Արխիւ
Փութին շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարպայեւին՝ Անգարա-Մոսկուա տագնապի յաղթահարման բերած կարեւոր նպաստին համար:
Մոսկուա երէկ առաջին անգամ Իրանի տարածքի «Համետան» ռազմախարիսխին վրայով ռմբակոծումներ կատարեց Սուրիոյ թիրախներուն դէմ:
ՃՀՓ-ական երկու երեսփոխաններ՝ Փոխ-կուսակցապետ Զէյնէպ Ալթըօք (Իզմիր) եւ Սելինա Տողան (Իսթանպուլ) նամակ մը գրեցին Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղին։ Այդ առթիւ անոնք ուշադրութիւն հրաւիրեցին երկրէն ներս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ատելութեան արձանագրած վերելքին վրայ եւ կոչ ուղղեցին զգայնութեան համար։
Ռիոյի Ողիմպիականներուն շրջագծով հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ պատմական արդիւնք:
Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Քսան տարի վերջ առաջին անգամ Հայաստանի ներկայացուցիչը յայտնուեցաւ պատուանդանի բարձրագոյն սանդխակին վրայ: Կիւմրիի մէջ ուշ գիշերին տօնական մթնոլորտով հրավառութիւն
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորութեան ընթացքին կ՚այցելէ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը։
«Բոլորը հրաւիրեցի այստեղ, որովհետեւ կը ցանկամ, որ բոլորը գան Հայաստան եւ Արցախ, ծանօթանան մեր մշակոյթին: Իսկ արտերկրի մէջ շատ լաւ ժամանակ անցուցի, նոր ընկերներու հետ ծանօթացայ, նոր ապրումներ ունեցայ: Վստահ եմ դեռ երկար կը յիշեմ այնտեղ անցուցած իւրաքանչիւր պահը», նշած է փոքրիկն Միքայէլ Գրիգորեան՝ Միշա:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Սրտառուչ երգեր շատ կան նայած առիթներու. ինծի համար անոնցմէ մէկն է «Վերջին Զանգը»... ոչ անոր համար, որ ապրած եմ այդ պահը, այլ ընդհակառակը: Ուրեմն հասկնալի է. անկատար իղձ մը կը կապէ զիս կարօտով, սակայն ջերմանալով անոնցմով, որոնք ոչ միայն այդ պահը ապրած են, այլ շարունակած են մագլցիլ վեր, մինչեւ դոկտորական...։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածամօր տօնը, սիրելի՜ բարեկամներ, ամբողջ աշխարհի կանանց տօնն է։ Արդարեւ, կիներ, որոնք իրենց իրաւունքը կորսնցուցած էին դարեր առաջ եւ զանազան նեղութիւններու կ՚ենթարկուէին ու կը չարչարուէին այս կամ այն անիրաւութեան եւ անարդարութեան պատճառով եւ որոնք հաւասար չէին նկատուեր այր-մարդուն, որպէս՝ մա՛րդ, կիներ, որոնք իրաւազրկուած ու հալածական՝ կը տառապէին, քանի որ վիրաւորուած էր իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը։
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սթեֆան Տէ Միսթուրա անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամի վերջին իրադարձութիւններուն:
Դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կատարուած նշանակումներուն վերաբերեալ որոշմնագիրը հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Ծանօթ է, որ Օգոստոսի 24-ին Թուրքիա պիտի այցելէ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն։
Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդարանի, «Հայարտուն» կեդրոնի եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ Թիֆլիզի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է հայկական ազգային կարեկրատեսակի՝ տոլմայի փառատօն-մրցումը: Ըստ «Արմէնփրէ-ս»ի, այս մասին տեղեկացուցած է Վիրահայոց Թեմը՝ աւելցնելով. «Լաւ աւանդութիւն դարձած է Վրաստանի ազգային միւս արժէքներուն հետ միասին ներկայացնել նաեւ հայկական խոհանոցը իր բազմազանութեամբ, որ հայոց բազմադարեան մշակոյթի անբաժան մասն է:
«Հայաստանը ունի շատ հարուստ ու երկնային մշակութային ժառանգութիւն», այս խօսքերով՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան մասին իր պատմութեան կը սկսի Միացեալ Նահանգներու Smithsonian հաստատութեան միջազգային կապերու բաժնի ղեկավար Մոլլի Ֆաննոն:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով երէկ չորս հոգի եւս ձերբակալուեցաւ։
Պրազիլի մայրաքաղաքը՝ Պրազիլիայի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ հայկական դեսպանատան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Պրազիլի Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ժոզէ Սերա, Պրազիլի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ պրազիլահայ համայնքի ներկայացուցիչներ
Հալէպի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ծանր մարտերուն ընթացքին անհետացած էր հայ զինուոր մը, որուն անունը մինչեւ վերջերս չէր յստակացած։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ տեղւոյն հայութեան մատնուած վիճակին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցող հայկական աղբիւրները որոշ չափով հակասական տուեալներ կը փոխանցէին կամ լռութիւն պահել կը նախընտրէին այս նիւթին շուրջ։
Տիարպաքըրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Ճանապարհային ոստիկանութեան հակակշռման շրջանային կեդրոնը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան թիրախը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարտէզի պատերու արտաքին երեսին վրայ շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ գրի առնուեցան ցեղապաշտ լոզունգներ:
Երեսփոխան Մարգար Էսաեան եւ Անվտանգութեան տնօրէնները շարժման անցան անմիջապէս:
Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով դէպքը խստիւ պախարակեց յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն:
Թոփգաբուի ընտանիքը խանդավառութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի տաղաւարը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի առթիւ պատարագեց Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
«Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական գործերէն մին:
Շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան մը սղագրութիւնը՝ չափազանց մատչելի եւ հրապուրիչ ներկայացմամբ:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին, միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Մեմպիչ քաղաքը վերջերս ազատագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։