Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

ՀՈԳԻՈՎ եւ ճշմարտութեամբ զԱստուած պաշտելու համար՝ մենք պարտաւոր ենք լեցուած ըլլալ զարմացումով, յարգանքով, երկիւղով, սիրով, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ: Պարտաւոր ենք միա՛յն Աստուծոյ կամքը մեզի ուղեցոյց ունենալ եւ Անոր անհուն մեծութեամբ սքանչանալ, որովհետեւ Աստուած Իր մէջ կը բովանդակէ իւրաքանչիւր կատարելիութիւն եւ Անոր կարողութիւնը այնչափ մեծ ու բարձր է, որ նոյնիսկ մեր երեւակայութենէն եւ միտքէն գերիվեր է:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին ա­մե­նէն նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է պահ­պա­նել ու­րիշ­նե­րուն ան-բըռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քը՝ հսկել, պաշտ­պա­նել զա­նոնք մարդ­կա­յին բո­վան­դակ կո­րո­վով, ու­շադ­րու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեա՛մբ։
Եւ ե­րա­նի՜ ա­նոր որ իր սե­փա­կան ու­ժե­րուն ան­բա­ւա­կան ե­ղած ա­տեն ար­տա­քին ա­մէն զօ­րու­թեամբ, կա­րող կ՚ըլ­լայ իշ­խել կեան­քին «զսպա­նակ»նե­րուն, եւ կրնայ կանգ առ­նել ո՛ւր որ ի­րա­ւուն­քը բռնա­բա­րող պա­րա­գայ մը կը ներ­կա­յա­նայ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման արձագանգները կը շարունակուին։ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն բերումով, Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ կը մեղադրուի Ռոպերթ Քոչարեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան միշտ հետամուտ Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման:
Թուրքիա կը նախատեսէ յառաջիկայ սեպտեմբերի 6-ին նոր գագաթաժողով մը կազմակերպել:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ բռնկած հրդեհի մը զոհ գնաց չորս հայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սոչի քաղաքի Ատլերի շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ ծագեցաւ հրդեհը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումները՝ նպաստելով անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ երկխօսութեան զարգացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Սփութնիկ» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու վերիվայրումները այս շրջանին դարձեալ մտահոգութեան տեղի կու տան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Ուաշինկթընի մէջ ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած միջազգային համաձայնութեան առընչութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Երեւանի մէջ այս առաւօտ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ մշակութային ժառանգութեան կեդրոն:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ կայուն թափով ու կարեւոր հեռանկարներով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկեց Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ բարդ հարցերը:
Թուրքիա բողոք յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ՝ ռազմավարական գործընկերութեան անհաւասարակշռելի վնասներ հասցնելու բերումով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը արժանթինահայ երիտասարդներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Էմմա Քիւլեկէչ շաբաթավերջին բռնեց յաւերժութեան ճանապարհը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ընկճուածութիւնը կամ ընկճախտը (depression) յաճախակիօրէն տեսնուած հոգեբանական հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի անտարբերութեամբ (apathy) եւ անտրամադրութեամբ: Ան կ՚ազդէ անհատին մտածողութեան, վարք ու բարքին եւ զգացումներուն վրայ: Ան դարմանելի հիւանդութիւն մըն է: Չդարմանուելու պարագային կը դառնայ վտանգաւոր:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մեր ան­մի­ջա­կան ան­ցեա­լի ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­մա­կան հան­դի­պու­մը Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Վազ­գէն Ա­ռա­ջի­նի եւ Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Խո­րէն Ա­ռա­ջի­նի մի­ջեւ, 1963 հոկ­տեմ­բեր 26-ին, երբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը կան­խօ­րօք ծրագ­րած էր Ե­րու­սա­ղէմ կա­տա­րած ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, յատ­կա­պէս ե­կած ըլ­լա­լով Ս. Յա­րու­թեան Տա­ճա­րի հա­մազ­գա­յին հան­գա­նա­կու­թեան ձեռ­նար­կե­լու ծրագ­րով։ Ծրագ­րած էր նաեւ հրա­ւի­րե­լու Կի­լի­կիոյ Խո­րէն Ա. Բա­րո­յեան Կա­թո­ղի­կո­սը, որ ընտ­րը-ւած եւ օ­ծուած էր մա­յիս ամ­սուն եւ սա­կայն Մայր Ա­թո­ռէն չէր ստա­ցած հարկ ե­ղած շնոր­հա­ւո­րանքն ու ճա­նա­չու­մը։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ընդունուած սովորութիւն է, որ հագուստ արտադրող նշանաւոր գործատէրեր տարին մի քանի անգամ գարնանային եւ աշնանային եղանակներու մուտքին, իրենց նորաձեւութիւնները ներկայացնեն աշխարհին։ Այդ ցուցադրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ կամ Միլանոյի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ(*)

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի հայ ժողովուրդին նուիրաբերած վիթխարի ճիգերուն մասին շատ խօսուած է։ Մարդ, որ տէրն է իր խօսքին ու երեք որդիներու կեանքը ի սպաս կը դնէ իր հայրենիքին շեշտակիօրէն արժանի է ամենաբարձր մակարդակի յարգանքի եւ երախտագիտութեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Շաբաթավերջին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ բանակումի եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շուրջ 1200 սկաուտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Շատ հե­տաքրք­րա­կան է մար­դոց ա­նուն­նե­րը հարց­նե­լով գու­շա­կել ա­նոնց ինք­նու­թիւ­նը՝ ո՞վ են, ո՞ւր­կէ են, ո՞վ­քեր ե­ղած են ի­­րենց նա­խա­հայ­րե­րը, եւ այլն։
Զոր օ­րի­նակ, Պետ­րոս Ա. Կեօլ­ճիք իր շա­հե­կան յու­շե­րուն մէջ կը պատ­մէ հե­տե­ւեալ դէպ­քը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

Հայ­կա­կան մշա­կոյթ, ճար­տա­րա­պե­տա­կան կո­թող­ներ, չքնաղ բնա­պատ­կեր­ներ. Travelblog.lv-ն կը բա­ցա­յայ­տէ Հա­յաս­տա­նը՝ իր ամ­բողջ հմայ­քով ու էու­թեամբ։
Հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու ա­րուես­տը՝ իր ինք­նա­տիպ ա­ւան­դոյթ­նե­րով, երգ-ե­րաժշ­տու­թեամբ, դա­րե­րու խոր­քէն ե­կող ճար­տա­րա­պե­տա­կան կո­թող­նե­րը, չքնաղ բնա­պատ­կեր­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած են է­տե­սա­նիւ­թի մը մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018

Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ յուլիսի 30-ը կը նշուի որպէս «Ընկերներու օր»: Միջերկրածովեան տարածքաշրջանի եւրոպական երկիրներու եւ Լատին Ամերիկայի մէջ այս օրը կը նշուի տօնախմբութիւններով, ընկերական հաւաքոյթներով, գինիով եւ ուրախութեամբ:

Էջեր