Արխիւ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի «Սերունդներու պատմական աւանդ» յատուկ հանդիսութիւնը՝ նոյնինքն համալսարանի հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Սեպտեմբեր 5, 2016 թուականին, վաղ առաւօտեան Ս. Էջմիածնէն կ՚ուղեւորուինք Արցախ աշխարհ, երկար տարիներու չիրականացուած երազը առաջին անգամ կեանքի կոչելով: Թէ ինչո՞ւ այսքան ուշացում դէպի Արցախ ուխտագնացութիւնը իրականացնելու համար այդ խորքին մէջ ինձ համար յստակ չէ: Երեւի Աստուծոյ նախախնամութիւնը այս էր:
Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին թիրախը դարձաւ Սեւակ Խաչատրեան (1997)։
«Լեհավա» ցեղամոլ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ ծայրայեղական արարք:
Քաղաքապետարանի կազմակերպած համերգին յարձակման ենթարկուեցաւ «Ժառանգաւորաց» երգչախումբը, որ քաղաքի քրիստոնեաներու միակ ներկայացուցիչն էր այդ ծրագրին շրջագծով:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանի վերամուտը դիմաւորուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Վարժարանի պարտէզին մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Նորոգ վախճանեալ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան հանդիսապետեց յուզումնախառն արարողութեան:
Երէկ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Քոքա-Քոլա հելլէնիկ պաթլինկ քամփընի Արմենիա»ի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որու՝ «Քոքա-Քոլա»ի շիշերու վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային բարձր արժէք ներկայացնող յուշարձաններ: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն շրջագծով։ Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ Նալպանտեանի խօսքին կորիզը կազմեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
Սեւան Նշանեան մետայլով մը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Կալաթասարայի «Ճեզաիր»համալիրին մէջ պարգեւը յանձնուեցաւ յայտնի մտաւորականի փաստաբանին՝ Էրկին Ճինմենին:
Կղզիներու Մշակութային միութեան հրատարակութիւններուն շրջագծով ներկայիս լոյս տեսած է Լիժի Փուլճու-Չիզմէճեանի գիրքը, որ կը կոչուի «Մեծ կղզիի մէջ կորսուած ժամանակներ» (Büyükada'da Kayıp Zamanlar)։ Հեղինակը այս գիրքին մէջ կը ցոլացնէ 1931 թուականէն մինչեւ այսօր կղզիի միջավայրը, յայտնի ընտանիքները, եզակի միջավայրները, դպրոցներն ու շուկան, պանդոկներն ու սրճարանները։ Այս բոլորը ան կը ներկայացնէ հաղորդական ոճով մը։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց Էջմիածնի եւ Երեւանի ծննդատուները՝ իր հայրապետական օրհնութիւնները բերելով նորածիններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի տարեդարձին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետին ուղեկցեցաւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան։
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամենամեծ աղմուկը բարձրացաւ, երբ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի թաղման, 1993 թուականի Ապրիլին: Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ ընդհանուր դրական մթնոլորտ մը կար: Ու հակառակ անոր, որ ՀՅԴ կտրականապէս դէմ էր այդ մօտեցումին, երկրի այդ օրերու բոլոր արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումներ կ՚ունենային իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին Սուրբ Խաչը կը տօնէ բազմաթիւ առիթներով։ Ինչպէս աւելի առաջ յիշուեցաւ՝ «Խաչվերաց», «Գիւտ Խաչ», «Երեւման Խաչ» եւ «Վարագայ Խաչ», որոնք ունին իրենց պատմական հիմերը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէ խումբ մը հոգեւորականներ։ Հիւր եկեղեցականներու խումբը կը գլխաւորէր Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Վիրվոլ Վարդապետ։
«Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» շրջանառութեան մէջ դրած է երկու նամականիշ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս ամէն տարի շուրջ 200 հազար թերթ փաստաթուղթ կը թուայնացուի։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց՝ թէ մօտաւոր հաշուարկներով 350 միլիոն փաստաթուղթ ի պահ դրուած է իրենց մօտ։
«Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ Միջին Արեւելքի հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութիւնը հանդիսացող եւ 7 միլիոն տոլարի ֆոնտ ունեցող «Երախտագիտութեան կրթաթոշակ» ստացած տասն ուսանողներ՝ Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն Սեպտեմբերին պիտի սկսին իրենց ուսման՝ Աշխարհի միացեալ գոլէճներ (United World Colleges) ցանցի դպրոցներուն մէջ:
15 Յուլիսի ձախող պետական հարուածին զուգահեռ ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով ձերբակալուեցաւ յայտնի մտաւորական մը՝ Փրոֆ. Մեհմէտ Ալթան։ Հարկ է նշել, որ աւելի քան տասն օրէ ի վեր Մեհմէտ Ալթան եւ իր եղբայրը՝ լրագրող-հրապարակագիր Ահմէտ Ալթան կը հարցաքննուէին։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ տեւեց 1 ժամ 45 վայրկեան։