Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

Փարիզի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներուն հաւաքը։ Իսի-Լէ-Մուլինօ հայաբնակ արուարձանին մէջ համախմբուեցան հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

Վառ դրուագներ, որոնք զուգորդուած են արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի տողերով:
Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի գործերուն ալպոմը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

Երեւանի մէջ երէկ յանձնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի մրցանակները։ Նախագահական ապարանքէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Ռազմիկ Փանոսեան կանգ առաւ արեւմտահայերէնի գոյատեւման եւ հայեցի ինքնութեան առողջ կազմաւորման վրայ:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայի Պետական համալսարանէն խումբ մը։ 32 դասախօսներէ եւ ուսանողներէ բաղկացեալ այս խումբի գլուխը կը գտնուէին՝ Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Ծիսագիտութեան ու խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ֆոյլնէր եւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան ու հայրաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փրոքշին։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի նախագահի ընտրութենէն ի վեր երկրին մէջ հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ ընտրական նոր օրէնք մը հրապարակելու հարցը:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017

Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արմէն Յարութիւնեան (1996թ.)։

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017

Համբարձման տօնն ու Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան աւանդական փայլուն տարեդարձը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեանի պատգամը ընթերցուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ:

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան տագնապալի գործընթացէն ներս կլիմայի փոփոխութեան զուգահեռ կը սպասուի Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի ժամանման:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հրաժարականով ստեղծուած գետինը, ապահովուած արդիւնքը պէտք է վարպետօրէն վերածել հաւաքական ձեռքբերումի մը՝ ողջունելու համար խաղաղ շրջան մը:

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Քէօլ­նէն եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ առ­նուած ար­մա­տա­կան քայ­լե­րու լոյ­սին տակ շօ­շա­փե­ցինք իր տե­սա­կէ­տը։

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը կեան­քի կո­չե­ցին պա­րի եւ ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօն մը։ Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան գար­նան պտոյ­տը։ Թէ՛ պաշ­տօ­նի գլուխ գտնուող եւ թէ հանգստեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած էր այս պտոյ­տը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­տաս­նեակ կրթա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Է­միր­կեա­նի «Պէ­­յազ» ա­պա­րան­քին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան պտոյ­տին մաս­նա­կից­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ մար­դուս ա­ռաջ­նա­կարգ նպա­տա՛կն է՝ «եր­ջա­նիկ ըլ­լալ»։ Ար­դա­րեւ, մար­դուս բո­լոր ջան­քե­րը, աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը ի վեր­ջոյ կը կեդ­րո­նա­նան այդ միակ նպա­տա­կին վրայ, եւ ա­նոնք կ՚ու­զեն եր­ջա­նիկ ըլ­լալ, եր­ջա­նիկ ապ­րիլ եւ երբ հաս­նին եր­ջան­կու­թեան՝ տե­ւա­կան ըլ­լայ ա­նի­կա, եւ ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ՝ մշտնջե­նա­ւո՛ր վի­ճա­կը պա­տէ ամ­բողջ կեան­քը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

Գալ­ֆաեան Տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մարմ­նա­մար­զա­կան խրախ­ճանք մը, «Աս­լը Չա­քըր» մար­զա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։ Դպրո­ցի մար­զան­քի ու­սու­ցիչ Հա­քան Կիւ­նար­թա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս միջ­վար­ժա­րա­նա­յին խրախ­ճան­քը, որ 12-րդն էր իր նման­նե­րու շար­քին։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

Ե­շիլ­գիւ­ղի հա­յոց վար­ժա­րա­նի 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի «Լէյ­լա Կեն­ճէր» գե­ղա­րուես­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ։ Շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի ներ­կայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը։ Դպրո­ցի ննջա­րա­նի բաժ­նի պար­տէ­զին մէջ հա­մա­կիր կա­նայք հա­մախմ­բուե­ցան սե­ղան­նե­րու շուրջ՝ համ­տե­սե­լով ի­րենց հա­մար պատ­րաստուած ման­թին։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ անգ­լե­րէն բա­ռա­խա­ղի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ա­ւան­դա­կան մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կազ­մա­կե­պուե­ցաւ 11-րդ ան­գամ։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ ձեռ­նար­կը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

Մե­րազն հա­մայն­քի սի­րե­ցեալ բա­րե­պաշտ զա­ւակ­ներ,

Մեր դա­րա­ւոր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի առ­կայ ա­նե­լը Ձե­զի ծա­նօթ է բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ 15 Մարտ 2017 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նա­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վէն վերջ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած պաշ­տօ­նա­գի­րը ա­կա­մայ ընդ­հա­տած էր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու գոր­ծըն­թա­ցին բնա­կա­նոն եր­թը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

​Սա­յաթ Նո­վա­յի յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող «Վար­դա­տօն-2017»ը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յի­սի 28-ին Թիֆ­լի­զի մէջ։ «Վի­րա­հա­յե­րու միու­թիւն»ը՝ Թիֆ­լի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին, Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, Թիֆ­լի­զի Պետ­րոս Ա­դա­մեա­նի ա­նուան պե­տա­կան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նի եւ Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պէ ա­շուղ Սա­յաթ Նո­վա­յին նուի­րուած ա­ւան­դա­կան «Վար­դա­տօն»ը:

Էջեր