Արխիւ
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման արշաւը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Մխիթարեանցիները երէկ այցելեցին այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած վերջին երեք վարժարանները։
Նշանթաշըի «Իտիլ» գեղարուեստասրահը կազմակերպած է ցուցահանդէս մը՝ ողջունելու համար Նոր տարին։ 45 արուեստագէտ կը մասնակցի այս խառն ցուցահանդէսին, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն։ Գեղարուեստասէրները համախմբուեցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ՝ 2017 թուականին համար դրական սպասումներով, մանաւանդ խաղաղութեան ակնկալութեամբ։
Երէկ, Գարակէօզեան մանկարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը, որու ընթացքին փոքրիկները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։ «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստանոցի աշխատանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իրաքահայ պատմական ու պատուական համայնքի վառ ներկայացուցիչներէն մին կը փոխանցէ վկայութիւններ, յուշեր ու մեծ յիշողութեան մը հետքերը:
Պատմագէտ Սեդա Օհանեանի հեղինակած «Իրաքի հայ համայնքը 20-րդ դարուն» գիրքը անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ընկերոջ մը հետ խօսակցութեան պահուն, ուրիշ ընկեր մը մօտենալով խօսակիցիս ըսաւ. «Մի՛ խօսիր ասոր հետ, մի՛ խօսիր, ի՛նք յոռետես է, քեզ ալ կը վարակէ»: Երբեմն վիճակը կամ գալիք դրութինը անորոշ կ՚ըլլայ ու անոր ժխտական կողմին եթէ նայիս, յոռետես կ՚ըլլաս. Իսկ դրական կողմին՝ լաւատես. կայ, սակայն, ամբողջութիւնը ընկալելու տեսանկիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վախ»ը այն զգացումն է՝ որ ահ ու սարսափ, զարհուրանք կը պատճառէ մարդուս, եւ այս կերպով կը վատթարացնէ մարդուս ընդհանուր տրամադրութիւնը, ազդելով հոգիին վրայ՝ կը փոխէ կեանքին ընթացքը։ Վախը անխուսափելի է մարդկային կեանքին մէջ, այլապէս անիկա, կերպով մը ազդանշան մըն է՝ որ ենթական կը զգուշացնէ հաւանական վտանգ եւ վնասներու դէմ։ Այս իմաստով չափաւոր վախը բնական «ապահովագրութիւն» մըն է, որ մարդս կ՚ազդարարէ ապագայ վտանգներու նկատմամբ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքի Ամանորի խրախճանքը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Ժիրայր Տաղտեւիրէնէլ եւ Կարպիս Փոլատ, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէ՛ս, երբեմն խօսքեր կան՝ որ ամբողջ գաղափար մը կը յայտնեն, եւ ուղեցոյց կ՚ըլլան մարդկութեան։ Խօսքեր կան՝ որոնց մասին գիրքերով ուսումնասիրութիւններ կ՚արժէ կատարել։ Ուրեմն կը շարունակենք պատմական-մշտանորոգ խօսքերէ նմոյշներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա իրմէ կախեալ ամէն ինչ կ՚ընէ՝ որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը չդադրի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ան ըսաւ. «Ռուսաստան կը զբաղի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան յայտարարեց, որ 2017 թուականը պիտի ըլլայ մշակոյթով լեցուն տարի մը եւ սա այն մշակոյթն է, որ պիտի ջերմացնէ հոգիներն ու սրտերը։
Շաբաթավերջին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած օդանաւի արկածին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Կարմիր բանակի երգչախումբը փոխադրող ռուսական օդանաւ մը շաբաթավերջին անկում ունեցած էր Սոչիի մօտակայքին եւ ինկած՝ Սեւ ծովու մէջ։
Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլը նախագահական ապարանքին մէջ կը հիւրընկալեն բազմաթիւ փոքրիկներ:
Խրախճանքները կ՚անցնին ոգեւոր մթնոլորտով, հտպիտներու ծրագրերով ու մանաւանդ Կաղանդ պապուկի ժամանումով:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութեան հասան՝ որպէսզի կէս գիշերին հրադադար հաստատուի Սուրիոյ մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ միջազգային համախոհութեան զօրքերը կը պաշտպանեն ԻՇԻՊ-ը:
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման ծրագիրը այս տարի եւս կեանքի կը կոչուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ այս շարժման կամաւորները երէկ այցելեցին՝ սոյն ծրագրին մէջ ներառնուած վեց վարժարաններէն երեքը։
Այս տարեվերջին մեր համայնքը ունեցաւ շատ ցաւալի կորուստ մը։ Ոչ եւս է երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Վարդան Մելիքեան։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ, չարթննալով գիշերուան քունէն։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ձմրան դասընթացքներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան Ամանորի խրախճանքներ։ Այսպէս, թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցան խրախճանքները։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։


