Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 4:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մամլոյ ազատութեան հարցերը կը դիտարկէ՝ փակ հասարակութենէն դէպի բաց հասարակութիւն անցնելու գործընթացի շրջագծին մէջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր ե­ղա­նա­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թը։ Միու­թե­նէն ներս նոր ե­ղա­նա­կի բա­ցու­մը բնո­րո­շեց հան­գու­ցեալ ա­րուես­տա­գէտ Տի­րան Ին­ճի­ճիի գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Միու­թեան 71-րդ շր­ջա­նի բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Մխի­թա­րեա­նի սա­նե­րէն Տի­րան Ին­ճի­ճիի նշա­նա­ւոր՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ման­րա­կեր­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խօս­քը, ընդ­հան­րա­պէս, որ­քան ալ կարճ ըլ­լայ եւ պարզ, ե­թէ ճշմա­րի­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, հրա­պու­րիչ կողմ մը կ՚ու­նե­նայ, եւ կը տպա­ւո­րուի միտ­քե­րու մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Թուա­յին լու­սան­կար­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման եւ բաժ­նեկ­ցու­թեան աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող եւ Ե­րե­ւան հաս­տա­տուած հայ­կա­կան «PicsArt» ըն­կե­րու­թեան ծրա­գի­րը (app) հե­ղի­նա­կա­ւոր CNET կայ­քին կող­մէ նե­րառ­նուած է «iPhone» հե­ռա­ձայն­նե­րու հա­մար պատ­րաս­տուած լա­ւա­գոյն ծրա­գիր­նե­րու ցան­կին՝ «Best iPhone Apps of 2016»ի մէջ, «Viber»ի, «Spotify»ի եւ «Fitbit»ի նման ծրա­գիր­նե­րու կող­քին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Թրքա­կան զի­նուո­րա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հեր­քե­ցին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տարուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց ԵՓԿ Սու­րիոյ մէջ ետ պի­տի քա­շուի Մեն­պի­չէն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Ան­գա­րա-Գա­հի­րէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րա­նը կը պատ­րաս­տուի իր օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կել բա­նա­ձեւ մը, ո­րով նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիոյ դա­տա­պար­տումը՝ 1915-ին հա­յոց դէմ ի­րա­գոր­ծուած կո­տո­րած­նե­րուն բե­րու­մով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի վրայ կրա­կած Օ­կիւն Սա­մաստ վեր­ջերս դի­մում մը ներ­կա­յա­ցուց Իս­թան­պու­լի 14-րդ պատ­ժա­կան ա­տեա­նին, ուր կ՚ըն­թա­նայ այս գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Ներ­կա­յիս այդ ա­տեա­նին մօտ ըն­թաց­քի մէջ է հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու զան­ցա­ռու­թիւն­նե­րուն նիւ­թը, որ այս գոր­ծի ընդ­հա­նու­րին մէջ ու­նի ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան ութերորդ անպաշտօն ժողովը:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր շրջանակային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յաջորդ ամիս:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Սերժ Սարգսեան կրնայ տեսակցիլ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ եթէ հանդիպումը օգուտ մը բերէ:
Սէրկէյ Լաւրով եւ Ժան-Մարք Էյրօ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը, որ ան­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նաք­քաշ­թե­փէի «Պրիճ» ճա­շա­րա­նին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 3:
Երեւանի ղեկավարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ողբերգական վիճակին մէջ առաջին հերթին կը գերադասէ հայ համայքներուն անվտանգութիւնը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն պահ որ կ՚ապ­րինք, ա­հա­ւա­սիկ այդ պա­հե­րուն ամ­բող­ջու­թիւ­նը «կեանք»ն է։ Ու­րեմն մենք «կեանք»ին մէջն ենք, ա­նով է որ կը շա­րու­նա­կենք մեր ըն­թաց­քը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին։ Սա Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հան­դի­պումն էր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Այ­սօր, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ան­պաշ­տօն հան­դի­պու­մը, որ ու­թե­րորդն է իր նման­նե­րու շար­քին։ Այս հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Եդուարդ Նալպանտեան Պրիճիթ Պրինքի հետ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն վե­րա­դար­ձաւ՝ Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 2:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Սփիւռքը պէտք չէ իր հայապահպանման պատասխանատուութիւնները թողու Հայաստանի վրայ, առանց մէկուն միւսը չի կրնար ապրիլ»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Աս ի՞նչ գէշ հոտ մը լե­ցուեր է նո­րէն մեր ննջա­սե­նեա­կը,- աչ­քե­րը շփե­լով կը դժգո­հի Սա­րան:
-Կ­­՚ե­րե­ւի այ­սօր նո­րէն տո­տիկ պի­տի ե­փեն,- կը շա­րու­նա­կէ Հռիփ­սի­կը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վիշտ» եւ «գե­ղեց­կու­թիւն». ի­րա­րու բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ, թե­րեւս եր­բեք ի­րա­րու չհա­մա­ձայ­նող, ի­րա­րու հետ ար­տա­սա­նել նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի եր­կու ի­րո­ղու­թիւն…։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի սա­նե­րը ու­շագ­րաւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րեն մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րու շրջագ­ծով։ «ԹՈՒ­ՄՕ»էն խումբ մը սա­ներ վեր­ջերս դար­ձան «Ա­րե­ւոր­դի» մի­ջազ­գա­յին բնա­պահ­պա­նա­կան 6-րդ փա­ռա­տօ­նի «Ման­կա­պա­տա­նե­կան» ա­նուա­նա­կար­գի յաղ­թող։

Էջեր