Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի տեսակցին Ժընեւի մէջ:
«Հաւատարիմ ըլլալով բանակցային գործընթացին՝ Երեւան հանդիպման պիտի մասնակցի, հակառակ Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւններուն»:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի շղթային վրայ աւելցաւ նոր օղակ մը՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի պատրաստութիւնով եւ Վաչէ Ղազարեանի յառաջաբանով:
Արեւմտահայ դասականներէն Վահան Թէքէեանի հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական եւ յուշագրական յօդուածներու հարուստ ժողովածոն լոյս տեսաւ՝ մեկենասութեամբ Նշան Քարայի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ 2017-2018 շրջանը։ Քուպայէն եկած «Եոսս» երաժշտական խումբի գործադրած յայտագրով ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նա­խը­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ Զուարթ­նոց դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Փոխ-ա­տե­նա­պետ Մի­նաս Քոր­թու­նի կող­մէ գլխա­ւո­ր-ւած դպրե­վանք­ցի­նե­րու շար­քին էր նաեւ վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վա­րու­ժան Պուլ­կան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած վաղուան համերգին ընդառաջ:
Նուագախումբը այս առաւօտ այցելեց  Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, իսկ երեկոյեան կը կատարէ փորձ մը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հոլիվուտի յայտնի արուեստագէտներէն Ճոն Մալքովիչը, որ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելէ Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ միջազգային փառատօնի բացման առթիւ։ Ճոն Մալքովիչին եւ կողակցին ուղեկցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներէն Արմէն Սմբատեան եւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ ծխախոտը՝ սիկառէթը օր մը, ընդհանուր դատախազին կողմէ ամբաստանուած էր բովանդակ մարդկութեան չարիք հասցնողի յանցանքով։ Ահաւասիկ, ամբաստանագիրը՝ զոր կը կարդար ընդհանուր դատախազը դատավարութեան ընթացքին.

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի մինչեւ տարեվերջ այցելել Թեհրան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փութինի դիւանագիտական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Թեհրանի մէջ նախատեսուած է եռակողմանի ձեւաչափով գագաթաժողով մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած շաբաթավերջի համերգին ընդառաջ:
Արսէն Աւագեանի կողմէ դիմաւորուեցան հիւր արուեստագէտները, որոնք առաջին անգամ կ՚այցելեն Իսթանպուլ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Նախաձեռնարկ մարմինը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր կը քննադատուին մամլոյ հաղորդումներն ու մեկնաբանութիւնները:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած անելի մթնոլորտին մէջ համայնքին կը մատուցուին լոկ փափաքներ եւ պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի վարիչներուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախաձեռնարկ մարմինը (ՆՄ) այսօր զեկոյց մը հրապարակած է մեր մամուլին մէջ՝ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին շուրջ։ Ըստ էութեան, հիմնական նորութիւն մը չի բովանդակեր այդ զեկոյցը, ունի ինքնանպատակ բնոյթ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի առաջին լսարանի տասնութ սաներուն հետ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Գալիֆորնիոյ համալսարանի հնագէտ մասնագէտներ յաջորդ տարի պեղումներ պիտի իրականացնեն Հայաստանի հնագոյն բնակատեղիներէն մէկուն՝ «Մասիս բլուր»ի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Լոնտոնէն ժամանած արուեստաբան Եոլանտ Քրոյին համաձայն, հայկական յախճապակին իւրայատուկ է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը եզրափակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով աշխարհի զանազան երկիրներէ հայ գրողներու, թարգմանիչներու եւ գրականագէտներու Հայաստանի մէջ համախմբման։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ փառատօն՝ ձօնուած Այվազովսքիի 200-ամեակին:
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը հանդէս եկաւ Ճոն Մալքովիչի հետ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017

Իրաքի Դաշնակցային դատարանը վճիռ արձակեց՝ որպէսզի կալանաւորուին Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս անկախութեան հանրաքուէն կազմակերպած ընտրական յանձնաժողովի նախագահն ու անդամները։

Էջեր