կը փոխուի։
Յայտնի գրող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ան ծանօթ է պատմական նիւթերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով, որոնց հիման վրայ լոյս տեսած գիրքերը գրասէր շրջանակներէն ներս կ՚արժանանան անմիջական հետաքրքրութեան։ Նեսիմ Օվատիայի վերջին գիրքը կը կոչուի «Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները»։
Նախագահ. «Կոչ կ՚ուղղեմ բոլորին՝ որպէսզի դադրեցնեն փոքր հակամարտութիւններու զինումը»:
Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ զգուշութիւն պէտք է ցուցաբերել 21-րդ դարուն մեծ խնդիրներու ծագիլը կանխելու նպատակով:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Իսթանպուլի մէջ բաւական յանդուգն ու ծայրայեղ մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի մասին։ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հաւաքէն վերջ ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան շուրջ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ հրատարակուած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս գինեձօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ հեղինակը։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը միշտ կը կարեւորէ հայեցի դաստիարակութիւնը: Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հայկական վարժարաններ այցելելով զրուցեց աշակերտներուն հետ:
Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքը բարեփոխելու ուղղեալ աշխատանքներ: Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովը կ՚ողջունէ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը:
Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան սուր քննադատութիւններ հասցէագրեց այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ երկրի նոր ղեկավարութեան։ news.am-ի հաղորդումներով, Հրանդ Բագրատեան 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի լոյսին տակ ըրաւ այդ յայտարարութիւնները։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդի խոստմնալից իրաւաբաններէն Մելոտի Էօզէր վերջերս ընդունուած է Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառ։ Ան հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին կաճառի նախագահին ձեռամբ ստացած է անդամակցութեան վկայականը։
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի՝ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու քննարկման նուիրուած կլոր սեղան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս կու գայ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կապակցութեամբ:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդէս մը, որ ձօնուած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան տոքթոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խոկում եւ կեանքի փորձառութիւն, ահաւասիկ այս երկու վիճակէն է, որ կը ծնի իսկական տեսիլքը՝ որուն մէջ կը բռնուին մեծ մարդիկ եւ կը ստեղծեն հրաշալիքներ։ Այս իմաստով է որ Միւսէ, ֆրանսացի բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեծ ցաւեր, տառապանքներ են, որ կը ստեղծեն հրաշագործութիւններ եւ կը զօրացնեն մարդուս նկարագիրը»։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշունը Արցախի մէջ իւրօրինակ է իր գոյներով, բնութեամբ եւ առհասարակ՝ գալուստով։
Արցախի մէջ աշնան բնութիւնը իւր զարմանահրաշ գոյները կը տարածէ ամէնուր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ դարերու ընթացքին «օրէնք»ի հանգամանք էր ստացած հասարակական անհաւասարութիւնը եւ խորթութիւնները եւ մարդս մարդու ստրուկ եւ հլու կամակատար էր դարձեր։ Ահաւասիկ, մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ այս իրողութեան դէմ հետզհետէ հաստատուեցան հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան եւ անձնական կատարելութեան բարձր գաղափարները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ փոփոխութեան ենթարկել՝ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կանոնները։ Ան կը նախատեսէ արգիլել՝ ոչ-ամերիկահպատակ ընտանիքներու ԱՄՆ-ի մէջ ծննդաբերուած զաւակներուն եւ անկանոն գաղթականներու՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհ եկած զաւակներուն քաղաքացիութիւն տրուիլը։