Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017

Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յայտնեց, որ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերու իրաւունքներուն համար կառավարութիւնը ձեռնարկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեան մը։ Կիւմիւլճինէ կատարած այցելութեան ընթացքին ան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւններով, որոնք արձագանգ գտած են նաեւ տեղական մամուլին մօտ։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017

Իսրայէլի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Կատի Էյզընքոտ յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեծագոյն սպառնալիքը կը հանդիսանայ Իրան։ Բարձրաստիճան զինուորականը Սէուտական Արաբիոյ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին մեկնաբանեց տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017

Հոլանտայի ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ:
Պրուքերս-Քնոլ. «Պատմականօրէն եւ քաղաքական առումով կրնաք կամուրջ հանդիսանալ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017

Պրազիլիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ալոյզօ Նունէս Ֆերէյրա պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017

«Ժամանակի ընթացքին մեր երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, սակայն անփոփոխ մնացած են փոխադարձ ջերմութիւնն ու անկեղծութիւնը՝ պարզ մարդկային ճակատագրով եւ իւրաքանչիւր նորի պարագային ընկալունակութիւնը»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերով՝ Հայաստան եւ Ռուսաստան եղած են հաւատարիմ աւանդական արժէքներու եւ ազգային ինքնատիպութեան նկատմամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Թրքահայութեան տեսակէտէ իսկապէս ողջունելի յաջողութիւն մը, որ արդար հպարտութիւն կը պարգեւէ համայնքային շրջանակներուն:
Թորոս Ալճան գիտական գետնի վրայ՝ որպէս ատամնաբոյժ ծաւալած բազմակողմանի եւ լուրջ գործունէութիւնով հասաւ գագաթնային աստիճանի:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կամուրջին վրայ էինք ես եւ պատմաբանը: Կը քալէինք չորս կողմի դալարութիւնը ծծելով, թարմութիւն մը կը սահէր դալար այգիներէն դէպի մեր ներսիդին, ու զովութիւն մը կը գալարէր կամուրջին տակէն հոսող Եփրատի կարկաչին հետ միահիւսուելով:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տասը տարիէ ի վեր աշխարհը հետաքրքրութեամբ կը դիտէ, թէ ինչպէս անապատին մէջ Լուվր թանգարան մը կը շինուի: Ահաւասիկ, օրեր առաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Լուվր թանգարանը՝ «անապատի  եւրոպական զարդը», ինչպէս զայն անուանեցին կարգ մը միջազգային պարբերականներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կան մարդիկ, որոնք իրենց գործունէութիւններուն մէջ երբեք նկատի չեն առներ իրենց նիւթական, մարմնական, բարոյական կամ իմացական կարողութիւնները եւ տարողութիւնը եւ իրենց ուժէն, տարողութենէն աւելի ծանրութիւն վերցնելու կը յանդգնին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Ատամնաբոյժ Մկրտիչ Կիւլէզեան վերջերս այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, ուր քննեց աշակերտներու ակռաները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ եկեղեցիներու համատեղ յանձնախումբի անդամները, որոնք փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ իրեն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Էսաեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին ձօնուած հանդէս մը։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Արեւ Ելեկէնի եւ Արիս Նշանի հանդիսավարութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը երէկ օրուան տեւողութեան կարեւոր շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի
մէջ, ուր  տեսակցելով բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ՝ անոնց նկատառման յանձնեց մեր հաւաքական կեանքի այժմու հիմնական ակնկալութիւնները:
Փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի կողմէ ընդունուելէ վերջ, Պետրոս Շիրինօղլու մէկտեղուեցաւ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն ներկայացուցիչներու հետ, իսկ երեկոյեան վերադարձի ճանապարհին զրուցեց Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ:
Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ Ներքին գործոց նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի՝ կուսակալութեան կողմէ վերջերս փոխանցուած մօտեցումներու լոյսին տակ։ Համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին լուծումն ալ յաչս պետական մարմիններու կը դասուի հրատապ նիւթերու շարքին:
Գթութեան յարկի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով հետեւողական ու յամառ ջանքերը կը շարունակուին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ներքին ու արտաքին գործօններով պայմանաւորուած բազմաթիւ ազդեցութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ նոր շրջան մը կը ձեւաւորուի։ Քաղաքական իրադրութիւնը էապէս կը տարբերի մօտաւոր անցեալէն։ Հաշուի առնելով երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մօտաւոր անցեալին յաղթահարուած փորձութիւնները՝ հանրային կարծիքին մօտ զգալի է ընդհանուր վերապահութիւն մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով։ Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը, ինչպէս նաեւ միջպետական կապերու ապագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Ձեռական աշխատութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները իրենց անուններու սկզբնատառերով կերպասէ պայուսակներ պատրաստեցին ու զարդարեցին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր ընկերները։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պէյքոզի եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման, բարեզարդման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքներուն շուրջ։

Էջեր