Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Եուրի Խաչատուրով ազատուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուան սկիզբի դրութեամբ Եուրի Խաչատուրով կը կոչուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարի պաշտօնին։
Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրը երէկ յատուկ ձեռնարկով մը նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Իպիս» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Մամլոյ ազատութեան ժամանակը» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հաւանական քաղաքական ուղիներուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյլիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ երէկ տեսակցեցան շուրջ երեք ժամ՝ քարտէսի վրայ մանրամասն քննարկելով տարածքաշրջանի իրադրութիւնը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է «Վաղարշապատ. վանքերը եւ վիմական արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը՝ հեղինակութեամբ վիմագրագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արսէն Յարութիւնեանի:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քարերուն վրայ թուականներ փորագրուած են՝ 1886, 1889..., հինցած փայտի խոնաւ ու հաճելի բոյր մը կայ, ձմրան ձիւնի խոնաւութիւնը տակաւին չէ ցամքած: Զառիվարը կը քաշէ մեզ, այլեւ մեր քայլերը կը յառաջանան, առանց նոյնիսկ մեզմէ հրահանգի մը սպասելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան մարդիկ, որոնք որոշ շրջանակի մը կը ծառայեն, կան մարդիկ, որոնք որոշ ժամանակի մը կամ տեղի մը կը պատկանին, եւ կա՛ն մարդիկ ալ, որոնք համայն մարդկութեան կը ծառայեն, համայն մարդկութեան պատկանող անհատներ են։ Արդարեւ, աշխարհ հակառակ գիտութեան, արուեստի եւ շատ մը ուրիշ մարզերու մէջ ցոյց տուած հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններուն, շատ դանդաղօրէն կ՚առնէ բարոյական այն քայլափոխը, այնքան բազմապիսի, բարդ եւ խորախորհուրդ ծառայութեան մտածումներու հասկացողութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալուի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Սոչիի բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին ամենայն մանրամասնութեամբ օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները:
«Էլ Ճեզիրէ» մասնաւոր նախագծի մը ձեռնամուխ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ:
Քաթարակեդրոն հեռուստակայանի Իսթանպուլի գրասենեակէն ներկայացուցիչներ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Կը տեղեկանանք, որ «Էլ Ճեզիրէ» արաբական հեռուստակայանը փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ձեռնարկած է՝ Լեռնային Ղաղաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս հեռուստակայանին կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռումներ կը կատարէ՝ արաբերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անցեալ դարաշրջաններուն եւ ներկայ դարուս իսկ երազներու առկայութիւնն ու մեկնաբանութիւնը միշտ ալ մարդոց անժխտելի ու մնայուն նիւթն են դարձած։ Մեկնաբանութիւն մը, որ կրնայ «փոխակերպել» համակ կեանքդ եւ կախումնաւորել քեզ այդ գձուձ ու հիմք չունեցող բացատրութեամբ։ Երազ մը, որ կրնայ քեզ յոռետեսութեան կամ լճացած վիճակի առաջնորդել, պարզապէս անոր համար՝ որ կեանքդ առընչած ես երազներու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ միշտ կան հակապատկեր երեւոյթներ, հակադրութիւններ եւ իրերամերժ արարքներ։ Այն որ ուշադրութեամբ կը դիտէ կեանքի ամէն մէկ եղելութիւն, կը տեսնէ, թէ հոն կա՛ն ամենէն մեղապարտ, աղտոտ եւ ստորին արարքներ եւ նաեւ՝ ամենէն մաքուր, բարի եւ ազնիւ արտայայտութիւններ, նոյնիսկ նոյն անձին կողմէ՝ տարբեր ժամանակներու կամ շրջաններու մէջ իրագործուած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ միշտ կան հակապատկեր երեւոյթներ, հակադրութիւններ եւ իրերամերժ արարքներ։ Այն որ ուշադրութեամբ կը դիտէ կեանքի ամէն մէկ եղելութիւն, կը տեսնէ, թէ հոն կա՛ն ամենէն մեղապարտ, աղտոտ եւ ստորին արարքներ եւ նաեւ՝ ամենէն մաքուր, բարի եւ ազնիւ արտայայտութիւններ, նոյնիսկ նոյն անձին կողմէ՝ տարբեր ժամանակներու կամ շրջաններու մէջ իրագործուած։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանն ու համանուն միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Մատակարար մարմնի աշխոյժ անդամներէն Սօնա Մորպոյաճըն։ Մխիթարեանի ընտանիքը այս շաբաթավերջին պիտի համախմբուի տարեկան աւանդական խաւիծի օրուան առթիւ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածի բնակավայրեր։ Արհեստավարժ յատուկ ուղեցոյցի մը ներկայութեամբ կազմակերպուած այս շրջագայութեան ծրագիրը ընդգրկեց՝ Սաֆրանպոլուն, Ամասրան, Զոնկուլտաքը եւ մերձակայ տարածքները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուրկէ ալ պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա՝ մասնակցելու համար ԳՀԽ-ի ժողովին:
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին միջոցաւ հերքեց իր հրաժարականին վերաբերեալ լուրերը, որոնք շրջանառութեան մէջ մտան Հայաստանի կարգ մը կայքէջերու հաղորդումներով: Նորին Սրբազնութիւնը դրական կը նկատէ 24 Ապրիլի պատգամին ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբու փութացած էր՝ Հոգեգալստեան տօնին ընդառաջ։
Կեդրոնական վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 130-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է յատուկ ձեռնարկ մը, որ խորագրուած է՝ «Հայ դպրոցը՝ անցեալէն դէպի այսօր»։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ երեկոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ամերիկեան զօրքերուն կողմէ անցեալ Ապրիլի 6-ին Սուրիոյ տարածքէն ներս ռմբակոծուած էր Շայրաթ օդային ռազմախարիսխը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն այցելեց Հնդկաստան, ուր շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հնդկաստանի Նախագահ Փրանապ Մուխերճի Նոր Տելհիի մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Էրտողանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ իր երկիրը։
ԵՄ-ի հովանաւորած Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման խրախուսման ծրագրի շրջանակէն ներս:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ այս առաւօտ կազմակերպուած նիստի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը: