Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հռչակաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանի Լոս Անճելըսի մէջ ունեցած վերջին համերգը մեծ արձագանգ մը ստեղծած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս:
Սերուժ Գրաճեանի դաշնակի նուագակցութեամբ, յայտնի մեներգչուհիին արձանագրած հերթական յաջողութեան դրուատիքով կ՚անդրադառնայ նաեւ ամերիկեան մամուլը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ղեկավարութեանց հետ կարեւոր բանակցութիւններ վարեցին Պաքու մեկնելէ առաջ:
Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, միջնորդները անհանգստացած են հրադադարի խախտումներուն ժամանակ ծանր զինատեսակներու գործադրութեան երեւոյթով:
Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ Գալֆաեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը։ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Արուսեակ Մկրտիչեան, Սիրանոյշ Էօզնիկոլեան, Թամար Ներկիզ, Այլին Եանար, Սելին Եամաչ, Էպրու Եըլմազ եւ Էլիզապէթ Զինկիլլիօղլու աշակերտներուն արդէն բացատրութիւններ տուած էին Հայոց գիրերու գիւտին, Թարգմանչաց շարժման եւ Թարգմանչաց տօնին շուրջ։
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով՝ թէ՛ կրտսեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով պատրաստուած նոր մեղադրականին մէջ ծանրագոյն պատիժը պահանջուեցաւ երկու նախկին ոստիկանապետներու՝ Ռամազան Աքեիւրէքի եւ Ալի Ֆուատ Եըլմազէրի պարագային։
Թուրքիա կը շարունակէ լայնածաւալ պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Այս առաւօտ Տիարպաքըրի մէջ տեղի ունեցան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ լայնածաւալ գործողութիւններ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ։
Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ պիտի տեսակցին մինչեւ տարեվերջ՝ Դեկտեմբերի 6-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք սահմանադրութեան բարեփոխման հանրաքուէէն վերջ։ Եռանախագահները այսօր կ՚այցելեն Արցախ, ուր կը մասնակցին շփման գծի դիտարկման։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Քիեւի Փեչորեան վանքի ուխտաւորները։
Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս Միաբանական ընդհանուր ժողով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Սաղիմական միաբանները նկատի առին կալուածներու վերաբերեալ հարցեր եւ հաստատեցին վարձակալական նոր կանոն մը:
«Ու ծակում հոգիս» խորագրի ներքոյ գերմանախօս ընթերցողի դատին յանձնուած են անմահ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները:
Բանկալթըի «Նոստալժի» գրախանութ-մշակոյթի տան եւ «Պիրզամանլար» գեղարուեստասրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերու 60-րդ տարելիցին ձօնուած հաւաքոյթ մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մեր համայնքի հրատապ խնդիրներու լուծման գրաւականը անոր վարիչներու զօրակցութեան եռանդին, գործակցութեան ոգիին մէջ է:
Ֆէրիգիւղի երէկուան սիրոյ սեղանի եզրափակիչ փուլին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Իսկէնտէր Շահինկէօզ բարձրաձայնեցին տարակարծութիւններ:
Ս. Վարդանանց եկեղեցին եւ Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի եւս առարկայ դարձան համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմ սիրելի՜ ընթերցասէր բարեկամներ, հայ գիրի ու գրականութեան հաւատարիմ, ազնիւ՝ սրտակից ու համախորհուրդ ուղեկիցներ, Մեսրոպ Մաշտոցի հոգին ու ոգին ապրեցնող գրասէրներ, մշակոյթի ամիս՝ Հոկտեմբերի օրերուն ձեզ կ՚ողջունեմ։
Եւրոպաբնակ մտաւորական Փընար Սելէք առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան:
Հեղինակը Երեւանի մէջ պատմեց, թէ ինչպէս փորձած է վերակառուցել սեփական ինքնութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչելութենէն եւ Յարութենէն յետոյ Քրիստոսի պարապ գերեզմանը եւ Խաչը՝ Քրիստոսէ մնացած տեսանելի առարկաներէն էին, եւ անոնց վրայ կեդրոնացաւ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը, յարգանքն ու հոգածութիւնը, քանի որ Աստուածութեան լրիւ ամբողջութիւնը անո՛ր մէջ հաճեցաւ բնակիլ եւ անո՛վ հաշտեցնել ամէն ինչ իր հետ՝ խաղաղութիւն ընելով խաչի վրայ թափած իր արիւնով ե՛ւ երկրի վրայ, ե՛ւ երկինքի մէջ եղածներու համար։
Շիշլիի քաղաքապետութեան մօտ հաստատուեցաւ Հասարակական հաւասարութեան միաւոր մը, որ արդիւնքն է մարդու իրաւանց նկատմամբ նախանձախնդրութեան:
Ծանօթացման հանդիսաւոր հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, որ վերյիշեց նաեւ Պոյսան Եաքարը:
«Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով պարգեւատրեց Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Նոյն շրջագծով կազմակերպուեցաւ նաեւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր Արեւելեան լեզուներու «Լազարեան» ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանին: Շուրջ յիսուն երկիրներէ երեք հարիւր մասնակիցներ քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հրատապ հարցեր:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան 2015 թուականի Իսթանպուլի ճատրակի փոքրերու առաջնութեան։ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետութեան մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին դափնեկիրներու շարքին մաս կազմեցին Լիտիա Փուլատ, Տարօն Սիրականեա
Երէկ երեկոյեան Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 շրջանին բացումը։ Գատըգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։

