Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ սփիւռքահայ մտաւորական Արա Կարմիրեան։ Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան կնքած է իր մահկանացուն, սակայն իր կորուստը ցաւալի է՝ մանաւանդ, որ սփիւռքեան մեր իրականութենէն կը պակսին իրեն նման մտաւորական դէմքերը։ Որպէս ճարտարագէտ, գրող ու ֆիլաթելիստ ան իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարեց, որ Մեծամօրի աթոմակայանը կը շարունակէ մտահոգութեան առիթ մը մնալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միւս հարեւաններուն համար։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը անընդհատ կը շարունակէ իր յարձակումները, որոնք կ՚ունենան արիւնալի հետեւանքներ։ ՓՔՔ-ականներու յարձակումներուն հետեւանքով երէկ նահատակուեցան տասն զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ ու ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրէն ներս։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Եռօրեայ ուղեւորութեան առաջին հանգրուանին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Կազիանթէպի մէջ։ Ճանսըն այցելեց գաղթականաց ճամբարը, ուր զրուցեց ապաստանեալ ընտանիքներուն հետ։ Մանկապարտէզի մը մէջ ան լսեց փոքրիկներուն երաժշտական կատարումները։
Հիւսթընի մէջ Ռայսի համալսարանի «Ճէյմս Պէյքըր» հանրային քաղաքականութեան կաճառէն ներս շահեկան հաւաքոյթ, Ճերեճեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մարտահրաւէրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Յորդանանահայ գաղութի արուեստասէր շրջանակը բացառիկ առիթը ունեցաւ ներկայ գտնուելու «Վարդավառ» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Ամմանի «Հուսէյին» մշակութային կեդրոն-թատերասրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի:
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնը սկսաւ:
Երեւանի Օփերայի «Արամ Խաչատուրեան» դահլիճի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գեղանկարիչ Հրայրը (Հրայր Տիարպեքիրեան) մեծ արուեստականութիւն ունեցող անձ մըն է: Ան արթիսթիք է իր պահելաձեւով, խօսելաձեւով, ապրելակերպով… Արտաքինով հանրութեան մէջ աչքի զարնող այս գեղանկարիչը ծանօթ անուն մըն է:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանէն սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր հայերէնի ուսուցչուհի Զեփիւռ Տիզչէքէնեան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ իւրաքանչիւր սանի հետ, իր օրհնութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն, նաեւ վերյիշեց դէպի Արժանթին հովուապետական ուղեւորութեան ընթացքին վարժարան տուած այցը։
Արթիւր Պաղտասարեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Իսթանպուլահայ երգիչը պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
1992-ի ամառը ընտանեօք Երեւան անցուցինք: Այդ օրերու մանկական յիշողութիւններուս մէջ անջնջելի տեղ կը գրաւէ Հայաստանի հացը: Օ՜հ, ինչ կարծր ու անհամ էր այդ օրերու Հայաստանի սովորական հացը, քա՛ր էր կարծէք: Վրան ալ մեզի համար անսովոր ու տհաճ հայաստանեան ճաշատեսակները եւ յատկապէս կանաչիով պատրաստուած ապուրները կ՚աւելնային…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «սիրտ»ը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ յարաբերութիւններու մէջ եւ ուղեցոյց մը կ՚ըլլայ անոնց զարգացման համար։
Ֆրանսայի իշխանութիւնները որդեգրած են օրէնք մը, որ կ՚արգիլէ 2020 թուականէն սկսեալ կերպընկալէ մէկ անգամ օգտագործուող պնակեղէնի վաճառքը: Մինչ այդ արտադրողները պէտք է ձերբազատուին բոլոր գոյութիւն ունեցող կերպընկալէ ամբողջ արտադրանքներէն: Հետագային անոնք պիտի կարենան այդպիսի ապրանքներ արտադրել միայն կենսատարրալուծուող նիւթերէ:
2016-2017 սիրոյ սեղաններու շրջանը սկսաւ համայնքի զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան տրամադրութիւններու փայլուն եւ յուսադրիչ դրսեւորմամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սամաթիոյ երէկուան աւանդական արարողութիւններուն:
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս լոյս ընծայած է «Պատմական քաղաքներ եւ հայերը. Պիթլիս եւ Մուշ» խորագրեալ գիրքը։ Ամերիկահայ յայտնի պատմաբան Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կողմէ խմբագրուած այս գործը անգլերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Զիւլալ Քըլըչ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է «Արաս»ի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ, իսկ կողքի ձեւաւորման հեղինակն է Արէտ Կըճըր։
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի «Սերունդներու պատմական աւանդ» յատուկ հանդիսութիւնը՝ նոյնինքն համալսարանի հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Սեպտեմբեր 5, 2016 թուականին, վաղ առաւօտեան Ս. Էջմիածնէն կ՚ուղեւորուինք Արցախ աշխարհ, երկար տարիներու չիրականացուած երազը առաջին անգամ կեանքի կոչելով: Թէ ինչո՞ւ այսքան ուշացում դէպի Արցախ ուխտագնացութիւնը իրականացնելու համար այդ խորքին մէջ ինձ համար յստակ չէ: Երեւի Աստուծոյ նախախնամութիւնը այս էր:
Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին թիրախը դարձաւ Սեւակ Խաչատրեան (1997)։
«Լեհավա» ցեղամոլ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ ծայրայեղական արարք:
Քաղաքապետարանի կազմակերպած համերգին յարձակման ենթարկուեցաւ «Ժառանգաւորաց» երգչախումբը, որ քաղաքի քրիստոնեաներու միակ ներկայացուցիչն էր այդ ծրագրին շրջագծով:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ Ամերիկայի հրէական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Արտակ Զաքարեան. «Հայաստան եւ Իսրայէլ յառաջիկայ շրջանին պիտի ընդլայնեն իրենց համագործակցութիւնը զանազան բնագաւառներու մէջ»: