Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ըն­կե­րակ­ցու­թեան Golden Globe ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէջը անդ­րա­դար­ձած է Սա­րիկ Անդ­րէա­սեա­նի «Երկ­րա­շարժ» ֆիլ­մին: Ժա­պա­ւէ­նին նիւ­թը հիմ­նուած է 1988 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած երկ­րա­շար­ժի ի­րա­կան պատ­մու­թեան վրայ, որ խլած է շուրջ 25 հա­զար մար­դու կեանք:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Մոս­կուա­յի եւ Փե­քի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) եւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի նա­խագի­ծե­րը ի­րա­րու հետ ա­ռըն­չա­կից դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս նիւ­թը վեր­ջերս քննար­կուե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց քննար­կում մը։ «Մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վում. ջրա­յին մի­ջոց­ներ, խա­ղա­ղու­թիւն եւ անվ­տան­գու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Սու­րիոյ մէջ ե­րէկ կորս­տեան մատ­նուե­ցան եր­կու թուրք զի­նուոր­ներ, ո­րոնք կը մաս­նակ­ցէին Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, ժա­մը շուրջ 15.30-ին, այդ եր­կու զի­նուոր­նե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը խզուե­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ա­տա­նա­յէն հա­սած ող­բեր­գա­կան լու­րե­րը մեծ ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ։ Քա­ղա­քի Ա­լա­տաղ գա­ւա­ռա­կէն ներս հրդեհ մը ծա­գե­ցաւ երկ­յար­կա­նի ա­շա­կեր­տա­կան հան­րա­կա­ցա­րա­նի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016

Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Պա­քու։ «Ար­մէն­փր­էս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Դեկ­տեմ­բե­րի 13-ին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Մամ­լոյ ծա­նու­ցում­նե­րու հաս­տա­տու­թիւ­նը (Basın İlan Kurumu-BİK) ո­րո­շած է այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կել օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու թեր­թե­րուն հա­մար։ Ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ BİK-ի հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ար­դիւն­քին առ­նուած է այս ո­րո­շու­մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Հայաստանի մարմինները հետեւողական աշխատանք կը տանին սուրիահայոց խնդիրներու լուծման համար:
Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ բնակարանաշինութեան ծրագիրներ կեանքի կոչելու համար բանակցութիւններ կը վարուին Քուէյթի եւ Չեխիոյ հետ: Երեւանի ղեկավարութիւնը նոյն նպատակով կը ջանայ շարժման անցընել նաեւ ԵՄ-ի միջոցները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ տիրացաւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հակակշռուած տարածքներու երեսուն տոկոսին:
Պեշար Էսատի վարչախումբին ենթակայ զօրքերը թողած են միջանցք մը՝ որպէսզի քաղաքի արեւելեան հատուածին հիւսիսը դատարկուի զինեալներէն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին, Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին հան­րա­ծա­նօթ բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, իսկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ ե­րէց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ ներ­կայ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­մա­լի­րէն ներս պի­տի ո­գե­կո­չուի ան­մո­ռա­նա­լի թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ Ար­թօ Պէր­պէ­րեան։ Յա­ռա­ջի­կայ 1 Դեկ­տեմ­բե­րին Ար­թօ Պէր­պէ­րեա­նի մա­հուան 17-րդ տա­րե­լի­ցը պի­տի նշուի եւ այս առ­թիւ իր հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ նա­խա­տե­սուած է ծրա­գիր մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց «Սուրբ Հայ­րե­րու վարքն ու կեն­ցա­ղա­վա­րու­թիւ­նը» ժո­ղո­վա­ծո­յի ա­ռա­ջին հա­տո­րը։ Տաս­նինն գլուխ­նե­րու մէջ ամ­փո­փուած վա­նա­կան-ա­նա­պա­տա­կան բա­րո­յա­խօ­սու­թիւ­նը իւ­րա­յա­տուկ թե­մա­թիկ ու­ղե­ցոյց մըն է բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք կը փա­փա­քին ա­նա­պա­տա­կան հայ­րե­րու հո­գե­ւոր փոր­ձա­ռու­թեան ծա­նօ­թա­նալ եւ ա­նոնք ա­ռօ­րեայ կեան­քի մէջ ու­նե­նալ իբ­րեւ լու­սա­բա­նող օ­րի­նակ­ներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ժամանակակից երգահան Աւետիս Պէրպէրեան «Ճանապարհ դէպի լեռը» ձեռնարկին առթիւ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Արհեստավարժ ստեղծագործողը չի կրնար դադրիլ, անկախ իր դէմ ծառացած խնդիրներէն։ Անոր համար ստեղծագործելը իր բնութիւնն է, իր կեանքը»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ, կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը, ար­մատ­նե­րը՝ ո­րոնք անձ ինք­նու­թիւ­նը կը կազ­մեն զայն կրո­ղին։ Ան­հա­տը անձ է եւ ինք­նու­թիւն կը ստա­նայ եւ կը բնո­րո­շուի ի՛ր «ա­նուն»ով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Ա­խալ­քա­լա­քի ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նին (ԱԵԿ) մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «Ոս­կէ ա­շուն» ձեռ­նար­կը: Ա­շու­նը այս­տեղ բա­ցա­յայ­տուած է տար­բեր ձե­ւով. հիւր ե­կած է տա­րուան ա­մե­նա­գու­նեղ ե­ղա­նա­կը՝ իր բո­լոր գոյ­նե­րով եւ բերք ու բա­րի­քով: Ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին զգա­լի ե­ղած է աշ­նան շուն­չը, ո­րուն մաս­նակ­ցած է ԱԵԿ-ի տար­բեր խմբակ­ներ յա­ճա­խող շուրջ հա­րիւր սան: Կեդ­րո­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կած են եր­գով, աս­մուն­քով եւ պա­րա­յին կա­տա­րում­նե­րով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Հայաստանի մէջ կազմակերպուած աննախընթաց ձեռնարկը փայլուն անցաւ:
«Պուքինիստ» գրախանութն ու «Արեւիկ» հրատարակչութիւնը կը խրախուսեն ընթերցասէրները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­բե­րեալ քննար­կում մը։ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հիմ­նախն­դիր­ներ» խո­րագ­րեալ հա­ւա­քոյ­թին շրջագ­ծով մաս­նա­գէտ­ներ քննար­կե­ցին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ու պահ­պան­ման ուղ­ղեալ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լու խնդի­րը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին ճաշ­կե­րոյթ մը սար­քուե­ցաւ Թաք­սի­մի INTERCONTINENTAL պան­դո­կին մէջ։ Ե­րե­կոյ­թը պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016


Համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն ցուցաբերեցին Տատեան վարժարանի նկատմամբ՝ որպէսզի նորակառոյց համալիրէն ներս կրթական գործունէութիւնը շարունակուի ամուր հիմքերու վրայ եւ հարուստ աւանդութիւններով այս հաստատութեան աշխատանքը արգասաւորուի նոր սերունդներ հասցնելու ճանապարհին: Դպրոցի պիւտճէն թէեւ վերջնականօրէն չհաւասարակշռուեցաւ, սակայն գոնէ թթխմոր մը գոյացաւ հրատապ կարիքներու դիմագրաւման համար: Քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու կատարուած յամառ գործը նկատեց օրինակելի ու խոստացաւ յառաջիկային եւս նեցուկ կանգնիլ հնարաւորինս: Նախկին շէնքը վարձու տալու պարագային պիտի ուրուագծուի նիւթական հաւասարակշռութիւնները վերականգնելու հորիզոնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016

ՖԻ­ՖԱ-ին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած աշ­խար­հի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին խում­բե­րու նոր դա­սա­ւոր­ման մէջ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը մեծ ոս­տում մը ար­ձա­նագ­րե­լով (38 դիր­քի) բարձ­րա­ցաւ 87-րդ դիրք:

Էջեր