Արխիւ
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքէն ներս, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 1-ին, տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերայի համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պորիս Ճանսընի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին երկու նախարարները կանգ առին Կիպրոսի հիմնախնդրին եւ Իրաքի վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Հայազգի ջութակահար Նիքոլայ Մատոյեան «Կինես»ի գիրքի ցուցանիշ արձանագրած է: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Մատոյեան գրած է դիմատետրի իր էջին վրայ:
Հայաստանի Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան յայտարարեց, որ 2018 թուականէն սկսեալ երկրէն դէպի Եւրոմիութիւն արտածման ընթացակարգերը պիտի դառնան աւելի պարզ։ Անցեալ տարի Հայաստանէն դէպի ԵՄ արտածումներու եւ արտածման գործարքներու թիւը բարձրացած էր։
Մայք Փենս. «Ուաշինկթըն կը պաշտպանէ Թիֆլիզի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին»:
Միացեալ Նահանգներ եւ Վրաստան կը ձգտին ընդլայնել ռազմավարական գործընկերութիւնը:
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նորակառոյց երկաթուղիին միջոցաւ արդէն փոխադրուեցան առաջին ուղեւորները։ Այսպէս, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան ճամբորդութիւն մը իրականացուց՝ Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Ղազախիստանէն իրաւասուներու հետ։
Ամերիկահայ Արամազդ Անդրէասեան, որ կը մեղադրուէր իր հնգամեայ որդւոյն սպանութեամբ, ընդունեց իր մեղքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը գրած է, որ ան կրնայ դատապարտուիլ 25 տարուան բանտարկութեան։
Փորձագիտութեան աշխարհի հսկայական ընկերութիւններէն Apple-ի եկամուտները աննախընթաց վերելք մը արձանագրած են վերջին ամիսներուն, ինչ որ հասած է համաշխարհային տնտեսութեան ընդհանուր վիճակին վրայ ազդելու մակարդակին։
Հայաստանի նախագահը Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի իր պաշտօնակցի երդման արարողութեան:
Սերժ Սարգսեան կը մատնանշէ Հայաստան-Իրան-Ռուսասան եռակողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ներուժը:
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան որոշումները վաւերացուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մատնանշեց տարածքաշրջանային եւ միջազգային այն գործօնները, որոնք կը սպառնան ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ռէօյթըրզ» կրկին անդրադարձած է Հալէպի «Պարոն» պանդոկին: Նշանաւոր գործակալութիւնը այս օրերուն պատրաստած է հրապարակում մը, ուր Հալէպի «Պարոն» պանդոկը կ՚անուանէ «Խաղաղութեան յիշողութիւն»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ցանեցի ծառ մը
տարիներ առաջ
չեմ ալ յիշեր ե՞րբ
բայց կը յիշեմ խնամքս
շնչաւոր այդ արարածին
թիզ-թիզ աճումը
ծառ մըն է սովորական
սովորակա՞ն
չէ, չէ, շատ անձնական
աճեցաւ, ծաղկեցաւ
ամէն ինչ շատ լաւ էր
մինչեւ...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս անգամ մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք երկու թանկագին արժէքներու վրայ՝ որոնք մարդուն յատուկ բարոյական ստացուածքներ են։ Ուստի, գործնական եւ զօրաւոր դատողութիւն մը աստուածային շնորհ մըն է։
Գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը առաւել զարգացնելու նպատակով Երեւանի մէջ կը բացուին գրատնակներ։
Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
20-րդ դարու վաթսունական թուականներէն սկսեալ, եւրոպական մշակութային աշխարհը յատուկ ուշադրութիւն կը սեւեռէ Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն վրայ: Պատճառը լատին-ամերիկեան գրականութեան ասպարէզէն ներս յայտնուած նոր հեղինակներու աստղաբոյլն էր՝ մէկը միւսին յաջորդող շռնդալից երկերով, որոնց վիճակուած էր համաշխարհային գրականութեան անմահ ռահվիրաները դառնալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անհատի մը խիղճը, որ ո՛չ թէ միայն մարդուն ուղիղ եւ պատուաւոր կեանքի մը առաջնորդը, այլ նաեւ համայնքին բարձրագոյն օգուտին ծառայող ուժեղ ազդակ մըն է, կրնայ յաճախ քունի կամ թմրութեան վիճակի մը, նոյնիսկ բոլորովին մահացումի ենթարկուիլ։
Արցախի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ կը գործէ «Գիտելիքը ուժ է» երկշաբաթեայ ամառնային դպրոց-ճամբարը, որ համանուն կրթական նախաձեռնութեան մէկ մասն է:
Արցախի մէջ նուռի այգիները խաղողագործութենէն ետք իրենց ծաւալով երկրորդ տեղը կը գրաւեն:
Աշխարհահռչակ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան վերջերս այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Ան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։
«Առողջապահութեան ֆրանսական օրեր Հայաստանի մէջ» յաջող նախագիծը:
Նախարար Լեւոն Ալթունեան տեսակցեցաւ «Սանոֆի-Աւենթիս» խումբի ներկայացուցիչներուն հետ: