Արխիւ
Զօհրապ Մնացականեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նիւ Եորքի հաւաքի ընթացքին:
ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի Բարեկամներու խումբի նախարարական հանդիպումը:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր Լեհաստանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկեան կողմը գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։
Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ գրական ձեռնարկ մը:
Ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին առթիւ Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յոբելենական երեկոյթ մը, որու բանախօսն էր յայտնի լրագրող-հրապարակագիր Օշին Քեշիշեան:
Ըստ «Քոմերսանթ»ի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ պաշտօնական հանդիպումը սարերու ետին չէ:
ՄԱԿ-ի ընդանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս ողջունեց Մնացականեան-Մամէտեարով տեսակցութիւնը:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ իր հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ զօրակցութիւն ցուցաբերել մեր վարժարաններուն՝ մասնաւորապէս Գալֆաեան Տան, որ կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը վերջերս ապահոված է՝ որպէսզի Գալֆաեան Տան դասարանները օժտուին «խելացի գրատախտակներով»։
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ սիրոյ սեղանին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օծեց նորակերտ զանգակը: Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ հերթական անգամ առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու անվերապահ համակրանքին: Հանգանակութեան արդիւնքը գոհացուցիչ եղաւ՝ յոյս ներշնչելով ներկայ դժուարին տնտեսական պայմաններուն ներքեւ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Որպէս դրամատիրական երկիր Ամերիկայի արդիւնաբերական ընկերութիւնները կը վայելեն ազատ շուկայի դրութիւնը (FREE ENTERPRISE)։ Այսինքն, իրենց արտադրութեանց գիները իրենք կ՚որոշեն, առանց որեւէ պետական հաշուետուութեան պարտադրանքի։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Հանրապետական Մաղթանք»։ Պատարագիչն էր տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանը յուզող գլխաւորագոյն հարցը կը շարունակէ մնալ նոր կառավարութիւն մը կազմելը։
Թերթիս ընթերցողները լաւ կը յիշեն, թէ ինչ պայմաններու տակ Սաատ Հարիրի կը ստանձնէր երկրի վարչապետի բաւական ծանր պարտականութիւնը։
Ամերիկեան հեղինակաւոր The Wall Street Journal-ը վերջերս ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձաւ հայկական մշակոյթին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թերթը իր ընթերցողներուն հիացմունքի տպաւորութիւններով ներկայացուցած է հայկական արուեստի հնագոյն նմոյշները, պատմական Հայաստանի առեւտրական հնարաւորութիւննները եւ քրիստոնէութիւնը աշխարհի վրայ առաջին անգամ որպէս պետական կրօն ընդունած երկիրը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մի քանի տարիներ առաջ ձեռնարկեցի ուսումնասիրութիւն մը Տուպայիի-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումի ու յանձնառութեանը մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը կատարեցի հնդիկ բանուորներու հետ՝ արական եւ իգական սեռրէ, որոնք տարբեր տեսակի աշխատանքներու մէջ են իրենց արտասահմանեան աշխատանքային կեանքերու մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամ շուրջ հարիւր երիտասարդներ եւ ծառայողներ, օգոստոսի մէջ, ժամանեցին Հայաստան, մասնակցելու համար աննախընթաց համագումարի մը՝ աջակցութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Չորս աւետարաններուն մէջ, Ղուկասու աւետարանը ամենէն երկար պարունակութիւն ունեցող աւետարանն է։ Ղուկասն է որ ամենէն աւելի տեղեկութիւն կու տայ Յիսուսի մանկութեան մասին՝ քաղելով զանոնք բերանացի աւանդութիւններէ։
Տ. ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Հինգ տաղաւարներու վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը վայելելու կը պատրաստուինք։
Եթէ գարնան օրերուն հանդիպող Ս. Զատկի տօնը բնութեան ծաղկումին ու ուրախութեան նման հաւատացեալներու սիրտին ու հոգիին յարութեան աւետիսը ու յոյսը կը ներշնչէ, հոգ չէ թէ աշունը իր դեղնած բնութեամբ ու մելամաղձոտ երեւոյթով յուզէ մարդը, ճիշդ հակառակը, Ս. Խաչի տօնը կեանքի զանազան պատճառներով հաւատացեալներու սրտին ու հոգիին մէջ տեղ առած յուզումները, յուսահատութիւնները, ծանրաբեռնուածութիւնները կը փարատէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչի տօներուն վերջինն է Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ այս տարի կը տօնուի 30 սեպտեմբեր կիրակի օր։ Արդարեւ, Խաչի միւս բոլոր տօները հասարակաց են բոլոր եկեղեցիներուն, բայց Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը միայն կը տօնէ Հայ Եկեղեցին։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարգ մը համաձայնութիւններու հասան ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին:
Երկու ղեկավարները վերահաստատեցին բանակցային գործընթացի նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պերլին, ուր փոխանակուեցան պատգամներ:
Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն Սուրիոյ հարցին շուրջ գագաթաժողովը՝ յաջորդ ամիս:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան՝ մինչեւ տարեվերջ դարձեալ հանդիպում մը ունենալու համար:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Նիւ Եորքի վերջին օրերու բազմակողմանի շփումներու լոյսին տակ:
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր կառավարիչ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան վերջին օրերուն այցելեց Պէյրութ։ Այս ծիրէն ներս Զեքիեան Գերապայծառ Անթիլիասի մէջ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Անպայման նորէն Հայաստան պիտի երթամ»։ Այսպէս յայտնեց մեզի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն։ Իր ոդիսականը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց։ Ումութ Ալի Էօզմէն եւ իր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ Երեւանի մէջ պատասխանեցին մեր հարցումներուն։