Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կ՚ը­սենք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մարդ ստեղ­ծուած է իր նմա­նին օգ­նե­լու, ա­նոր թե­րու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ տկա­րու­թիւն­նե­րը զօ­րաց­նե­լու հա­մար, եւ մէկ խօս­քով՝ մարդ կո­չուած է ի­րե­րօգ­նու­թեա՜ն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2016

Պեր­լի­նի մէջ (Գեր­մա­նիա), գտնուող «Մաքս Շմե­լինկ» մար­զա­հա­մա­լի­րէն ներս, 16 Յու­լի­սին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­հես­տա­վարժ կռփա­մար­տիկ Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի եւ նոր­վե­կա­ցի Թիմ-Ռո­պին Լի­հաու­կի ճա­կա­տու­մը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ԳԱ­ՅԻԱ­ՆԷ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԵԱՆ-ՄԱՐ­ԿՈ­ՍԵԱՆ

Ժա­մա­նա­կա­կից ե­րա­խա­նե­րը կը շրջա­պա­տէ հնչիւն­նե­րու հա­րուստ աշ­խարհ, ո­րուն աղ­բիւ­րը կը հան­դի­սա­նան՝ պատ­կե­րաս­փիւ­ռը, ձայ­նաս­փիւ­ռը, հա­մա­ցան­ցը…

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, մա­նա­ւանդ՝ ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րու շրջա­նին, քիչ չեն այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք  ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը բա­նա­կում­նե­րու կը ղրկեն, ար­տատ­նա­յին գոր­ծու­նէու­թեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ՎԱՀ­ՐԱՄ ԷՄ­ՄԻԵԱՆ

14 Յու­լի­սի կէս գի­շե­րին թու­նուզ­ցի մը բեռ­նա­կառ­քով վրա­յեր­թի են­թար­կեց Նի­սի մէջ Ֆրան­սա­յի ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րը դի­տող ժո­ղո­վուր­դը: Իս­կա­կան թի­րա­խը, սա­կայն, այդ ան­մեղ զո­հե­րը չեն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար Ֆրան­սան կը շա­րու­նա­կէ մնալ՝ որ­պէս թի­րախ հա­մա­րուող գլխա­ւոր եր­կիր: Անց­նող Նո­յեմ­բե­րին երբ «Սթատ տը Ֆրան­ս­»ի եւ «Պա­թաք­լա­ն» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծուէին, երկ­րի մէ­կէ ա­ւե­լի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը զգու­շաց­նէին, որ գա­լիք դէպ­քե­րը կրնան շատ ա­ւե­լի ծանր ըլ­լալ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

Սագօ Արեան կը գրէ Երեւանէն.-
Ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քը եւ «Սաս­նայ ծռե­ր» ա­նու­նով հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցած զի­նեալ­նե­րու խում­բին կող­մէ Է­րե­բու­նիի ոս­տի­կա­նա­կան-պա­հա­կա­յին կեդ­րո­նին վրայ կա­տա­րուած յար­ձա­կումն ու ա­պա գրա­ւու­մը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հիմ­նա­կան ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէտին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ՖԻ­ՖԱ-ն հ­րա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին խում­բե­րուն մի­ջազ­գա­յին նոր դա­սա­ւո­րու­մը, ո­րուն ա­ռա­ջին հինգ դիր­քե­րուն վրայ ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն ար­ձա­նագ­րուած է:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի 2015-2016 ու­սում­նա­կան շրջա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէն ա­ւար­տեց 40-րդ նս­տա-շըրջա­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, այս նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով, ինչ­պէս ար­դէն կը նա­խա­տե­սուէր՝ Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րը ընդգր­կուե­ցան ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին վրայ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

Հայաստանի Ոստիկանութեան բաժանմունքներէն մին երէկ բռնագրաւուեցաւ խումբ մը զինեալներու կողմէ:
Իրաւապահ մարմինները աշխատանք կը տանին հարցը առանց յաւելեալ արիւնահոսութեան լուծելու համար. ոստիկան մը զոհ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպքերու ընթացքին առընչութեամբ: Կը պահանջուի Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակուիլը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

Յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ պետական գրեթէ բոլոր օղակներէն ներս լայնածաւալ գործողութիւններ սկսան՝ հերձատիրական խումբի բացայայտման նպատակով:
Երկրի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ցոյցեր:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յամառ ոճով սկսաւ պահանջել, որ ԱՄՆ Թուրքիոյ յանձնէ զուգահեռ կառոյցին ղեկավարը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուր­քիա ճա­կա­տագ­րա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու բո­վով կ՚անց­նի։ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին ստեղ­ծուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բո­լոր նա­խըն­թաց­նե­րը ար­դէն փոր­ձա­քա­րի մը դէմ յան­դի­ման մնա­ցած են։ Սուր եր­կընտ­րանք­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը ձգուած է երկ­րին առ­ջեւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը տես­նուին եւ կը ճանչ­ցուին ի­րենց ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով, եւ շատ ան­գամ ծա­ծուկ կը մնայ ա­նոնց նե­րաշ­խար­հը։ Մինչ­դեռ մար­դուս նե­րաշ­խար­հը կը կազ­մէ «իս­կա­կան մարդ»ը՝ իր յու­զում­նե­րով, փա­փաք­նե­րով, կիր­քե­րով, մտա­ծում­նե­րով, մէկ խօս­քով՝ իր նկա­րագ­րո՛վ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016

«Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւնն ու մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցան «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Սա փրո­թո­քոլ ը­սուա­ծը վե­րին մա­կար­դա­կի եւ բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի ստա­խօ­սու­թիւն է, որ կը պատ­կա­նի նա­խա­գահ­նե­րու, վար­չա­պետ­նե­րու խա­ւին, վեր­ջա­պէս պե­տա­կան մա­կար­դա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կը ձեռ­նուին հրա­պա­րա­կաւ, ի հարկէ, բռնազ­բօ­սիկ կամ ա­րուես­տա­կան ժպի­տով, ի բաց ա­ռեալ կարգ մը «փո­քըր­ֆէյս»ե­րու, ո­րոնց ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կ՚եր­թայ ՌԴ­-ի Փութ­ին­ին...

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք Մա­ղա­քիա Ար­քեպս. Օր­մա­նեա­նի «Խոհք Եւ Խօսք»ի ԾԷ հա­տուա­ծը ներ­կա­յաց­նել։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

Ե­րէկ գի­շե­րուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ ե­րե­սակ­նե­րով պի­տի ար­ձա­նագ­րուին Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ յե­ղաշր­ջում­նե­րու թո­հու­բո­հով ապ­րած եր­կիր մը՝ գի­շե­րուան մը մէջ, շատ ալ հա­սուն ձե­ւով թօ­թա­փեց այդ հո­գե­վի­ճա­կը։ Եր­կի­րը մեծ քննու­թե­նէ մը ան­ցաւ ու կա­րե­լի է ը­սել՝ որ պա­տուով դուրս ե­կած է այդ փոր­ձու­թե­նէն։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

Պատմական ու մղձաւանջային գիշերէ մը վերջ, Թուրքիա այսօրուան այգաբացը դիմաւորեց անշրջադարձելիօրէն վերահաստատուած ազգային կամքի ամուր դրսեւումով։
Աշխարհի աչքին առջեւ կանխուեցաւ զինուորական յեղաշրջման փորձ մը: Զուգահեռ կառոյցին դաւադիր ծրագիրը ձախողեցաւ շնորհիւ պետական մարմիններուն եւ ժողովուրդին աննախընթաց դիմադրութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անզիջող եւ պաղարիւն դիրքորոշումով, նաեւ կուռ կոչերով երաշխաւորեց երկրին կայունութիւնն ու ներքին միասնականութիւնը։
Մայրաքաղաք Անգարայի, Իսթանպուլի եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ապրուեցան արիւնալի դէպքեր։ Ազգային մեծ ժողովի շէնքը եօթ ռումբերու թիրախ դառնալով կրեց աննկարագրելիօրէն ծանր վնասներ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այս առաւօտ ազատուեցաւ գերութենէ։ Ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը տէր կը կանգնին վարչակարգին։
Թուրք զինեալ ուժերէն հերձատիրական սակաւաթիւ խումբին հաշուարկները չարդարացան։ Բանակի վերնախաւէն շարք մը բարձրաստիճան դէմքեր ձերբակալուեցան։ Դատախազական կառոյցները ձեռնարկեցին լայնածաւալ հարցաքննութեան միջազգային ընտանիքը անվերապահօրէն կը զօրակցի իշխանութիւններուն։
Քաղաքիս հանրային փոխադրամիջոցները կը գործեն սովորական թափով, քանի մը բացառութեամբ։ Առօրեան բնականոն հունին վերադարձած է ահռելի ցնցումէն վերջ։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը վար­չա­ձեւ մըն է, որ ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գուի, կը թար­մա­նայ։ Մարդ­կա­յին մտքին մէջ որ­քան որ տա­րա­ծուին, ընդ­լայ­նուին ա­զա­տու­թեան սահ­ման­նե­րը՝ այն­քան նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­սուն­նայ զու­գա­հե­ռա­բար։

Էջեր