Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շարունակեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապու Տապիի շփումներէն վերջ ան երէկ ուղեւորութեան ծրագիրը շարունակեց Տուպայիի մէջ։ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ, Վարչապետ ու Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքթումի կողմէ։
ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն արդիւնքը կը բնորոշէ համայն աշխարհի օրակարգը:
Անգարա Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորելու ժամանակ կրկնեց Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման սպասումը:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 78-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին պիտի բացուի Իսթանպուլի 35-րդ գիրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։ Տօնավաճառին այս տարի եւս կը մասնակցի «Արաս» հրատարակչութիւնը, որու տաղաւարը պիտի գտնուի համալիրի երրորդ սրահէն ներս՝ 603 D։
Սիրոյ սեղանները ընթացքի մէջ՝ մեր վարժարաններու յարատեւութեան տեսլականով:
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին պիտի համախմբուին Ս. Խաչ դպրեվանքի համար:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Բառերու սէրը... բառեր կան, որոնք սիրելի են եղած. բայց պէտք է ըսել, որ գրեթէ ամէն բառ սիրելի է, նայած ե՞րբ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, որո՞ւն եւ ո՞ւր կը գործածենք զայն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աւել, աւե՜լ, մեծ ու փոքր աւելնե՜ր…
Կրկներգի պէս, յատուկ երաժշտութեամբ մը կը կրկնէ նոր վարձած տանս պատշգամին տակէն ամէն օր անցնող այս շրջուն վաճառականը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէնը Պոլիսէն Երեւան վերադարձին իր տպաւորութիւնները բաժնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ:
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան. «Ինծի համար հետաքրքրական երեւոյթ էր՝ Հրանդ Տինքի անուամբ կոչուած հայաստանցի երախաներուն դպրոցը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը, որպէս խորհող արարած, դարերու ընթացքին, միշտ գիտնալ ուզած է իր գոյութեան իմաստը եւ արժէքը։ Արդարեւ, կեանքի որեւէ շրջանին մէջ, մարդ կը հարցնէ ինքն իրեն սա հարցումը. «Ի՞նչ է մարդը»։
Կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Զուիցերիոյ մէջ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Անաստասիատիս աշխատանք կը տանին հիմնախնդրին լուծում մը գտնելու առաջադրութեամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ապու Տապիի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ձեռնարկած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Ան տեսակցեցաւ Ապու Տապիի Էմիրութեան թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Զայիտ Էլ Նահեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Հենրիխ Մխիթարեան յանձնառու ոգիով հանդէս կու գայ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ծրագրերուն շրջագծով:
Ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին կողմէ:
«WTM 2016» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին շրջագծով Հայաստանի տաղաւար:
Լոնտոնի մէջ լայնօրէն ծանօթացուեցան երկրի հնարաւորութիւններն ու մեծ ներուժը:
Երէկ, Երեւանի մէջ հիմնանորոգութեան երկարատեւ աշխատանքներէ վերջ վերաբացուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծանուն նկարիչի հերթական անգամ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշման։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը, որ կը գործէ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ։ Բացման արարողութեան պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։
Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ հաստատուած մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ «Օփըն-Ռութ» կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Լուի Փուզէնին։ Երէկ, Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով մը շնորհուեցաւ այս տարուան մրցանակը։
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Փաոլօ Ճենթիլիոնի Երեւանի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բարձր մակարդակի բանակցութիւններէն վերջ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ պիտի ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդումն ու համագործակցութեան խորացումը։
Տանըլտ Թրամփ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ։ Երէկ ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որու հիմնական դէմքերն էին Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Տանըլտ Թրամփ եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Հիլըրի Քլինթըն։
Այս տարի Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքներուն մասնակցութիւն կը բերէ 450 աշակերտ:
Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի մէջ շիշլիցիները աշխատանք կը տանին փորձառու մարզիչներու վերահսկողութեան ներքեւ: