Արխիւ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւնով մը պատուեց յայտնի մտաւորական Երուանդ Պարէտ Մանոքը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԹԵՀՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելք տուած այցելութենէն ետք ջուրի երես կը հանուէր Ամերիկայի միջինարեւելեան «նոր» քաղաքականութեան ընդհանուր ուրուագիծը:
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած անգլերէն բառախաղը երէկ եզրափակուեցաւ։ Նախընթաց օր միջնակարգերու մակարդակով տեղի ունեցած բառախաղերուն երէկուան եզրափակիչ փուլը միջլիսէական մակարդակի վրայ էր։
Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։
Փարիզի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներուն հաւաքը։ Իսի-Լէ-Մուլինօ հայաբնակ արուարձանին մէջ համախմբուեցան հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։
Վառ դրուագներ, որոնք զուգորդուած են արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի տողերով:
Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի գործերուն ալպոմը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի:
Երեւանի մէջ երէկ յանձնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի մրցանակները։ Նախագահական ապարանքէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Ռազմիկ Փանոսեան կանգ առաւ արեւմտահայերէնի գոյատեւման եւ հայեցի ինքնութեան առողջ կազմաւորման վրայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայի Պետական համալսարանէն խումբ մը։ 32 դասախօսներէ եւ ուսանողներէ բաղկացեալ այս խումբի գլուխը կը գտնուէին՝ Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Ծիսագիտութեան ու խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ֆոյլնէր եւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան ու հայրաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փրոքշին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահի ընտրութենէն ի վեր երկրին մէջ հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ ընտրական նոր օրէնք մը հրապարակելու հարցը:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արմէն Յարութիւնեան (1996թ.)։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յաջողութեան դուռը բոլորին առջեւ բաց է, բայց յաջողութեան տանող ճամբան իւրաքանիւր էակի համար տարբեր եւ ոլորապտոյտ է։ Ճանապարհորդ-յայտնագործ մարդը կեանքի խաչմերուկներուն մէջ կ՚երթեւեկէ, բազմաթիւ մարդոց դուռը կը զարնէ, յանձն առած գործին ինքզինք ամբողջապէս կը նուիրաբերէ, կը ձախողի, չի յուսահատիր եւ կրկին կը մաքառի, բայց արդեօք կը յաջողի՞…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց 43-րդ օրը, Հայ Եկեղեցին կը նշէ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը։ Այս տարի, 28 Մայիս Կիրակի օրուան կը հանդիպի այս տօնը՝ որ Քրիստոսի Համբարձման յաջորդող Կիրակի օ՛րն է։ Այս տօնը Ծաղկազարդի անունէն առած է իր կոչումը։
Համբարձման տօնն ու Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան աւանդական փայլուն տարեդարձը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեանի պատգամը ընթերցուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան տագնապալի գործընթացէն ներս կլիմայի փոփոխութեան զուգահեռ կը սպասուի Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի ժամանման:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հրաժարականով ստեղծուած գետինը, ապահովուած արդիւնքը պէտք է վարպետօրէն վերածել հաւաքական ձեռքբերումի մը՝ ողջունելու համար խաղաղ շրջան մը:
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Նորին Սրբազնութեան հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Քէօլնէն եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ առնուած արմատական քայլերու լոյսին տակ շօշափեցինք իր տեսակէտը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները կեանքի կոչեցին պարի եւ երաժշտութեան փառատօն մը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց իր տարեկան աւանդական գարնան պտոյտը։ Թէ՛ պաշտօնի գլուխ գտնուող եւ թէ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներուն համար նախատեսուած էր այս պտոյտը, որուն մասնակցեցան բազմատասնեակ կրթական գործիչներ։ Էմիրկեանի «Պէյազ» ապարանքին մէջ համախմբուեցան պտոյտին մասնակիցները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ մարդուս առաջնակարգ նպատա՛կն է՝ «երջանիկ ըլլալ»։ Արդարեւ, մարդուս բոլոր ջանքերը, աշխատութիւնները ի վերջոյ կը կեդրոնանան այդ միակ նպատակին վրայ, եւ անոնք կ՚ուզեն երջանիկ ըլլալ, երջանիկ ապրիլ եւ երբ հասնին երջանկութեան՝ տեւական ըլլայ անիկա, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ մշտնջենաւո՛ր վիճակը պատէ ամբողջ կեանքը։