Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի սիրուած մեներգիչ Պարթեւ Կարեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ համերգով մը։ Պարթեւի համերգը նախատեսուած է «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն կազմակերպուեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հանգուցեալ դարպասապահ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս միջվարժարանային ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մրցումները տեղի ունեցան Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ։
Արցախի այցեքարտը դարձած Տիգրանակերտի մէջ այս տարի եւս կ՚ընթանան հնագիտական պեղումներ: Այս մասին Նորա Գրիգորեան տեսակցած է պեղումներու ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի հետ։
«Սօսէ 2017» միջազգային փառատօնը սկսած է շարժապատկերներու դիմումներուն ընդունումը: Հիմնական մրցութային ծրագրով կրնան մասնակցիլ բոլոր ժապաւէնները՝ առանց թեմայի սահմանափակման (խաղարկային, երկարաժամ, կարճաժամ, վաւերագրական):
Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա գիւղին մէջ իրականացուեցաւ ճատրակի բաց առաջնութիւն, որ նուիրուած էր Հայոց եղեռնի 102-րդ տարելիցին: Մրցաշարքը առաջին անգամ իրականացուեցաւ 2015 թուականին, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեանի եւ նախաձեռնութեամբ Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեանի:
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Զմիւռնիոյ հայերը»։
ԻՒՆԻՍԷՖ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակները պիտի համագործակցին յառաջիկայ շրջանին:
Մշակուած ծրագրի նպատակն է՝ երկրի համայնքներու զարգացման ուղղութեամբ խթանել սփիւռքի մասնակցութիւնը:
12 Յունուար 2015 թուականին Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ Աւետիսեան ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուոր Վալերի Փերմեաքով պատիժը պիտի կրէ Ռուսաստանի մէջ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ՝ «Հայկական պատմամշակութային արժէքները մերձաւոր Սփիւռքէ ներս» նիւթին վերաբերեալ քննարկում մը։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, որ կը ղեկավարէ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկը։
Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ արդէն աւարտած են բանակցութիւնները՝ համախոհական իշխանութիւն մը կազմելու նիւթին շուրջ։
Երեւանի մէջ յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը։ Սփիւռքի նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Համահայկական 6-րդ համաժողովը նախատեսուած է 19-20 Սեպտեմբերին։
Իզապէլ Մոթա յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի գլխաւորէ այս կարեւոր կառոյցը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութեան մէջ հերթի փոփոխութիւն:
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներուն տեսակէտէ երէկ կարեւոր համաձայնութիւն մը գոյացաւ երաշխաւոր երեք երկիրներու միջեւ:
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան Աստանայի մէջ փաստաթուղթ մը ստորագրեցին՝ բախումներէ զերծ շրջաններու ստեղծման ուղղութեամբ: Ուաշինկթընէն մտահոգութիւններ կը հնչեն՝ մասնաւորապէս Թեհրանի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու պարագային - Ըստ Անգարայի աղբիւրներուն՝ մանրամասնութիւնները տակաւին պիտի յստակենան:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը։ Մայրերու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին մասնակցեցան մեր զանազան թաղերէն Կազդուրման կայանի համակիր տիկիններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ կորուստ՝ ըլլա՛յ նիւթական, ըլլա՛յ բարոյական կամ հոգեկան, միշտ ցա՛ւ կը պատճառէ կորուստի ենթարկուողին, կորուստի մատնուողին։ Ուրեմն, մարդ պէտք է պէտք եղած միջոցառումները, հարկաւոր միջոցները պատրաստէ, որպէսզի կորուստ չունենայ եւ կամ պատահական կորուստէ մը նուազագոյն վնասով փրկուի։ Արդարեւ, մարդկային կեանքի մէջ երբեմն անխուսափելի են կորուստները, ինչպէս՝ նեղութիւններ, դժբախտութիւններ։
Արայի լեռը կրնայ զբօսաշրջային վայր դառնալ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան
Երուսաղէմի Հրէական համալսարանին մէջ շուրջ 40-50 ոչ-հայ ուսանողներ կ՚ուսումնասիրեն հայոց լեզու, հայկական մշակոյթ ու պատմութիւն: Այս մասին աւստը-րալիական SBS-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պատմած է համալսարանի դասախօս, Փրոֆ. Մայքըլ Սթոն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ «Դաւիթեան» հիմնադրամը միշտ կապի մէջ:
Երիտասարդներու կրթութեան եւ բարձրակարգ վերապատրաստման համար տարուած աշխատանքը գնահատանքի առարկայ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանի հայաշատ բնակավայրերէն Կլենտէյլի մէջ Վարդան Կարապետեան կոչուեցաւ քաղաքապետի պաշտօնի։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Մայիսի 1-ին Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամները ձեռնարկեցին քուէարկութեան եւ արդիւնքին միաձայնութեամբ քաղաքապետ ընտրեցին Վարդան Կարապետեանը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Եուրի Խաչատուրով ազատուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուան սկիզբի դրութեամբ Եուրի Խաչատուրով կը կոչուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարի պաշտօնին։