Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։
Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. շաբաթավերջին այցելեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ յարակից Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ օրակարգին թիւ մէկ նիւթը։ Ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի բացայայտման գործընթացը, ձախող պետական հարուածի լայնածաւալ հետաքննութիւնը քանի մը շաբաթէ ի վեր կը գտնուին հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը միութիւններ կամ ընկերութիւններ անմիջականօրէն կը համապատասխանեն մարդուն բնութեան։
Այս հաւաքականութիւններու կամ միութիւններու մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ «ընտանիք»ը։
ԳԱՅԵԱՆԷ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ-ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Երաժշտութիւնը կ՚ոգեշնչէ ամբողջ աշխարհը, թեւեր կու տայ հոգիին, իսկ երեւակայութեան՝ թռիչք: Ան կարելի է անուանել՝ վսեմի եւ գեղեցիկի մարմնաւորում:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ամէն տարիք իր վարդն ունի, ըսենք. թէեւ երբեմն անոր փուշերը ա՛յնքան հատու կրնան ըլլալ... փշատենի կոչուելու չափ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր դարձեալ գիրքերուս հետ էի: Կը փորձէի փոշիները մաքրել, ապա՝ կարգով կրկին անգամ շարել: Հաճելի զբաղում: Վերյիշումներու առիթ: Ինքնածին, միաժամանակ մեծ ցանկութիւն մը ունէի վերապրելու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ բոլոր տեսակի նորարարութիւններու խճանկարին եւ քաոսին մէջ շատ ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կ՚աճին ու կը տարածուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնց լաւ եւ տեղին օգտագործումը բնականաբար մեր յարատեւ պայքարին նոր եւ ազդու թափ կու տայ:
2018 թուականին Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաքը՝ Փիոնկ Շանկի մէջ տեղի ունենալիք ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն խորհրդանիշն է ճերմակ վագրը, կը տեղեկացնէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջը:
Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած լայնածաւալ հետաքննութեան շրջագծով արտասահման դուրս գալու արգելք սահմանուեցաւ լրագրող-հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատի համար։
Հալէպի շուրջ կը շարունակուին ծանր մարտեր. խոր ու մտահոգիչ անորոշութիւն:
Քաղաքը հինգ օրէ ի վեր զրկուած է ջուրէ, հոսանքէ եւ համացանցէ, խզուած է նաեւ Դամասկոսի հետ կապը:
Վլատիմիր Փութին-Հասան Ռուհանի-Իլհամ Ալիեւ ժամադրութիւն Պաքուի մէջ:
«Մոսկուա չի փորձեր պատրաստի որոշումներ պարտադրել կողմերուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ, շուրջ հինգ միլիոն հոգիի մասնակցութեամբ պատմական հանրահաւաք՝ Ենիգաբուի հրապարակին վրայ:
Պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտին գագաթնային դրսեւորումը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։
«Մանկական նոր ալիք-2016» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Միքայէլ Գրիգորեան՝ 8-ամեայ Միշան: Ան ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր ուժերը պիտի փորձէ մրցոյթի եզրափակիչ փուլերուն մէջ՝ Օգոստոս 11-13-ին Խրիմի «Արթեկ» կեդրոնին մէջ:
Էրտողան-Փութին հանդիպման լոյսին տակ կ՚ակնկալուին տարածքաշրջանային վերադասաւորումներ:
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը ինչպէ՞ս կրնայ անդրադառնալ Հայաստանի վրայ:
Տ. Տիրայր Քհնյ. Գըլըճեան՝ Ս. Պօղոս-Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ
«Պէտք է ըսել, որ դպրոցի հայերէն դասաժամերը քիչ են ու բարոյագիտական դասընթացքները կը խլուին անոնցմէ»
Արցախի մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Երեւան տարազֆէստ 2016» փառատօնին ծիրէն ներս՝ ուշ երեկոյեան ներկայացուած են ձեւաւորողներ Լիլիթ Մելիքեանի, Արամ Նիկոլեանի ու Վահան Խաչատրեանի տարազային եւ մանրանկարչութեան բաղադրիչ պարունակող հագուստներու հաւաքածոներու անհատական ցուցադրութիւնները, որոնք ուղեկցուած են «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» երաժշտական խումբի կենդանի կատարումներով:
Ժընեւի մերձակայ Պիւպլանժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է դասական երաժշտութեան միջազգային փառատօն մը, որու ծիրէն ներս, իբրեւ պատուոյ հիւր, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի Ազգային քամերային նուագախումբը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մտերիմ խօսակցութիւններ»ը մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի 1937-ական թուականներուն, «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքին վերտառութիւնն է, ուր «Հօր մը իր զաւկին հետ» մտերիմ խօսակցութիւնները կը ներկայացուի։ Այս շարքէն է ահաւասիկ 25 Սեպտեմբեր 1937-ին հրատարակուած յօդուածը: