Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անթիլիասի կողմէ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին վերաբերեալ մեր խորհրդածութիւններուն շարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Սիսի երբեմնի Մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակին ուղղեալ այս դատական նախաձեռնութեան շրջագծով, դժբախտաբար, առաջին իսկ օրէն կարելի չէ եղած համագործակցութեան եւ զօրակցութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորել Անթիլիասի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կրկնուած եւ շեշտուած է, թէ՝ երկրի մը մէջ հանրապետական դրութիւնը ապահով եւ տեւական մնալու համար, անհրաժե՛շտ է, որ ժողովուրդին անհատներուն մէջ մտքի զարգացում մշակուի, որպէսզի անոնք կարող ըլլան իրենց ազատութիւնը ուղղամտութեամբ եւ խոհականութեամբ գործածելու։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին դատավարութեան շրջագծով պատրաստուած երկու թղթածրարները միացուեցան։ Իսթանպուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանը որոշեց Իսթանպուլի 5-րդ ծանր պատժական ատեանին կողմէ յառաջ տարուած դատը միացնել բուն դատավարութեան։ Դատակազմը որոշեց ընկալել այդ ամբաս
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցում մը հասցէագրեց Ազգային կրթութեան նախարար Նապի Աւճըի։ Ան այս առթիւ հարց տուաւ, թէ հակառակ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) վճիռներուն, ինչո՞ւ տակաւին կրօնի մշակոյթն ու բարոյագիտութիւնը դպրոցներէ ներս կը դասաւանդուին որպէս պարտադիր առարկայ։
Տիարպաքըրի մէջ երէկ ապրուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որու հետեւանքով նահատակուեցաւ երեք անվտանգութեան պաշտօնեայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տիարպաքըր-Սիլվան ճանապարհին վրայ զրահապատ ոստիկանական մեքենայ մը թիրախը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ զետեղուած ռումբին։
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքի ողբերգական ճակատագիրը ներկայիս խոր յուզում կը պատճառէ համայն հայութեան։ Ծանօթ է, որ Թէքէեանները փորձած էին հասնիլ Յունաստան եւ Եգէականի մէջ ընկղմած էր իրենց լաստանաւը։
Մոսկուայի մէջ երէկ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ղեկավարութեանց միջեւ։ Օրուան սկիզբին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ծաւալեցին երկարատեւ քննարկումներ։
Արցախի ճակատին վրայ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ հայ եւ ազէրի կողմերը վերջին օրերուն կը տրամադրեն իրերամերժ տուեալներ։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ հարուածներ հասցուած են հայկական դիրքերուն վրայ։
ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը փութաց խրախուսելու Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի անձնակազմը:
Ռուս եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ այսօր բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճօ Պայտընի հետ:
Եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման ուղղեալ ջանքեր:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ դեսպանները անդրադարձան տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերուն:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուած Հայկական համացանցային համալսարանը (www.avc-agbu.org) վերջին տարիներու կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին կը համարուի՝ թէ՛ հայկական մշակոյթն ու արժէքները միջազգային մակարդակի վրայ ծանօթացնելու եւ թէ հայկական ինքնութեան պահպանման խնդիրներու յաղթահարման նպաստելու տեսանկիւնէն։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Միջմիութենական նարտի մրցաշարքի աւարտական ու եզրափակիչ փուլի պարգեւատրման հանդիսութիւնը։ Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին այս տարի 19-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։
«Փարոս» ամսագրի առընթեր գործող հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է Անիի աւերակներուն վերաբերեալ հետաքրքրական գիրք մը։ 1910 թուականին, հոգելոյս Տ. Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեանի կողմէ հեղինակուած «Նկարագրութիւն Անիի աւերակներուն» գործին թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մեծարանքին արժանացած տոհմ է արեւմտահայ Օտեան ընտանիքը, որուն արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Օտեանի (1834-1887) ծննդեան 181-րդ տարեդարձն է Դեկտեմբերի 9-ը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մոսկուայի ամենանշանաւոր ճաշարաններէն մին՝ «Gayane’s» իր այցելուներուն կը մատուցէ շատ բարձր որակով սպասարկութիւն բոլոր առումներով:
Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան յաջողած է բազմազգ միջավայրի մը մէջ արձանագրել անանտեսելի նուաճում:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
«Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծական թատրոնի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թուրք եւ հայ երաժիշտներու համատեղ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Սիպիլ: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Անթիլիասի աղբիւրները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին շուրջ մատուցած են հետաքրքրական տուեալներ։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին առընչութեամբ կազմակերպուած է այս ասուլիսը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աղանդ», «հերձուած» եւ «հերետիկոսութիւն»՝ այս երեքը շարժումներ են, որոնք ուղղափառ դաւանանքէ շեղած վարդապետութիւն կը մշակեն, ոչ-ուղղափառ տարբեր ուսուցումով վարդապետութիւն կը քարոզեն։ Թէեւ երեքն ալ «շեղում» են ուղղափառ վարդապետութենէ եւ դաւանանքէ, բայց իւրաքանչիւրին բնոյթը տարբեր է՝ թէ՛ ծագման, թէ՛ զարգացման եւ թէ տարածման տեսակէտէ։
Չինաստանի Տալիան քաղաքի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ կայացաւ բացումը Չինաստանի մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնին, որ հնարաւոր եղաւ իրականացնել Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի եւ Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի համագործակցութեան արդիւնքով: Այս մասին յայտնեց Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Աւանդական բաժակի օրը երէկ սանուց միութեան երդիքին տակ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները:
Յոբելեար դասարանի ընթացաւարտները զիրար վերագտան աշակերտական տարիներու բարձր տրամադրութեամբ եւ դպրոցին նկատմամբ երախտագիտութեամբ: