Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2014 թուականի կէսերուն, երբ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը իր տիրապետութեան տակ կ՚առնէր Իրաքի կարեւոր նահանգները, ոչ ոք կը մտածէր, թէ այս «նորաստեղծ» խմբաւորումը պիտի դառնար սպառնալիք, ոչ միայն Իրաքի, այլ՝ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար:
«Փոքրիկ» մանկական կայքէջի պատասխանատուներէն Գարօլին Մամիկոնեան, Գարօլին Սարը եւ Սելմա Մելեքեան վերջերս այցելեցին Գալֆաեան Տուն։ Անոնք պաստառի վրայ աշակերտներուն ներկայացուցին կայքէջը, ուր տղոց տրամադրութեան տակ դրուած են դասական առասպելներ, արդի պատմուածքներ եւ այլն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 1-ին, 83 տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահացաւ հայկական ճարտարապետութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Թորոս Թորամանեան (1864-1934): Շնորհալի ու նշանաւոր ճարտարապետը իրաւամբ կը նկատուի հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրը:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան խնդրին մէջ պաշտամունքի լեզուն դասական գրաբարէն դէպի աշխարհաբար թարգմանութիւն եղած է մնայուն հարց մը՝ մօտ հարիւր տարիներէ ի վեր։ Յաճախ թելադրուած է, որ գրաբարը անհասկնալի ըլլալով հաւատացեալին չէր կրնար ծառայել որպէս հաղորդական միջոց Ս. Գիրքը եւ անոր վրայ հիմնուած ժամապաշտութիւնը հասկնալի դարձնելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւնը «կը պսակուէր» Նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ «սպասուած» հանդիպմամբ, որու աւարտին երկու ղեկավարները հանդէս կու գային մամլոյ «ազդեցիկ» ասուլիսով մը:
2013 թուականին հաստատուած հայկական «Զանգի» (Zangi) համացանցային սպասարկութիւնը, որ արդէն իսկ աւելի քան մէկ միլիոն օգտատէր ունի, ձրի հեռաձայնային եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ տրամադրող «Սքայփ»ի (Skype) եւ «Վայպըր»ի (Viber) նման սպասարկութիւններուն մրցակից դարձած է արդէն։
Հայաստան այս տարի աննախադէպ արդիւնքներ արձանագրած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Նոյշթատթ քաղաքին մէջ Փետրուար 25-ին տեղի ունեցած MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards միջազգային մրցանակաբաշխութեան:
«Հայ-բրիտանական IT նախաձեռնութիւններ» խորագրեալ ծրագիրը երէկ ծանօթացուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանէն շուրջ երկու տասնեակ ընկերութիւններ կը ջանան հասնիլ Անգլիոյ գործարար շրջանակներուն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը թեւակոխած է իր գոյութեան ու գործունէութեան քառորդ դարը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ կառոյցի գրասենեակը, ուր զրուցեց անձնակազմին հետ:
Ստեփանակերտի մօտեցմամբ, բանակցային գործընթացը կանգ առած է Պաքուի պատճառով:
Կարէն Միրզոյեան. «Ատրպէյճան կը փորձէ ընտրովի մեկնաբանել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը միշտ դրականին հակազդելու, հակառակելու, ընդդիմանալու, չընդունելո՛ւ բնական «ներքին մղում» մը ունի։ Մէկ խօսքով, մարդ տուեալ դրութեան հնազանդելու կը դժուարանայ, կը տատամսի…։
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բնական պայմաններու մէջ ուղեղը գանկին մէջ կը մնայ անշարժ: Ան կը շարժի արտաքին հարուածի մը պատճառով. այլ խօսքով, ան կը ցնցուի եւ տեղի կ՚ունենայ ուղեղային անբնական գործունէութիւն: Ուղեղի այս շարժումը կամ ցնցումը կը կոչուի «ուղեղացնցում» (concussion):
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Լեզուն մարդոց հաղորդակցութեան կարեւորագոյն միջոցն է: Անիկա յառաջացած ըլլալով հասարակութեան մէջ ստեղծուած անհրաժեշտութեան ստիպողական պահանջով՝ իր գոյութիւնը կը պահպանէ, քանի որ մարդոց միջեւ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց կը ծառայէ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան, որ միեւնոյն ժամանակ Առաջնորդարանի մշակոյթի յանձնախումբը կը գլխաւորէ, արժանացաւ բարձր պատիւի մը։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ դէպի Պիշքէք։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը 6-7 Մարտ թուականներուն շփումներ պիտի ունենայ Խրղըզիստանի մէջ։
«Ալեքսանտր Մանթաշեանցի ժամանակը. հայ գործարարներու կեանքը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն»:
«Հայփոստ» ընկերութիւնը դրոշմաթուղթ մըն ալ թողարկած է՝ մեծանուն բարերարի 175-ամեայ յոբելեանին առթիւ:
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Շիշլիի մէջ հնչեցին կրակոցներ։ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի շէնքին առջեւ անձ մը երկու անգամ կրակեց հանդիպակաց պատին վրայ ու խոյս տուաւ՝ մերձակայքի ինքնաշարժով մը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային մեծ ժողովի արտաքին գործոց մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Աւելի վերջ ան բացատրութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Երեւան եւ Ստեփանակերտ պատերազմ չեն փափաքիր, մինչդեռ Պաքու վաղուց անընդհատ կը խօսի այդ մասին»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկուան դեսպանահաւաքին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։