Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական փայլուն ձեռնարկ մը՝ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ:
Համայնքային շրջանակները տօնական տրամադրութեամբ մասնակցեցան երեկոյթին, որու ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին խնամակալութեան՝ վարժարանի յարատեւութեան ուղղեալ ջանքերուն համար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս ա­ռա­ւօտ Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

​Թոփ­հա­նէի Tütün Deposu-ի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «102 քայլ» խո­րագ­րեալ հա­մերգ մը, որ ձօ­նուած էր հա­յոց Մեծ ե­ղեռ­նի 102-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Music of Armenia-ի եւ Anadolu Kültür-ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման խրա­խուս­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րին շրջագ­ծով շա­բա­թա­վեր­ջին հե­տաքրք­րա­կան հա­ւա­քոյթ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի (Tarih Vakfı) եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան եւ սե­ռա­կա­նու­թեան հետ­քե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնը կը զուգադիպի երկրի կառավարման համակարգի փոփոխման որոշման շրջանին:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ վար­ձու տրո­ւած է Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հին շէն­քը։ Ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­նէին այս շէն­քը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Նա­րեկ Պալ վեր­ջերս Ժը­նե­ւի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուե­ցան 12-րդ ան­գամ։ Ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի ծի­րէն ներս, մին­չեւ 15 տա­րե­կան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ան հան­դի­սա­ցաւ երկ­րորդ։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ պտոյտ մը կա­տա­րե­ցին դէ­պի Է­միր­կեան։ Միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ այս խում­բը Է­միր­կեա­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ ու­նե­ցաւ հա­ճե­լի ժա­մանց։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՀԱՅ­ՃԱՐ վեր­ջերս ի­րա­կա­նա­ցուց իր ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ար­դիւն­քին ընտ­րուե­ցաւ նոր վար­չու­թիւ­նը։ Սա ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի վե­ցե­րորդ շրջա­նի վար­չու­թիւնն է, ո­րուն մաս կը կազ­մեն հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րուե­ցաւ։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ, Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ սար­քուե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ մը։ Իս­կա­կան սի­րոյ սե­ղա­նի մը մթնո­լոր­տին մէջ ան­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին մէջ  յայտարարութիւնները իրերու կը  յաջորդեն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկցուց, որ ճնշումի տակ կը գտնուին մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները: Համայնքի վարիչներուն դիրքորոշումը ընտրեալ-տեղապահի ակնկալութիւնները չէ արդարացուցած եւ պատճառ յառաջացած՝ յուսախաբութեան: Նորին Սրբազնութիւնը յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի մեկնի Գերմանիա:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չկայ գո­յակ մը այս երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, որ «ճշմար­տու­թեան» եւ «ա­նա­չա­ռու­թեան» կողմ­նա­կի­ցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջա­պա­տի մար­դոցդ, որ ճշմար­տու­թեա՞ն կամ ստա­խօ­սու­թեան կողմ­նա­կից են, ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար-պա­տաս­խան մը կը ստա­նաս։ Բո­լորն ալ «ճշմար­տա­խօս» եւ «ճշմար­տու­թեան» պաշտ­պան­ներն ու ջա­տա­գով­ներն են, ո­րոնք ո­գի ի բռին կը փոր­ձեն կեղ­ծամտու­թեան եւ կեղծ­պա­րիշ­տու­թեան քօ­ղին տակ սու­տը՝ ճշմա­րիտ, տգե­ղը՝ գե­ղե­ցիկ, յի­մա­րը՝ ի­մաս­տուն, ան­յա­ջո­ղա­կը՝ յա­ջո­ղակ, ա­պի­կա­րը՝ կա­րող, ա­նու­սը՝ ու­սեալ, մե­ղա­ւո­րը՝ ան­մեղ, ան­գոյ­նը՝ երփ­նե­րանգ ներ­կա­յաց­նել հան­րու­թեան աչ­քին։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցին «ծննդոց»ը 
Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Պէյ­րու­թը կը կիսուէր եր­կու­քի: 

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կու հա­զար տա­րուայ ցան մը՝ ար­մա՛տ մըն է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, որ փո­խեց մարդ­կու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քը եւ էու­թիւ­նը։ Եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Քրիս­տոս իր վար­դա­պե­տու­թեամբ հին մար­դը վե­րա­ծեց նոր մար­դու եւ նոր հո­գիով, նոր միտ­քով օժ­տեց ու բա­րե­փո­խեց մարդ­կու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

WBO-ի վար­կա­ծով աշ­խար­հի նախ­կին ա­խո­յեան հա­յազ­գի Ար­թուր Աբ­րա­համ այ­սօր գեր­մա­նա­կան Էր­ֆուրտ քա­ղա­քին մէջ պի­տի ճա­կա­տի լեհ Ռո­պին Քրաս­նի­քի դէմ (29 տա­րե­կան):

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017

Վե­նե­տի­կի «Viva Arte Viva» ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին 2017-ի ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յիս 13-Նո­յեմ­բեր 26 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­րուես­տա­գէտ­ներ Ռա­ֆա­յէլ Մե­կալ, Ժան Պօ­ղո­սեան եւ Մի­րօ Պեր­սո­լիա:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը, ի դէմս Ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րու հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան մէջ «Մայք­րո­սոֆ­թ»ի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Ռո­լանտ Պին­քոֆս­քիի եւ Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, ի դէմս նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­նի, ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Թու­ֆէն­քեան» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով վե­րա­նո­րո­գուած է Հադ­րու­թի շրջա­նի Ակ­նաղ­բիւր հա­մայն­քի ա­ռանձ­նա­տուն մը եւս: Հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ Անդ­րա­նիկ Գաս­պա­րեան յայտ­նած է, որ ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն ետք հիմ­նադ­րա­մը ձեռ­նար­կած է նոր ծրա­գ­րի մը եւս, ո­րով նա­խա­տե­սուած է վե­րա­նո­րո­գել հաշ­ման­դամ­նե­րու տու­նե­րը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը, իր Ֆրան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սկսած է հենտ­պո­լի (ձեռ­քի գնդակ) մար­զահ­րա­պա­րա­կի կա­ռուց­ման:

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նա­մար­զա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նը եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց հա­մա­հայ­կա­կան այս կա­րե­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեան ազ­գան­պաստ, ազ­գա­նուէր դա­րա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Էջեր