Արխիւ
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ շփումները հետզհետէ կը սերտանան:
Սերժ Սարգսեան եւ Նարենտրա Մոտի քննարկեցին երկկողմանին երկկողմանի կապերու տեսակէտէ հեռանկարային ոլորտները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պատրաստուի Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է 16 Նոյեմբերին։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին ան պիտի ուղեւորուի Ուաշինկթըն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխի պարագային միշտ առկայ են նուրբ հարցականներ ու բարդութիւններ:
Կանոնագրութեան իւրացումը՝ խնդիրներու կիզակէտին:
Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օքսայեան տրամադրուած են շատ դրական ու կը ձգտին, որ ամուր լուծում մը գտնուի երկարատեւ այս տագնապին: Իրադարձութիւններու ընթացքը կրնան պայմանաւորել նաեւ ներկայ դատավարութիւնները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ մեր վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ տիկինները երէկ հանդիպում մը ունեցան Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ առկայ փակուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։
Մեքսիքայի նորահաստատ հայ համայնքին համար անգնահատելի զօրակցութիւն:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մեխիքոյի մէջ հիւրընկալուեցաւ աննախընթաց ջերմութեամբ:
Երեւանի ճազի փառատօնը անմոռանալի պահեր կը պարգեւէ երաժշտասէրներուն՝ որակով, մակարդակով:
Օփերայի համալիրէն ներս Արթօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ փայլուն ձեռնարկ մը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ին, 106 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Լեւոն Թորոսեան անունով հայազգի արժանաւոր մանուկ մը, որ կոչուած էր Անրի Թրուայա գրչանունով իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճելու ֆրանսական գրականութեան աշխարհահռչակ տաղանդներու փաղանգին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գերմանիացի նշանաւոր իմաստասէր Հէկէլ արուեստագէտներէն կը պահանջէ ամենէն առաջ՝ կեանքի խորհուրդներուն արտայայտութիւնը։ Իսկ Զօլա գեղարուեստը սահմանած է որպէս «խառնուածքի մէջէն երեւցող բնութիւն» մը. «la nature à travers un temperament»։
Յօրինող, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, խմբավար Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան օրը՝ Նոյեմբերի 1-ին, անոր գործունէութիւնը գնահատողներն ու ստեղծագործական ժառանգութեան երկրպագուները այցելեցին Սպենդիարեանի շիրիմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յօրինողի յիշատակին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ սկսան հոգեւոր դասեր։
Շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։
Պատրիարքարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած սրբազաններու ժողովին առընչութեամբ շօշափեցինք կարծիքը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիայէ վերադարձին երեք սրբազաններով ունեցանք խորհրդակցութիւն մը։
Գերմանիայէ վերադարձին տեղապահ սրբազանը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան. «Ի պահանջել հարկին՝ յառաջիկայ շաբաթներուն ժամադրութիւն մը խնդրելու համար կրնամ դիմել կուսակալութիւն։ Նախաձեռնարկ մարմնի հրաժարեալ անդամները պէտք է սպասէին իմ Պոլիս ժամանելուս։ Անհրաժեշտ արժեւորումներու հիման վրայ այս մասին յայտարարութիւն մը պիտի ընենք մօտակայ օրերուն»:
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ այս պահու դրութեամբ կան նուազագոյն երաշխիքները, ուշ կամ կանուխ, պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար եւ ինք տակաւին կը սպասէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երէկ երեկոյեան առիթն ունեցանք հեռաձայնի վրայ զրուցելու տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց մեր զրոյցը։ Երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ դարձեալ կուտակուած են հարցականները՝ այս զրոյցը անգնահատելի հնարաւորութիւն մըն էր մեզի համար։
Հնդկական Sommelier գինիի ամսագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գինեգործութեան՝ դարերու խորքէն եկող աւանդոյթներուն եւ ներկայ միտումներուն։
Երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ յետոյ կեանքի 81-րդ տարիին մահացած է Կ. Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Գրիգորեան։