Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Անպայման նորէն Հայաստան պիտի երթամ»։ Այսպէս յայտնեց մեզի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն։ Իր ոդիսականը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց։ Ումութ Ալի Էօզմէն եւ իր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ Երեւանի մէջ պատասխանեցին մեր հարցումներուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018

Տ. Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի յատկանշական նուէրը՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համար:
Այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական անուան տօնախմբութեան ժամանակ կը լսուի նոր կոչնակին ձայնը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի սի­րուած ու յար-գըւած դէմ­քե­րէն Ա­րեգ Էրք­ման, ո­րու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­-­տը սու­գի մատ­նած է թէ՛ իր ըն­տա­նի­քը եւ թէ ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կը։ 
Ա­րեգ Էրք­ման ծնած էր 1947-ին Պոլ­սոյ մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր ակադեմական Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան վերջերս ուսումնասիրութեան մը համար յօդուած մը որոնած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնական պարբերաթերթի հին՝ 1866 թուականի թիւերուն մէջ։ Ան ի մէջ այլոց քանի մը հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտած է Պոլսոյ ամիրաներու կողմէ այդ ժամանակ Երուսաղէմի պատրիարքութեան համար կատարուած նուիրատուութիւններու մասին՝ մասնաւորապէս Պալեան ամիրայի Եալովայի կալուածը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Աշնանային մեղմանուշ զեփիւռը կը տարածուի ամէնուր: Ծառերը ամէն օր նոր երանգներով կը գունաւորուին դիտողին հմայք մը, շլացում մը պարգեւելով: Անոնք մերթ դեղնաւուն են, մերթ՝ կարմրաւուն, մերթ՝ մուգ սրճագոյն, մերթ՝ նարնջագոյն...:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական մամուլի եւ լրահոսի ամենադաժան լուրերը սահմանէն հասնողն են: Հազարաւոր մարդիկ իրենց շունչը բռնած կը հետեւին այդ լուրերուն, եւ ցաւ ի սիրտ, գրեթէ ամէն շաբաթ զոհուած զինուորի մը լուրը կը կարդան… Սեւազգեստ մայրերուն եւ երիտասարդ կիներուն թիւը կ՚աճի, որբացած մանուկները կը սպասեն ծառայութենէն տուն դառնալիք իրենց հայրերուն… Երկիրը կը ծանրանայ նոր ցաւերու տակ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ կրնայ ըլլալ այն անձը, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ թեւակոխած 35 տարիքը։ Նահանգներն ալ իրենց կարգին ունին պայմաններ, զորս լրացնելէ ետք միայն կրնայ անձ մը դիմել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

Համայնքային շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ են ուրախառիթ լսումներ, ըստ որոնց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը պետական իշխանութիւններէն ստացած է՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հատուցման գումարները։ Հարկ է նշել, որ Վոսփորի կամուրջի շինարարութեան շրջանին Սուրբ Խաչ դպրեվանքին պատկանող տարածք մը օգտագործուած էր ճանապարհաշինութեան համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ երիտասարդներու ներկայութեան համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
Նախորդ երկու գրութիւններով փորձեցինք բացատրել մեր Տիրոջ մեզի սորվեցուցած խնդրանքին իմաստը՝ Աստուածաշունչի լոյսին տակ, այժմ տեսնենք Ընդհանրական եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւազանի անունով Գաբրիէլ, Յակոբի որդի Հ. Ներսէս Ակինեան ծնած է 10 սեպտեմբեր 1883 թուականին՝ Արդուին։ Ան վախճանած է Վիեննա՝ 28 հոկտեմբեր 1963-ին։ Եղած է բանասէր, ձեռագրագէտ, պատմաբան, մանկավարժ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­կոս Ա­ւե­տա­րա­նիչ իր Ա­ւե­տա­րա­նին 2-րդ գլ­խուն 1-12 հա­մար­նե­րուն մէջ կը նկա­րագ­րէ դէպք մը։
Ա­ւե­տա­րա­նի­չը կը պատ­մէ, թէ չորս հո­գի­ներ ան­դա­մա­լոյծ մը շալ­կե­լով, բե­րած են Յի­սու­սի մօտ, սա­կայն բազ­մու­թեան շա­տու­թեան պատ­ճա­ռով չեն կրցած մօ­տեց­նել զայն Յի­սու­սին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26-ի այս օրը, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր հանճարեղ զաւակներէն ամենէն սրտամօտին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած եւ աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն ազատ արձակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ պատկան իշխանութիւնները մարդասիրական նկատառումներով կարճած են Ումութ Ալի Էօզմէնի գործը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ընդհանուր ժողովի առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այդ ամենահեղինակաւոր ամպիոնէն ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ ահազանգ հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ, որ կը զինէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, նաեւ իր տարածքէն ներս կը պահէ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ կեանքի ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ խորհրդածութիւններ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած ատենապետներու ժողովի լոյսին տակ:
Առկախեալ ընտրութիւններու հետեւանքով մեր վարչայինները մէկ կողմէ թէեւ գերյոգնած վիճակի մէջ են, իսկ միւս կողմէ պարտաւոր են դիմագրաւելու վիթխարի նիւթական մարտահրաւէրներ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018

Աշ­խա­տա­սի­րեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ղուկասի աւետարանի գրութեան թուականը ճշդելու համար, զանազան տարակարծութիւններ կան։ Կան ոմանք, որոնք կ՚ուզեն հեռացնել ու անջատել անոր գրութիւնը իր բուն հեղինակէն՝ Ղուկասէն, եւ կը դնեն զայն 80 եւ 90 թուականներուն միջեւ, ուրիշներ՝ 75 եւ 85 թուականներուն, իսկ ոմանք ալ՝ 70 թուականէն առաջ։

Էջեր