Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի անմահանուն արժէքներու պանթէոնին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի բնագէտ ու բժիշկ, մատենագիր եւ բառարանագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որուն վախճանման 519-րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք 8 Դեկտեմբերին։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ս. Ծննդեան տօնավաճառներու մշակոյթը ներկայացնող կայքէջը Երեւանը այս տարի ընդգրկած է եւրոպական քսաներեք մայրաքաղաքներու մէջ:
Նախաձեռնող Փիէռ Պաղտատեան, որ հեղինակն է Հիւսիսային պողոտային վրայ զետեղուած տնակ-տաղաւարներուն, հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պիղատոս հարցուց.- Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 38)։ Իրապէս խորհրդաւոր հարցում մըն է սա, քանի որ ընդհանրապէս կարելի չէ՛ յստակ պատասխան մը գտնել այդ հարցումին, թէ՝ ի՛նչ է ճշմարտութիւնը։ Չափազանցած կ՚ըլլա՞նք, երբ ըսենք, թէ ամէն մարդ ունի իր ճշմարտութեան ըմբռնումը։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բռնցքամարտի գերմիջին ծանրութեան WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ան ըսաւ.
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը երէկ ի վերջոյ հաստատեց այն մեղադրականը, որ նախապէս երկու անգամ վերադարձուած էր։ Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ պատրաստուած այս ամբաստանագիրը կը վերաբերի հանրային պաշտօնեաներու ունեցած դերակատարութեան
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ 2015 թուականի տարուան անձը հռչակուեցաւ TIME ամերիկեան նշանաւոր հանդէսի խմբագրութեան կողմէ։ Արդէն թեկնածուներու բաւական կարճ ցուցակ մը կազմուած էր այս տարուան համար եւ արդիւնքին 61-ամեայ Անկելա Մերքէլ նուաճեց այդ կոչումը։
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը։ Ոչ եւս է ակադեմիկոս Գէորգ Բրուտեան, որ մահացաւ 89 տարեկան հասակին։ Ան փիլիսոփայական գիտութիւններու հեղինակաւոր մասնագէտ մըն էր։
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը հասնի խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու:
Հայկական զօրքերը կը զսպեն յարձակումները:
Կարէն Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ճէյմս Ուորլիքի հետ:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ, որուն հրաւէրով կայացաւ այս այցելութիւնը։
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքին ոդիսականը այս օրերուն առաջնահերթ ձեւով կը զբաղեցնէ հայկական հանրային կարծիքին օրակարգը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ վրայով լաստանաւով մը Յունաստան հասնիլ կը փորձէին Թէքէեան ընտանիքին անդամները։
Մեսուտ Պարզանի. «Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը չի փափաքիր հարեւան դառնալ ԻՇԻՊ-ի հետ»։
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելեն Պաղտատ։
Միջազգային յառաջատար դերակատարները խտացեալ ձեւով շփում կը պահեն Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր ընկերները։ Գումգաբու այցելութեան ընթացքին թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Սարըյէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչի տանտիրութեամբ ընթրիք մը՝ Թարապիոյ մէջ:
Հրաւիրեալներու շարքին էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, թէ կեդրոնական վարչութեան բոլոր անդամները այս օրերուն մէկտեղուած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ յաւելեալ եռանդ մը կու տայ իրենց բոլորին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հպարտութեամբ կարելի է խոստովանիլ, թէ խստապահանջ նիւեորքահայ հանդիսատեսին կարելի եղաւ հրամցնել հայկական դասական մեր իրա՛ւ երաժշտութիւնը: Յայտագիրը նուիրուած էր Հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարեդարձին: Դասական երաժշտութեան կարեւոր անուններ այդ երեկոյ՝ Շաբաթ, Նոյեմբերի 21-ին,
Արմէն Ճիկարխանեանի թատերախումբը երէկ հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
«Սրճարան «Կեանքը վարդագոյն լոյսի ներքեւ»» խաղը արժանացաւ ջերմ հետաքրքրութեան:
Կարսի Մշակոյթի եւ արուեստի միութեան նախագահ Վետաթ Աքչայէօզ յայտնեց, որ Անիի աւերակներուն մօտակայ Ալէմ գիւղի շրջակայքին յայտնաբերուած են ժայռապատկերներ, որոնց հաստատման համար դիմած են՝ տեղւոյն թանգարանի տնօրէնութեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ տարածուած Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի վերջին յայտարարութիւնը այսօր արձագանգ գտած է «Սապահ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքէն խումբ մը անհատներ վերջերս դատական մարմիններուն մօտ դիմում ներկայացուցած էին՝ որպէսզի Տիրամայր Մարի Մութաֆեան խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար, որ շուրջ ինն տարիէ ի վեր հիւանդ ըլլալով ի զօրու չէ կատարել իր պաշտօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ՝ կիրքերը ազդեցութիւն կը գործեն մարդուս առողջութեան վրայ։ Երբ կ՚ընդունինք կիրքերու ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ, ապա ուրեմն ի՞նչ է «կիրք»ը։ Ամենապարզ բացատրութեամբ՝ կիրքը հոգիին զօրեղ շարժողութիւնն է։ Եւ երբ որեւէ տպաւորութիւն, մարդուս մէջ սաստիկ կերպով կ՚արթնցնէ համապատասխան զգացմունքներ՝ որոնք մտքի ընթացքը յանկարծակի կերպով կը փոխեն, այդ ժամանակ նկատելի կ՚ըլլայ՝ «հոգեկան յուզում», այսինքն՝ կի՛րք. (Կիրք=emotion, affect)։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
(Կը նուիրեմ սիրելի աշակերտներուս՝ Սօսին, Արտեոմին, Ժիրայրին ու Վահրամին, որոնք երկրաշարժի ահաւոր աղէտէն ետք Մելգոնեան բերուեցան ուսում ստանալու)
Այսօր համայն հայաշխարհը կ՚ոգեկոչէ Սպիտակի ու Լենինական (Կիւմրի)ի երկրաշարժի 27-րդ տարելիցը։